ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը, երեք անգամ խուսափելէ ետք իրեն ուղղուած հարցումին, թէ` «Թուրքիան թշնամի՞ է մեր պետութեան համար» պատասխանելէ՝ յայտարարեց, որ որոշ շտկումներ պէտք է ներառել այս հարցով մեր մօտեցումներուն մէջ: Այդ շտկումներու անհրաժեշտութիւնը քարտուղարը կը կապէր տարածաշրջանի ապաշրջափակման ընդառաջ պաշտօնական Անգարայէն հնչած յայտարարութիւններուն` հռետորաբանութեան մէջ որոշակի փոփոխութիւններ նկատելով:
Իրողական գետնի վրայ սակայն ի՞նչ փոխուած էր, որ Թուրքիոյ նկատմամբ մեր բանաձեւած կարգավիճակին մէջ մօտեցումներու շտկումներ ներառելու անհրաժեշտութիւնը կը զգար Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը:
Խնդիրը սերտօրէն կ՛առնչուի նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան 9-րդ կէտին, որ կը բանաձեւէ Հայաստանի վրայով Թուրքիան Ազրպէյճանին միացնելու միջանցքին: Ապաշրջափակման գործողութիւններու սկսելէ առաջ բնականաբար անկախ իրաւատնտեսական դաշտը նախապատրաստելէ, կան բազում խնդիրներ, որոնք թշնամական կարգավիճակ կ՛ապահովեն ապաշրջափակուող երկու պետութիւններուն առումով: Այդ խնդիրները բանաձեւուած են նոյնինքն այս իշխանութիւններուն կողմէ անցեալ տարի որդեգրուած եւ հրապարակուած Ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան փաստաթուղթին մէջ: Անոր ուղղակի Թուրքիոյ վերաբերող կէտերը հետեւեալներն են.
2.9 Հայաստանի հանդէպ Թուրքիան վարում է ոչ բարիդրացիական քաղաքականութիւն` շարունակելով Հայաստանի շրջափակումը, հրաժարուելով հաստատել դիւանագիտական յարաբերութիւններ առանց նախապայմանների, ժխտելով, իսկ առանձին դէպքերում նաեւ արդարացնելով Հայոց ցեղասպանութիւնը:
2.10 Միաժամանակ, Թուրքիայի ռազմաքաղաքական աջակցութիւնն Ազրպէյճանին աւելի է ուժեղացնում Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը ռազմական ճանապարհով լուծելու Ազրպէյճանի յաւակնութիւնները: Յատկապէս խնդրայարոյց է Ազրպէյճանի կողմից ռազմական գործողութիւնների նախաձեռնման դէպքում Թուրքիայի քողարկուած կամ բացայայտ միջամտութեան պատրաստակամութիւնը:
2.11 Հարեւան երկրների եւ ժողովուրդների հանդէպ Թուրքիայի կողմից անօրինական ուժի կիրառումն իր հերթին վտանգում է աւելի լայն տարածաշրջանի կայունութիւնը եւ առաւել անկանխատեսելի է դարձնում նրա հնարաւոր գործողութիւնները Հայաստանի հանդէպ:
2.12 Թուրքիայում եւ Ազրպէյճանում ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան ոլորտներում տեղի ունեցող յետընթացը բացասաբար է անդրադառնում այս երկրների կողմից իրենց միջազգային պարտաւորութիւնների կատարման վրայ եւ մեծացնում այս երկրների անկանխատեսելիութիւնը Հայաստանի համար:
Այս կէտերը յաւելեալ այժմէականութիւն եւ հրատապութիւն ստացան, երբ Թուրքիոյ մղումով, ներշնչումով, քաջալերանքով եւ ներգրաւուածութեամբ Ազրպէյճանը պատերազմ սանձազերծեց Արցախի դէմ: Թուրքիոյ հովանաւորութեամբ ահաբեկիչներու տեղափոխումը արցախեան պատերազմական դաշտ, թրքական զինուժը, միացեալ ռազմափորձերու պատրուակով Ազրպէյճան հասած զինատեսակները, թրքական անօդաչու սարքերն ու Թուրքիոյ սպայակազմի մասնակցութիւնը որոշ շտկումներ պէտք է ապահովէին մեր մօտեցումներուն մէջ հակառակ ուղղութեամբ:
Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը առաջին հերթին ի՛նք շրջանցած է իր մասնակցութեամբ հաստատուած Ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան փաստաթուղթին մէջ ներառուած Թուրքիոյ վերաբերող կէտերը: