Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ակնարկ. Պատժամիջոցները Կը Չէզոքացնեն Անգարայի Եւ Պաքուի Առաձգականութիւնը

November 7, 2018
in Newsletter, Յօդուածներ
0
Առաջին Հանրապետության 100-ամյակի առթիվ Անթիլիասում լայնամասշտաբ համաժողով է կազմակերպվելու

Շահան   Գանտահարեան

Պաքուի որոշումը` իրանեան քարիւղի ներմուծումը կասեցնելու, նախ եւ առաջ պէտք է դիտարկել Միացեալ Նահանգներու նախագահի անվտանգութեան հարցերով խորհրդականի` Կովկաս այցելութեան անմիջական հետեւանքներու շրջանակներուն մէջ:

Այս պարագային այլընտրանքային շուկան Ռուսիան է, ինչ որ նաեւ կը խթանէ երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական յարաբերութիւններու յաւելեալ խորացման միտումները:

Պաքուի արագ արձագանգումը համոզիչ կը դարձնէ, որ Պոլթընի այցելութիւնը տարածաշրջան իբրեւ անմիջական թիրախ ունէր Պաքուն` Իրանի մեկուսացման Ուաշինկթընի արտաքին քաղաքականութեան ընդհանուր շրջագիծին մէջ:

Պաքուն մէկ կողմէ կը բաւարարէ ամերիկեան պատժամիջոցային պահանջները, միւս կողմէ «Կազփրոմ»-ի ճամբով տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ դէպի Մոսկուա քայլի կը ձեռնարկէ:

Անգարայի դիրքորոշումը` ամերիկեան պատժամիջոցները ճիշդ չնկատելու, կը ներառէ շեշտի մեղմացում Ուաշինկթընի նկատմամբ Էրտողանի կատարած յայտարարութիւններու հռետորաբանութեան բարձր աստիճանաչափերուն: Անգարան այս պարագային եւս կը բաւարարուի ճիշդ չնկատելով Իրանի դէմ կիրարկուող տնտեսական մեկուսացման քաղաքականութիւնը, միւս կողմէ Ուաշինկթընի հետ չեղեալ կը նկատէ փոխադարձաբար երկու երկիրներուն միջեւ Պրանսըն-Կիւլեն տագնապին պատճառով ստեղծուած համապատասխան գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն դէմ կայացած արգելք-որոշումները:

Թէ՛ Անգարան եւ թէ՛ Պաքուն երկակի խաղեր կը խաղան Իրանի եւ Ռուսիոյ ուղղութեամբ եւ Ուաշինկթընի առած քայլերուն արագօրէն կ՛արձագանգեն:

Պաշտօնական Երեւանը խոհեմ պահուածք կը դրսեւորէ: Նկատի ունենալով հարցի խիստ կարեւորութիւնը մեր երկրին վրայ ձգելիք հետեւանքներու կշռադատումով, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը պարզեց, որ գերատեսչութիւնը հաղորդակցութեան մէջ է առնչուող բոլոր կողմերուն հետ եւ թէ` Իրանի հետ Հայաստանի Հանրապետութեան յարաբերութիւնները կենսական նշանակութիւն ունին: Աւելցնելով, որ իրականացման ընթացքի մէջ է Թեհրանի դէմ կիրարկուող պատժամիջոցներուն Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ հաւանական ազդեցութիւնները կանխատեսող փորձագիտական ուսումնասիրութիւն:

Այդ քննարկումները բնականաբար նկատի կ՛ունենան Իրանի ճամբով Հայաստան ներմուծուող թուրքմենական կազի, ջրելեկտրակայանի կամ քարիւղի վերամշակման համատեղ ծրագիրներու եւ ընդհանրապէս առեւտրական եւ ֆինանսական ոլորտներու բոլոր ուղղութիւնները:

Պատժամիջոցներու կիրարկման նոյն անմիջականութեամբ եւ հրատապութեամբ հարց չենք դիմագրաւեր մեր երկրին մէջ ըստ երեւոյթին:

Այս հանգամանքներն ու իրադարձութիւններու զարգացումները նկատի ունենալով, կարելի է մտածել, որ Իրանի դէմ Ուաշինկթընի սանձազերծած պատժամիջոցներով յատկանշուող տնտեսական մեկուսացման քաղաքականութիւնն ու սպառնական պահանջները առնչակից երկիրներուն միանալու ամէնէն շատ կը չէզոքացնեն Անգարայի եւ Պաքուի առաձգականութիւնը` դէպի Թեհրան-Ուաշինկթըն խուսանաւումներ կատարելու: Ճգնաժամային իրադրութիւններու խորացման պարագային այս ուղղութիւններով կը սպասուին խուսանաւաբեկումներ:

Previous Post

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Next Post

Կարէն Ղազարեանի Դէմ Քայլերը Միջազգային Իրաւունքի Խախտումներ Են

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.