ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ- Եւրոպական բաժնետոմսային պարտամուրհակի վճարման ժամկէտի սպառման նախօրեակին մտահոգութիւնները եւ յոռետեսական կանխատեսումները կը զարգանան` երկրի ու հասարակութեան առջեւ ծառացած ամէնէն ծանր իրավիճակին եւ անկէ բխած անորոշութեան մթնոլորտը թէժացնելով:
Առաջարկուած միջոցները մասնակի վճարման, նոր ժամանակացոյցի վերասահմանումին, դրամատուները վճարման գործընթացներուն մէջ ներառելու, չեն գտներ համալիբանանեան համախոհութիւն: Մինչ հարկային նոր քաղաքականութեան ճշդորոշման մասին եղած ընդգծումները նոր հարցականներ կը ստեղծեն աղքատութեան սահմանները վաղուց հատած քաղաքացիներու ստուար զանգուածին մօտ:
Թափանցիկութեան, մսխուած գումարներու պետական պիւտճէ վերադարձի հրամայականին, վարչակառավարման արդիական մեթոտներու որդեգրման եւ թալանի պատասխանատուները արդարադատութեան յանձնելու կոչերը, առաջարկներն ու պահանջները գործնական տեսք չեն ստանար եւ կը մնան բաղձանքի սահմաններուն մէջ` փոշիացուելու համոզում փոխանցելով:
Քաղաքական երեք օրակարգեր ընդհանուր գիծերու մէջ կը սաւառնին դիպաշարի հետեւողներուն, զանոնք մեկնաբանողներուն եւ լրատուական -վերլուծական գրականութեան մէջ:
Առաջին. իրանամէտ ուժի հեռացում, չէզոքացում երկրի պետական-քաղաքական կեանքէն:
Երկրորդ. պաղեստինցի գաղթականական կարգավիճակէն վերջնական բնակեցումի համապատասխան որոշումներ:
Երրորդ. ընդծովեայ ուժանիւթային աղբիւրներու օգտագործման ներլիբանանեան եւ միջազգային համաձայնութիւն եւ առնչակից երկիրներու հետ սահմանազատման վերջնականացում:
Երեքն ալ ներլիբանանեան համաձայնութեամբ չսահմանափակուող օրակարգեր են. թէեւ ներլիբանանեան համաձայնութիւնը անքակտելիօրէն փոխկապակցուած է միջազգային համաձայնութեան հետ, այս պարագային` բացասական ընկալումով: Արտալիբանանեան կեդրոններէն հեռակառավարումը կրնայ համաձայնեցնել կամ չհամաձայնեցնել օրակարգերը:
Քաղաքական այս օրակարգերու բանաձեւումը խորքին մէջ կը յուշէ, որ Լիբանանի ֆինանսական աննախընթաց տագնապը կամ տնտեսական պաշարումը ըստ էութեան ուղղակի կապ ունին այս օրակարգերու աւելի ճիշդը հանգուցակէտերուն հետ:
Քաղաքական այս տրամաբանութիւնը ուրեմն կը յուշէ, որ հանգուցալուծումները կը սկսին տեսանելի դառնալ, երբ այդ օրակարգերուն հետ կապուած առեւտուրի նախադրեալները կը հրապարակուին: Մինչ այդ, տնտեսական պաշարման օղակը օրէ օր աւելիով կը սեղմուի:
Ուաշինկթընը ժամանակ կ՛ուզէ հետեւելու նոր նշանակուած կառավարութեան որդեգրած աշխատաոճին, ձեռք ձգելիք արդիւնքներուն, որպէսզի ըստ այնմ ողջունէ կամ գործնապէս սատարէ գործող կառավարութեան: Եւրոպական քաղաքներ թափանցիկութեան եւ արդի մեթոտաբանութեան աշխատելաձեւի ակնկալութիւններ կը յայտարարեն, իսկ արաբական ծոցի հոգեւոր եւ քաղաքական կեդրոնները պաշտօնապէս զօրակցելով հանդերձ գործնապէս կը սառեցնեն իրենց օժանդակութիւնները:
Լիբանանեան քաղաքական բեմին վրայ բազմաթիւ իրերամերժ թէ իրար լրացնող յայտարարութիւններ, պահանջներ եւ յորդորներ կը կատարուին փակուղիէն դուրս բերելու համար երկիրը: Բարացուցական եւ ըստ էութեան տնտեսական ապաշրջափակման պայմանականութիւնը բանաձեւող յայտարարութիւն էր չորեքշաբթի օր լիբանանեան քաղաքական կուսակցութեան մը ղեկավարին կատարածը, թէ` «այնքան ատեն որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը իշխանութեան վրայ կը մնան, կացութիւնը պիտի մնայ նոյնը եւ ոչինչ պիտի փոխուի»:
Հիմա եթէ արտալիբանանեան կեդրոններու մօտեցումին պարզաբանումն է, որ կը կատարուի իբրեւ քաղաքական ընթերցում, հասկնալի է եւ տրամաբանութիւնը ընկալելի: Խնդիրը այն է, որ մօտեցումը իւրացուած է լիբանանեան քաղաքական շրջանակներու կողմէ, որոնք համոզուած են արտաքին թելադրանքին եւ ո՛չ միայն կ՛ընդունին այլ կը պահանջեն, նաեւ այդ ուժերու հեռացումը: Այս տրամաբանութեամբ ալ երեք օրակարգերու լուծումը կը պայմանաւորուի օրակարգերուն ընթացքը արգելակող ուժերուն արմատական չէզոքացումով:
Աւելի տարբաղադրելով յայտարարութեան ենթաուղերձները, պարզ կը դառնայ, որ պաշտօնական Պէյրութը պէտք է համաձայնութիւն տայ եւ իրականացնէ Մարտ 8-ի ուժերու, հիմնականին մէջ Հըզպալլայի հեռացումը քաղաքական բեմէն (լռելեայն զինաթափումը): Ապա ընդունի Միացեալ Նահանգներու նախագահին թելադրած «Դարու գործարք»-ի ճամբու քարտէսը եւ իր մասով կատարէ պաղեստինցիներու վերջնական բնակեցման աշխատանքները. եւ վերջապէս ստորագրէ ծովային սահմանազատում կատարող այն քարտէսին տակ, որ ճշդած է իրեն դրացի երկիրներուն հետ ծովային տարածքներն ու Լիբանանին վերապահուած բաժինը: Մանաւանդ այդ հորերէն պեղուելիք նաւթային աղբիւրներն ու զանոնք շահարկողներուն յանձնուելու համաձայնագիրները:
Մնացեալը` պետական պիւտճէ վերադարձող գումարներ, թափանցիկութիւն, հակափտածութեան պայքար, թալանի պատասխանատուներու դատավարութիւններ, նոյնիսկ քաղաքացիական պետութիւն, կը կորսնցնեն իրենց առաջնային կարեւորութիւնը:
Երբ գործադրութեան դրուին պարտադրուող օրակարգերը, «Բոլորը, այսինքն բոլորը» յանկարծ կ՛անդրադառնան, որ այդ առաջադրանքները երկրորդական նշանակութիւն ունին: