ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Լիբանանեան ճգնաժամը կառավարութեան կազմութեամբ լուծուած տեսնելու պարզամտութիւնը չի կրնար համոզել ոեւէ մէկը: Կայ սակայն քաղաքական գործընթացի տեսանելի բեմագրութիւն մը, որ մէկ քայլ առջեւ-երկու քայլ ետեւ տեղապտոյտի շարժում կը ստեղծէ:
Սղաճէն բխող ծանր հետեւանքներ:
Սնունդի խոր տագնապ, միաժամանակ օժանդակութիւններու տրամադրում` ամբողջովին սովամահ չդարձնելու համար աղքատացած խաւը:
Վառելանիւթի հերթերու ցրուում` անոր գինի աստիճանական ազատականացումով: Այլ խօսքով` ոչ այնքան մը, որ ամբողջովին սառի երթեւեկը:
Դեղորայքի չգոյութիւն, որոշ դեղատեսակներու գիներու կտրուկ մագլցում, միաժամանակ քրոնիկ հիւանդութիւններու դեղերու նախկին գիներով սպասարկում, կամ` առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ թէկուզ ուշացումով տրամադրում:
Պետական ելեկտրականութեան ամբողջական անջատում, միաժամանակ բանակին կողմէ վառելանիւթի պահեստէն տրամադրում` ամբողջական հոսանքազրկումի չերթալու:
Ազգային դրամանիշի արժեզրկում, աշխատավարձերու փոշիացում, միաժամանակ պաշտօնեաներու պարգեւավճարներու յատկացում եւ մանաւանդ արտաքին օժանդակութիւն:
Այս օրինակներուն շարքը կարելի է երկարել: Կը թուի, որ հասարակութիւնը ոտքի պահելու ծրագիր մը կը գործէ տարբեր ուղղութիւններով: Ժամանակի թիրախը` խորհրդարանական ընտրութիւններն են:
Այն տպաւորութիւնը ստեղծուած է, որ ընտրական եղանակը բացուած է արդէն եւ յայտարարութիւններ, կանխատեսումներ եւ լրատուական հաղորդումներ նիւթը կը շօշափեն ուղղակի եւ հետզհետէ թափով:
Խորհրդարանական ընտրութիւնները միայն ներլիբանանեան օրակարգ չեն. արտաքին պահանջ են եւ միջազգային ընտանիքի առաջադրանք նոյնիսկ:
Հիմա անցանք արդէն արտաքին-միջազգային հարթութիւն` այնտեղ նկատելու համար ուղերձներ, ուղղակի յայտարարութիւններ եւ գործնական քայլերու միտող նախադրեալներ: Պարզ է, որ կառավարութեան կազմութիւնը ունէր արտաքին համաձայնութիւն: Ձեւաչափը աւանդական է, եւ որքան ալ անկուսակցական նախարարներէ բաղկացած ըլլայ կառավարութիւնը, անիկա ունի համաձայնութիւնը համայնքային-կուսակցական համալիբանանեան դրուածքին: Կառավարութեան հիմնական գործառոյթը ընտրութիւններ կազմակերպելն է: Մինչեւ այդ ընտրութիւններու կազմակերպումը բարեկարգումներ իրականացնելն է: Ժամկէտները նեղ են, եւ կառավարութիւնը պէտք է վազէ քառասմբակ:
Միջազգային ընտանիքին համաձայնութեամբ իրանեան վառելանիւթը հասաւ եւ դեռ պիտի հասնի Լիբանան: Իրանեան վառելանիւթը չի լուծեր այս մարզին վերաբերող ընդհանուր տագնապը, բայց կը կատարէ թթուածինի գործողութեան դերը: Այս պարագային, ուշագրաւը արտօնութիւնն է: Հիմա Թեհրանը կը խոստանայ շարունակել ո՛չ միայն վառելանիւթի, այլ նաեւ տարբեր կենսանիւթերու առումով օժանդակութիւններ, պայմանով սակայն, որ համագործակցութիւնը ըլլայ կառավարութեան մակարդակով: Լիբանանի ֆինանսական պաշարումը թուլցնելու յայտարարութեամբ Իրան կը ճեղքէ նաեւ իր դէմ կիրարկուող պատժամիջոցային օղակը: Կը հետեւին այս բոլորին ամերիկեան յայտարարութիւնները` պատժամիջոցներու կարեւոր բաժինի վերացման գծով:
Պէյրութը աշխարհաքաղաքական օրակարգերու քննարկման ընդհանուր թղթածրարին մէջ նկատելի բաժին է արդէն: Իրանի արտաքին գործոց նախարարի այցելութիւնը Պէյրութ կը յաջորդէր անոր Մոսկուա կատարած գործուղման: Հիմա ճիշդ նոյն ճամբով Պէյրութ կու գայ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին օգնականը: Վերը արձանագրուած հաստատումները կը հիմնաւորեն պաշտօնական լրահոսի այն բաժինները, որոնք կը պարզաբանեն ամերիկացի դիւանագէտին այցելութեան նպատակը: Նախարարին օգնականը Պէյրութ կը ժամանէ քաղաքացիական շարժումներու ներկայացուցիչներուն եւ լիբանանեան իշխանութիւններուն հետ քննարկելու համար բարեկարգումներու գործադրութիւնն ու յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւնները:
Պէտք չէ վրիպի ուշադրութենէ, որ լրահոսը քննարկումի իբրեւ կողմեր նախ կը ներկայացնէ քաղաքացիական շարժումներու ներկայացուցիչները, ապա գործող իշխանութիւնը: Տրուող առաջնահերթութիւնը քաղաքականութիւն կը նախանշէ:
Ֆինանսական պաշարում, ճգնաժամ, հետեւաբար` դժգոհ զանգուած: Դժգոհութեան ալիքի բարձրացում խորհրդարանական ընտրութիւններու նախաշեմին: Լիբանանեան թղթածրարի շուրջ իրանաամերիկեան առեւտուր: Բացուող պատուհաններ` շնչահեղձ չդարձնելու համար փակուած տարածքներու վրայ ապրող ժողովուրդը, որ պէտք է վերածուի քուէի, միջոցի տարածաշրջանային-աշխարհաքաղաքական օրակարգերու լուծման համար:
Բարեկարգումը հրամայական է անշուշտ. բայց ոչ միջոց` արտալիբանանեան ծրագիրներու գործադրման: