ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ-Հայկական տեղեկատուական ռազմավարութիւնը` քաղաքական, թիրախային եւ հանրային կարծիքի ձեւաւորման առումներով, որոշ արդիւնքներու յանգած է արդէն:
Պատերազմի սանձազերձման առաջին վայրկեաններէն արդէն զգալի էր հրամայականը տեղեկատուական առումով կեդրոնանալու Պաքուի նախայարձակ ըլլալու հանգամանքին վրայ: Հիմնական նշանակութիւն ունեցող այս հանգամանքին վրայ լուսարձակներ կեդրոնացնելը ո՛չ միայն պատերազմի այս փուլին կը վերաբերէր, այլ ամբողջ հակամարտութեան էութեան հետ խոր առնչութիւն ունէր: Արցախի հայութեան դէմ գոյութենական սպառնալիքի հերթական արարն է, որ կը փորձէ իրականացնել Պաքուն: Հայկական կողմը կը կանխարգիլէ իր դէմ ծրագրուած ցեղասպանական գործողութիւնները:
Նախայարձակ ըլլալու հանգամանքը ազրպէյճանական ինքնախոստովանանքներ ունի: Երկու շաբաթէ ի վեր Ազրպէյճանի նախագահը կը խօսի բանակցային գործընթացի սպառած ըլլալուն եւ ուղղակի` խնդիրը ռազմական միջոցով լուծելու մասին: Այս առումով շատ են տուեալները, որոնք կը ներկայացուին ազրպէյճանական նախայարձակողականութիւնը փաստելու առումով:
Ազրպէյճանական ուժերու կողմէ բնակավայրերու դէմ հրթիռակոծումները եւ քաղաքացիական անձերու զոհուիլը շատ արագ բարձրաձայնուեցան թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպաններուն կողմէ: Աւելի՛ն, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը ընթացք տուած է հայկական կողմի դիմումին` փաստահաւաք ներկայացնելու քաղաքացիներու դէմ կիրարկուած զինուորական գործողութիւններու մասին: Այս գործընթացները կը զուգակցուին միջազգային լրատուական լայն հնչեղութեամբ:
Ամէնէն կարեւոր բաղադրիչը սակայն Թուրքիոյ ներգրաւուածութեան մասին միջազգային մամուլի աննախադէպ տարողութեամբ արձագանգն է: Հայկական գերատեսչութիւններու եւ առհասարակ լրատուամիջոցներու այս մասին կատարուող բարձրաձայնումները ունին քաղաքական նպաստաւոր ենթահող: Տաւուշեան դէպքերէն սկսեալ Անգարայի սպառնալիքներու առաստաղի բարձրացումը, թրքական վերահսկողութեան տակ գտնուող սուրիական տարածքներէ ահաբեկիչ տարրերու տեղափոխումը Ազրպէյճան, թրքական զինական արհեստագիտութեան տրամադրումը, մէկ ազգ երկու պետութիւն բանաձեւի ռազմական գործնական դրսեւորումները, թրքական օդուժի մասնակցութիւնը եւ այդ բոլորի ընթացքին թուրք սպայակոյտի խօսակցութիւններու արձանագրութիւնները հայկական կողմէն կը ներկայացուին միջազգային կարծիքին:
Այս բոլոր տուեալները պարզ են ու համոզիչ: Թրքական ներգրաւուածութեան դատապարտանքի միջազգայնացումը սակայն ունի աշխարհաքաղաքական ենթահող: Պաշտօնական յայտարարութիւնները ընդհանուր համապատկերին մէջ անհեթեթ հաւասարեցումի, հակամարտող կողմերուն նոյն կոչը յղելու դասական մօտեցումներով առկայ է: Եւ այստեղ եւս պէտք է նկատել ինչպէս Մոսկուայի, այնպէս նաեւ Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու երրորդ կողմին ուղղուած զգուշացումները: Իսկ այս երեքը արդէն մտաբերել կու տան միջնորդական ձեւաչափը: Տեղեկատուական դաշտը, ի տարբերութիւն պաշտօնական պետականին, շատ աւելի կը բարձրաձայնէ, կը վերլուծէ եւ կը մեկնաբանէ Անգարայի դերակատարութիւնը, մասնակցութիւնը եւ խաղի կանոններ փոխելու մտադրութիւնը: Հակաթուրք տրամադրութիւններու աշխարհագրութիւնը ընդարձակուած է Միջին Արեւելքէն մինչեւ հիւսիսային Ափրիկէ, Եւրոպայէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ: Համատարած այս աշխարհագրութեան քաղաքական մօտեցումներուն արտացոլացումը միջազգային մամուլին մէջ պարզ է: Այնպէս է, որ հայկական կողմի կասեցումը թրքական յառաջխաղացքին կ՛առաջադրեն Անգարայի դէմ զինուորական, քաղաքական եւ տեղեկատուական առումով կռիւ մղող թէ՛ միջինարեւելեան, թէ՛ ափրիկեան եւ թէ՛ որոշ առումներով ամերիկեան կողմերը:
Երրորդ զգայուն բաղադրիչը Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկչութեան տարհանման գործողութիւններն են: Այս հանգամանքը եւս, որքան ալ որ անոր սուր հնչեղութիւն տալու փորձ կը կատարէ հայկական կողմը, նման արձագանգում չէր ունենար միջազգային մամուլին մէջ, եթէ չըլլային Անգարային հակադրուած կողմերու քաղաքական դիրքորոշումները: Թուրքիա միջազգային մամուլի ամէնէն հեղինակաւոր ներկայացուցիչներուն կողմէ ահաբեկչութեան սատարող, ահաբեկչութիւնը հովանաւորող եւ ահաբեկիչները պատանդուած վիճակի մէջ պահող երկիր է, որ նման պարագաներու կ՛օգտագործէ: Հսկայական են նաեւ այն նիւթերը, որոնք կը խօսին ահաբեկիչներու ինքնախոստովանանքներու մասին:
Տեղեկատուական անվտանգութեան առումով սադրիչ գործողութիւններ ու փորձ կատարեց թուրքեւազրպէյճանական միացեալ գործիքակազմը` քանդելով պետական եւ ոչ պետական լրատու գործակալութիւններուն կայքերը: Կայքերու վերականգնումի աշխատանքները շատ արագ ընթացան: Այժմ անխափան կը շարունակեն գործել հայկական պաշտօնական եւ լրատուական կայքերը: Որոշ ժամանակահատուածի համար չգործարկուեցան Ազրպէյճանի յատկապէս պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններու պաշտօնական կայքերը: Կայքահէններու պատերազմը պիտի շարունակուի անշուշտ:
Թուրքեւազրպէյճանական միացեալ տեղեկատուական քարոզչամեքենան կարճաժամկէտ կտրուածքով որոշ խնդիրներ կը փորձէ լուծել: Ընդհանուր առումով հայկական առաւելները տեսանելի են այս գետնի վրայ: Միջազգային լրատուադաշտը ուղղակի թէ անուղղակի կը խօսի Ազրպէյճանի թրքական գաղութայնացման, շահարկուելուն եւ այս բոլորին ետին` թրքական գործօնի նկրտումներուն մասին: