ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ -Կառավարութիւն կազմելու երկշաբաթեայ ժամկէտը սպառած է: Քաղաքական հորիզոնին վրայ չ՛երեւիր փրկութեան կառավարութիւնը: Յոռետեսական կանխատեսումներ մրցավազքի մէջ են գալիք ահաւորութեան մասին նախանշումներ կատարելու առումով:
Քաղաքական տրամաբանութեամբ եթէ ընդունինք, որ վերջին առիթի ընդգծումով, ֆրանսական նախաձեռնութեան գործընթացը քանի մը օրով յետաձգելով ճնշում կը բանեցուի համաձայնելու առաջադրուած կառավարական ձեւաչափին շուրջ, ապա իսկապէս անորոշ է, թէ նախաձեռնութեան ձախողութեան պարագային ի՛նչ իրավիճակ կը սպասէ այս երկրին:
Վարկած կայ, որ այս փուլը պէտք է կայանար, որմէ ետք քաոսային մթնոլորտի յառաջացման պատասխանատուութիւնը տարբեր կողմեր իրար վրայ բարդէին յաւելեալ լարուածութիւն ստեղծելով: Այդ լարուածութիւնը ինչի՞ կրնար յանգիլ հարցումը կը միանար վերահսկելի (գուցէ նաեւ անվերահսկելի քաոս) յառաջացնելու աշխարհաքաղաքական ծրագիրի իրականացման վարկածին:
Վերլուծաբանութիւնը կը հասնի հոն, որ բախումնային իրավիճակի ստեղծումը, իր հերթին պետականութեան կամ առնուազն վարչակարգի կազմաքանդումին առաջնորդելէ ետք կը մեկնարկէ երկրի բազմամիաւորացման («քանթոն»-ներու բաժանման) կամ քաղաքացիական պետութեան ձեւաւորման գործընթացներուն:
Ֆրանսական նախաձեռնութիւնը զուտ լիբանանեան տարողութիւն չունի. արեւելեան Միջերկրականի մէջ ֆրանսական ռազմանաւերու ներկայութիւնը, ծովուժային ռազմական նոր առանցքներու յայտարարութիւնները, թրքական հետախուզական ռազմանաւերու նահանջը ընդհանուր շրջագիծն է, որուն մէջ կը տեղադրուի նաեւ Պէյրութի ուղղութեամբ Փարիզի ստանձնած առաքելութիւնը:
Փարիզի քայլերը կը թուի, որ համաձայնեցուած են Ուաշինկթընի կողմէ: Այս բոլորին մէջ կայ անշուշտ Անգարայի յառաջխաղացքի կասեցման նպատակ: Պատահական չէ, որ իսրայէլեան պաշտօնական աղբիւրներ տարածաշրջանային թիւ մէկ վտանգ կը յայտարարեն Թուրքիան, փոխան` Իրանի:
Կազմուելիք կառավարութեան գէթ յայտարարուած գլխաւոր գործառոյթները կը վերաբերին տնտեսութեան վերականգնման: Տնտեսութեան վերականգնումը վարկերու տրամադրում կ՛ենթադրէ եւ այդպիսով նաեւ` երկրի ֆինանսական ապաշրջափակում: Վարկերու տրամադրելիութիւնը իբրեւ սկզբունք կը պայմանաւորուի ծրագիրներու ստանձնումով, պետական տիրոյթներու սեփականացման տեսքով: Այստեղ եւս ֆրանսական նախաձեռնութեան առաջին փուլի կայացումը կ՛արգելակէ թրքական ախորժակները` տնտեսական ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող պետական հաստատութիւններու վերանորոգման կամ վարչակառավարման համակարգերու ստանձնումի տեսակէտէն:
Այժմէականութիւնը` փրկութեան կառավարութեան հրամայականէն աւելի է: Նոր նշանակուած վարչապետի հրաժարականը ճգնաժամի նոր փակուղի կ՛առաջնորդէ երկիրը: Այդ մէկը չի նշանակեր անպայման ֆրանսական առաքելութեան աւարտ: Յամենայնդէպս` նոր ցնցումնային կացութիւններ:
Թէ՛ արաբական աշխարհին մէջ նոր քարտէսագծման իրադրութիւնները, թէ՛ ընդծովեայ պաշարներու օգտագործման համար առաջադրուած ծրագիրները, թէ՛ Անգարայի յաւակնոտ նպատակակէտերու չէզոքացման բացորոշ արգելակումները մտածել կու տան, որ այս փուլի չկայացումը չ՛ենթադրեր իր ճակատագրին հետ առանձին ձգել Լիբանանը: Շահագրգռուածութիւնները չեն աւարտիր այստեղ:
Ամբողջ խնդիրը այն է, որ յաւելեալ ճնշամիջոցներ կանխելու եւ երկիրը նոր ցնցումներէ խնայելու համար անհրաժեշտ է կառչած մնալ կառավարութիւնը անյապաղ կազմելու փրկօղակին:
Կազմե՛լ կառավարութիւն եւ անմիջապէս ձեռնարկել տնտեսութեան վերականգնման աշխատանքին: Չկորսնցնել վերջին առիթը: