Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ԱԿԱՄԱՅ  ԸՆԴՄԻՋՈՒՄԷ ԵՏՔ՝ ՀԲԸՄ- ՀԵԸ, ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ  200 ՎԱՐՉԱԿԱՆՆԵՐՈՒ   ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԳՈՒՄԱՐԵՑ  ՏԱՐԵԿԱՆ  ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՎԱՐՉԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ

December 6, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
ԱԿԱՄԱՅ  ԸՆԴՄԻՋՈՒՄԷ ԵՏՔ՝ ՀԲԸՄ- ՀԵԸ, ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ  200 ՎԱՐՉԱԿԱՆՆԵՐՈՒ   ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԳՈՒՄԱՐԵՑ  ՏԱՐԵԿԱՆ  ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՎԱՐՉԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ

 

Երկու  տարուան ակամայ   ընդմիջումէ ետք, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի  մեծ ընտանիքը,   ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ, Կիրակի,  5  Դեկտեմբեր 2021-ի առաւօտեան,  ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան  կեդրոնին մէջ  գումարեց  տարեկան  ընդհանուր վարչական   ժողովը:

Ի ներկայութիւն,  ՀԲԸՄ-ի  Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի  ներկայացուցիչներու,  ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու,   ՀԵԸ-ի   38 վարչութիւններ ներկայացնող աւելի   քան   երկու  հարիւր վարչականներու,   Լիբանանի,  Հայաստանի,  ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի  քայլերգներուն  յոտնկայս  ունկնդրութենէն  ետք,   ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան բարի  գալուստ   մաղթելով բացուած  յայտարարեց    տարեկան  ընդհանուր վարչական  ժողովը եւ   ներկաները  հրաւիրեց  մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու  վերջին  երկու տարիներուն  ընթացքին առ յաւէտ բաժնուած  միութենականներուն յիշատակը:

Բացման խօսքին մէջ  ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան յատուկ  շնորհակալութիւն  յայտնեց  ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի անդամներուն, յատկապէս՝ ատենապետ  տիար Ժերար Թիւֆէնքճեանին, որ  մնայուն կերպով նիւթապէս եւ բարոյապէս սատար կը կենայ ՀԵԸ-ի  գործունէութիւններուն: Ան   նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց տիար Երջօ  Սամուէլեանին, որ    նիւթապէս  կը  քաջալերէ     ՀԵԸ-ի   աշխատանքները:  Վիգէն Չերչեան  շնորհակալութեան խօսք  յղեց  ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներուն,  ՀԵԸ-ի կառոյցներու վարչական  կազմերուն,  ՀԵԸ-ի  գրասենեակի պաշտօնէութեան,  ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան  կեդրոնի  եւ  ՀԲԸՄ-ի  Նազարեան- Մովսէսեան  կեդրոնի վարչութիւններուն, որոնք  հակառակ Լիբանանի  տնտեսական, ընկերային  ծանր պայմաններուն,  «քորոնա» ժահրին հետեւանքով   յայտարարուած   ստիպողական  վիճակին, յաջողած  են  վառ  պահել    միութենական գործունէութիւնը:

ՀԵԸ-ի ատենապետը  նշեց, թէ բնականոն կեանքը վերջին ամիսներուն աստիճանաբար  վերադարձած ըլլալով,   ՀԵԸ-ի կազմերը   մեծ նուաճումներ արձանագրած են  պասքեթպոլի,  ֆութպոլի,  մինի ֆութպոլի,  ճատրակ, թենիսի, թեքուանտոյի  եւ  փինկ փոնկի մարզերուն  մէջ:  Ան նաեւ   դիտել տուաւ, որ   2022-ը  յոբելենական  տարի պիտի դառնայ   ՀԵԸ-ի   համար: Հանդիսաւորապէս պիտի նշուին  ՀԵԸ-ի հիմնադրութեան  90-ամեակը,  ՀԵԸ-ի սկաուտական  շարժումի  հիմնադրութեան  85, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի՝ 50,   ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի՝  60-ամեակները:

Վիգէն Չերչեան յատուկ  շնորհակալութիւն յայտնեց   Նազարեան   ընտանիքին, որուն իշխանական նուիրատուութեամբ՝  Նազարեան շէնքի երկու յարկեր  վերանորոգուած են գերարդիական պայմաններով եւ տրամադրուած  ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական  շարժումին:

ՀԵԸ-ի  մամլոյ եւ  տեղեկատուական գրասենեակի  տնօրէն  Ահարոն Շխրտըմեան ընթերցեց   2019  թուականի   տարեկան վարչական ժողովին ատենագրութիւնը:

ՀԲԸՄ-ի   Լիբանանի վարիչ տնօրէնուհի   Արին  Ղազարեան  ընթերցեց   ՀԲԸՄ-ի  Լիբանանի  Շրջանակային  Յանձնաժողովի  ատենապետ  տիար Ժերար Թիւֆէնքճեանի սրտի խօսքը:

Վարչութիւնները  հերթաբար   ներկայացուցին անցնող երկու տարիներու իրենց  գործունէութեան  տեղեկագիրը:  Ելոյթներուն  զուգահեռ  մեծ պաստառի վրայ  ցուցադրուեցաւ  անոնց գործունէութիւնը խտացնող  տեսաերիզները:  Վարչութիւնները  միաժամանակ ներկայացուցին յառաջիկայ տարուան   իրենց   ծրագիրները:

Մարզական շարժումին մէջ արձանագրած  յաջողութիւններուն  առիթով,  ՀԵԸ-ի  Կեդրոնական Վարչութիւնը պարգեւատրեց  Թոնի Ճունթոյեանը՝  պասքեթպոլ,  Սահակ Պիտինեանը՝  փինկ փոնկ,  Վահէ Հաքիմեանը՝ ֆութպոլ:

Զեկոյցներու աւարտին,  ՀԵԸ-ի ատենապետը  շեշտեց, որ  Կեդրոնական  Վարչութիւնը նիւթապէս եւ բարոյապէս  պիտի   սատարէ   մասնաճիւղերուն  գործունէութիւնը:

Տարեկան   ընդհանուր վարչական   ժողովը  աւարտեցաւ  ՀԵԸ-ի ատենապետին   հաւաքական   ճիգերով աշխատանքը շարունակելու պատգամով:

Ժողովականները սրահէն դուրս գալէ առաջ յիշատակի խմբանկարով մը յաւերժացուցին տարեկան ընդհանուր  վարչական  ժողովը:

ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ  ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

Previous Post

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Յայտարարութիւն Տարածած Են

Next Post

Ճանապարհը հարթ ու սահուն չէ. Էդուարդ Աղաջանյանը՝ փոխվարչապետերի եռակողմ խմբի աշխատանքների մասին

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.