ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Նոյեմբեր 9-ի նախօրեակին ծրագրուած ձեւով շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ լրատուութիւն` Մոսկուա-Երեւան-Պաքու եռակողմ հանդիպման մասին: Ապա պաշտօնապէս խօսուեցաւ հանդիպման հեռակայ առցանց ձեւաչափին մասին: Փաստօրէն ո՛չ ֆիզիքական ներկայութեամբ, ո՛չ ալ առցանց հեռակայ հանդիպումը կայացաւ: Տեղի ունեցան Սիւնիքի դէպքերը, աւելի ճիշդ` ազրպէյճանական յարձակումը Սիւնիքի վրայ: Իրադրութիւնները կը յուշէին ռազմաքաղաքական բեմագրութեան մը մասին:
Այնուհետեւ յայտարարուեցաւ Պրիւքսելի մէջ 15 դեկտեմբերին Երեւան-Պաքու երկկողմանի հանդիպման մասին` եւրոպական կողմին նախաձեռնութեամբ: Հանդիպումը նախատեսուած է Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան պարունակին մէջ: Հանդիպման մասին պաշտօնապէս յայտարարած էր Եւրոպական խորհուրդի նախագահը, որ երկու կողմէն ստացած է դրական ազդակներ հանդիպումը կայացնելու:
Մինչեւ հոս մեկնաբանութիւնը անմիջապէս կ՛երթայ այն ուղղութեամբ, որ փորձ կը կատարուի ռուսական միջնորդութիւնը փոխարինել եւրոպականով:
Մոսկուայի արձագանգը չուշացաւ. մինչեւ Պրիւքսել մեկնիլը Հայաստանի վարչապետն ու Ազրպէյճանի նախագահը Սոչի կը հրաւիրուին` հանդիպելու համար Ռուսիոյ դաշնութեան նախագահին հետ: Չի բացառուիր, որ Սոչիի մէջ Երեւան-Պաքու հանդիպումը նախորդէ Պրիւքսելի հանդիպման:
Մոսկուա-Սոչի-Պրիւքսել այս ուղեւորութիւններուն ճշդման ընթացքին սակայն Սիւնիքի բախումներու լոյսին տակ Մոսկուան կը յայտարարէր, որ լարուածութիւնը երկու կողմերուն միջեւ կը շարունակուի, եւ առ այդ` կը պահանջուի ռուսական դիւանագիտութեան եւ ռազմական ներկայութեան յաւելեալ ներգրաւումը:
Կարեւոր է նաեւ յիշել, որ Ուաշինկթընը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ մեծ ջանք ի գործ դրած է յաջողցնելու համար Պրիւքսելի մէջ հանդիպելու համաձայնութիւնը:
ԵԱՀԿ-ի համանախագահական ձեւաչափի վերագործարկման մասին կը յուշեն այս իրադրութիւնները: Սիւնիքի դէպքերը հաւանաբար օգնեցին, որ Մոսկուան իր յաւելեալ ներգրաւուածութեան մասին բարձրաձայնէ եւ ճամբայ հարթէ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին զօրքեր տեղակայելու ծրագիրին: Այս շրջագիծին մէջ սակայն Մոսկուայի եռակողմ հանդիպման տապալումը դուռ բացաւ, որ անմիջապէս գործի լծուին Ուաշինկթընն ու Պրիւքսելը, գուցէ համակարգուած ձեւով: Միջնորդելու մրցապայքարը կը թեւակոխէր նոր փուլ:
Հազիւ թէ նկատենք այս բոլորին մէջ Անգարայի բացակայութիւնը, յանկարծ կը կարդանք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի մամլոյ բանբերին յայտարարութիւնը, որ Երեւանը դիմած է Մոսկուային միջնորդելու հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման նպատակով: Ըստ անոր, Հայաստանի շատ մը գործընկերներ, անոնց շարքին` Ռուսիան պատրաստակամութիւն յայտնած են միջնորդելու հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ, եւ հայկական կողմը դիմած է Մոսկուային:
Շատ պարզ է ըսուածը: Յայտնաբար դիմող գործընկերներուն անպայման ներառուած են Ուաշինկթընն ու Պրիւքսելը: Երեւանը հասկնալիօրէն իր նախապատուութիւնը տուած է Մոսկուային` միջնորդելու կարգաւորման հարցով: Աւելորդ չէ յիշելը, որ ցիւրիխեան արձանագրութիւններու նախօրէին միջնորդը պաշտօնապէս Զուիցերիան էր, սակայն գործընթացին աշխուժօրէն ներգրաւուած էին Մոսկուայի կողքին Ուաշինկթընը, Փարիզն ու Պրիւքսելը:
Եւ եթէ արցախեան հակամարտութեան եւ հիմա այլեւս Հայաստան- Ազրպէյճան սահմանային խնդիրներուն միջնորդութիւն կը կատարեն Պրիւքսելն ու Ուաշինկթընը, կ՛ենթադրուի, որ ցիւրիխեան հովանաւորներու խումբը կը վերադառնայ նաեւ Երեւան- Անգարա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթաց սկսելու:
Միջնորդական մրցապայքարի տեսքով ըստ էութեան տարածաշրջանին մէջ ներկայութիւն հաստատելու աշխարհաքաղաքական ուժերու պարանաձգութիւնն է, որ կ՛իրականանայ:
Թուրքեւազրպէյճանական աճապարանքը սահմանազատման, սահմանագծման եւ տարածքներու փոխճանաչումի, անպայման առաջադրուած ժամանակներուն մէջ չ՛իրականանար: Իսկ Մոսկուայի համար պարզ է, որ միջնորդելու եզակիութիւնը պիտի բախի սուր մրցապայքարի: Մոսկուա, Պրիւքսել (ուաշինկթընեան յայտարարութիւններով), միջանկեալ Սոչի` միջնորդական մրցապայքարի բնորոշ փուլեր են: