Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Մայիսի խորհրդարանական ընտրութիւններէն անցած է եօթը ամիս, եւ տակաւին նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի չկրցաւ կազմել կառավարութիւնը:
Ամէն օր, ամէն շաբաթ նոր թուականով մը, պատահական հանդիպումի մը առիթով նոր յոյսով մը, քաղաքական յայտարարութեամբ մը կամ արտաքին ճակատի վրայ Լիբանանէն դուրս դէմքի մը նորագոյն կեցուածքով կ՛օրօրուի լիբանանցի քաղաքացին, սպասելով այսօր, վաղը, գալ շաբաթ, տօնը, տօները, որպէսզի ի վերջոյ կազմուի այդքան սպասուած «փրկիչ» կառավարութիւնը եւ քաղաքացին վերագտնէ իր «հանգիստը», իսկ Լիբանանը` իր «բնականոն կեանքը»:
Օրէ օր կը սաստկանայ քաղաքացիին դժգոհութիւնը:
Անհանգստութիւնը:
Անհաւատութիւնը:
Լիբանանի հանդէպ անվստահութիւնը:
Քաղաքական ուժերու հանդէպ վերապահութիւնը:
Քաղաքական դէմքերու յայտարարութիւններու նկատմամբ կրաւորականութիւնը, չըսելու համար «նողկանքը»:
Իր զաւկին կրթաթոշակը վճարելու անկարող քաղաքացին չէ հետաքրքրուած այլեւս ոեւէ նախարարի պաշտօնով կամ անձով:
Իր օրապահիկը չշահող եւ երեկոյեան ձեռքը պարապ տուն վերադարձող քաղաքացին չ՛ուզեր լսել այլեւս քաղաքական ուժերու համապատասխան ներկայացուցչութեան մասին:
Ջուրի, ելեկտրականութեան, կրկնակի հաշուեցոյց վճարող, փտածութեան վերացման կարգախօսին քօղին տակ ամէն օր նոր աւերներու ականատես քաղաքացին չի կրնար այլեւս հաւատալ խոստացուած հրաշքներու:
Օտար դեսպանատուներու առջեւ շարք բռնող երիտասարդութիւնը այլեւս չ՛ուզեր լսել մէկ երրորդի խաղին մասին:
Տնտեսական սուր եւ քանդող տագնապը մինչեւ իր ոսկորները զգացող քաղաքացին ո՛չ հետաքրքրուած է քաղաքականութեամբ, ո՛չ շրջանային հարցերով, ո՛չ քարիւղով եւ բնական կազով, ո՛չ ալ մեծ ծրագիրով:
Իր հացը, գործը, դպրոցը առաջնահերթ է այսօր:
Վերջ պէտք է տալ քաշքշուքին:
Վերջ պէտք է տալ կատակերգութեան:
Ժամ առաջ, առանց յաւելեալ խոստումներու պէտք է կազմուի կառավարութիւնը:
Կարելի չէ օրօրել ժողովուրդը:
Կազմեցէ՛ք կառավարութիւնը:
Ապա խօսեցէք ծրագիրներու մասին:
Այս է ժողովուրդին պահանջը:
Եւ ամէն բանէ առաջ ու ամէն բանէ վեր`
Ժողովուրդն է կարեւորը: