Լիբանանի տարածքին` հիւսիսէն հարաւ, անցնելով Լեռնալիբանանէն, շուրջ հարիւր տարբեր վայրերու մէջ բնակլիմայական պատճառներով բռնկած հրդեհները բնական աղէտի ընդհանուր իրավիճակ ստեղծեցին:
Ամառավերջին աշխարհը տարբեր ցամաքամասերու մէջ ականատես կ՛ըլլայ նման հրդեհներու, որոնք աղէտալի հետեւանքներ կ՛ունենան ո՛չ միայն կենսոլորտային, այլ նաեւ զուտ մարդկային վնասներու առումով:
Լիբանանը նման տարողութեամբ բնական աղէտ չէր դիմագրաւած: Ջերմաստիճանին ուղեկցած տաք հովերը արագօրէն տեղափոխեցին հրդեհները` համատարած բնոյթ տալով բռնկումներուն:
Պետական համապատասխան մարմիններու, Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն որդեգրած միջոցառումները ստեղծուած իրավիճակին համարժէք չէին: Անձրեւն էր փաստօրէն, որ յանգեցուց համատարած հրդեհը: Բնակլիմայական պայմանները լուծեցին բնակլիմայական պատճառներով յառաջացած աղէտալի վիճակը:
Նման տարողութեամբ տագնապ դիմագրաւած չըլլալը չէր արդարացներ անզօրութեան մթնոլորտի ստեղծումը: Հակահրդեհային համակարգը ոչ լիարժէք սարքերով եւ յատկապէս հրշէջ օդանաւերու անպատրաստ վիճակով զրկուած էր իր առջեւ դրուած բարդ խնդիրը լուծելու կամ առաջադրանքը կատարելու կարելիութենէն:
Հակահրդեհային օդանաւերու անգործունեայ վիճակին մատնուած ըլլալը ունի պատասխանատուութեան բաժին: Նման սարքեր անընդհատ կը ստուգուին, կը վերստուգուին եւ առաջադրանք կատարելու պատրաստ վիճակի մէջ կ՛ըլլան մնայուն դրութիւններու կիրարկումով` նման անակնկալներ ո՛չ միայն կանաչապատ տարածքներ, այլ նաեւ մարդկային կեանքեր փրկելու նախանձախնդրութեամբ:
Առաւել եւս պատրաստի վիճակի բարձր աստիճանաչափերը կ՛ապահովուին ամրան, ամառավերջին եւ օդերեւութաբանական կանխատեսումներով տաք հովերու ալիքի մակընթացութեան ժամանակներուն:
Այս բոլորը պետական ծառայութիւններու եւ յատկապէս Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու տարրական գործառոյթներուն մաս կազմող բաժիններ են, որոնք, մեքենաբար կը կիրարկուին, անկախ այն իրողութենէն, որ հրդեհ կամ հրդեհներու շարք յառաջանան:
Հակաերկրաշարժային, հակաողողումնային, հակակարկուտային, հակասահանքային, եւ հակահրդեհային դրութիւնները բնական աղէտներու առումով քաղաքացիական պաշտպանութեան դասական գործողութիւններու բաժանմունքներ են, որոնք գործ ունին քաղաքացիներուն կեանքերը փրկելու սկզբունքին հետ:
Այն ինչ որ պարզուեցաւ նախորդ օրերուն, քաղաքացիական արժէքի նկատմամբ պետութեան ընկալած մօտեցումներուն հետ սերտօրէն աղերս ունի եւ իր հերթին կը բացատրէ նաեւ պետական ամբողջ համակարգին անտարբերութիւնն ու անկարողութիւնը` քաղաքացիներու կենսական խնդիրներուն լուծման առումով:
Աննկատ կարելի չէ անցնիլ իւրաքանչիւր ձախաւերութեան դիմաց հետզհետէ աճող քաղաքացիական ընդվզումներու իւրաքանչիւր դրսեւորումին վրայէն: Ֆինանսատնտեսականէն մինչեւ վարչակառավարական եւ այժմ նաեւ քաղաքացիական պաշտպանութեան ոլորտները կարծէք կ՛ականահարուին` համատարած համոզում ստեղծելով աւազախրող պետական նաւու մը մասին:
Եւ ինչպէս որեւէ խնդիր, այս տագնապն ու անոր դիմաց առնուած միջոցառումներու ոչ համարժէքութիւնը շատ արագ կը քաղաքականանայ. որոշ կազմակերպութիւններ եւ գործիչներ վարկանիշ շահելու մղումէն յայտարարութիւններ կը կատարեն, մինչ մեղադրանքներ կը հնչեն քաղաքական դիրքորոշումներու հիման վրայ վարչակարգին թէ պետական այս կամ այն գործիչին հասցէին:
Մինչ լիբանանեան ո՛չ միայն այգեստանները կ՛այրին. կ՛այրին նաեւ քաղաքական ու պետական այգեստաններ, հրշէջ գործողութիւններու բացակայութեամբ կամ աւելի ճիշդը` անզօր նայուածքներուն առջեւ:
Քաղաքացիական պաշտպանութեան համակարգին հետ ամբողջ պետութիւնը տարբեր ոլորտներու ճգնաժամներ դիմագրաւելու պատրաստ վիճակի բերելու անյետաձգելի օրակարգին առջեւ կանգնած է ամբողջ երկիրը: Հակահրդեհային արդիական համակարգեր պէտք են այս երկրին ո՛չ միայն մարելու բռնկածները, այլ նաեւ կանխարգիլելու նոր բնակլիմայական թէ քաղաքական բնոյթի հրդեհները: