ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Լիբանանի Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը կառավարական տարբեր ոլորտներու գերատեսչութիւններուն հետ հանդիպելով ինքզինք զգալի կը դարձնէ ժողովուրդի բողոքի գործողութիւններուն ներկայացուցչութիւնը վերստանձնելու առաջադրանքով:
Մինչ այժմ մակերեսային անցում կ՛երեւի փողոցի գործողութիւնները հովանաւորելու առումով: Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը որոշ ժամանակէ ի վեր իր տեղը զիջած էր քաղաքացիական տարբեր շարժումներուն եւ զանոնք ուղղորդել փորձող ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն:
Յատկապէս վերջին օրերուն կատարուած հանդիպումները` ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան թէ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան ներկայացուցչութիւններով աւանդական հասկացողութեան վերադարձի նախադրեալներ պարզեցին:
Նման հանդիպումներուն նախորդած բողոքի զանգուածային ցոյցերու կոչերը եւս աւանդական այդ կառոյցներէն սկսած էին հնչել:
Մինչ այդ զգալի է նաեւ այլ միտում մը: Քաղաքացիական շարժումներու ակներեւ դէմքերը, ցոյցերու կազմակերպման մէջ դերակատար եղած քաղաքացիական գործիչները, աշխուժօրէն կը մասնակցին տարբեր սենտիքայական ընտրութիւններու` դուռ բանալով այն մտածումին, որ անոնք պաշտօնական աւանդական կառոյցներուն մէջ ներգրաւուելով պիտի յաջողին ազդել սենտիքաներու գործունէութեան ուղղորդման եւ մանաւանդ զանգուածային ցոյցերու առաջնորդման ընթացքին վրայ:
Սենտիքաներու բացակայութեան, քաղաքացիական անհնազանդութեան նախորդ շարժումները պաշտօնապէս չունէին ներկայացուցչութիւն, որ լիազօրուած էր ներկայացնելու բոլորին պահանջները, ցուցակագրուած, մշակուած եւ բանակցելու կառավարութիւնը ներկայացնողներուն հետ: Պահանջը բոլորին հեռացումն էր: Իրականանալի ծրագիրները` պարագայական, ոչ մշակուած: Չկային բանակցութիւններ բնականաբար:
Մինչ սենտիքաներն ու Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը կը բանակցին, ի պահանջել հարկին կ՛առկախեն կամ կը յետաձգեն զանգուածային ցոյցերը: Յաճախ կ՛ընդառաջեն կառավարական մարմիններուն:
Համադաշնակցութիւնը ընդհանրապէս աւանդական հասկացողութեամբ կը պաշտպանէ աշխատաւորին իրաւունքը, կը ճշդէ աշխատանքի ժամերը, աշխատավարձերը, թոշակի, հիւանդանոցի, դեղորայքի եւ պաշտօնեայ խաւին համար պետութեան ապահովելիք զանազան ծառայութիւնները:
Միշտ ալ աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ քաղաքականացուած են սենտիքայական շարժումները: Ընդդիմութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնած է կառավարութեան քաղաքականութեան դէմ բողոքի գործողութիւններու դիմած աշխատաւորական համադաշնակցութիւններուն: Եւ սկսած է շարժումին քաղաքականացումը:
Աշխատաւորական համադաշնակցութիւնը կրնայ անդամալուծել ամբողջ երկիրը: Պահանջել կառավարութեան կազմութիւն: Բարենորոգումներու ծրագիրի որդեգրում: Վարչակառավարման դրութեան արդիականացում: Պարագայականութիւնը չի լուծեր խնդիրը: Ո՛չ վառելանիւթի, ոչ պետական քննութիւններու ջնջումի, ո՛չ ալ դեղորայքի կամ հիւանդանոցային հատուցումներու հետ կապուած են յամեցող թնճուկները: Անոնց առանձին լուծումներու պահանջը չի կրնար փոխել ընդհանուր կացութիւնը: Համալիր համակարգի հաստատման հրամայականի մասին է խօսքը:
Բնական է, որ տարածաշրջանի գլխաւոր դերակատարներու համաձայնութիւններէն կախեալութիւնը կը շարունակուի, եւ լիբանանեան գործընթացները սերտօրէն այդ բոլորին առնչուած կը մնան:
Հիմա նկատուածը աւանդական հասկացողութեան վերադարձի նախադրեալներն են. թէկուզ նոր շարժումներու դերակատարներու դասական կառոյցներու ներառման փորձերով: