Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ակնարկ. Սենտիքայական Շարժումին Յուշումները

February 3, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Կանխարգիլել Թուրանական Կամուրջի Կառուցումը*

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Լիբանանեան հասարակութիւնը միանշանակ կեցուածք չունի երէկ սկսած գործադուլին նկատմամբ: Մինչ ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութիւնը կը յայտարարէ, որ երէկ սկսած բողոքի գործողութիւնը եռօրեայ է, այդուհանդերձ գործադուլը մագլցում ապահովելու նախադրեալներ չի ստեղծեր:

Պահանջը` անցնող հոկտեմբերին վարչապետ Միքաթիի հետ համաձայնեցուած կէտերու վաւերացումն է, որ փաստօրէն առկախուած է:

Քաղաքացիական շրջանակներէ կը հնչեն զօրակցութեան կոչեր: Ուրիշներ ուղղակի դէմ են նման միջոցներու, որոնք, իրենց համոզումով, որեւէ հանգուցալուծում չեն կրնար ապահովել: Փոխադրական ոլորտին մէջ կան այլ տրամադրութիւններ` ցոյցերը, փակումները ուղղորդուած ձեւով թիրախային եւ հասցէական կազմակերպելու: Կը նշուին պետական հաստատութիւններ` խորհրդարան, կառավարութիւն, նախարարութիւններ, Կեդրոնական դրամատուն:

Երէկուան համապատկերը, բողոքի գործողութիւն ըլլալով եւ քաղաքացիներու տեղաշարժը որոշ առումով արգելակելով, այդուհանդերձ կողմնակի ճանապարհներ ազատ ձգելով, կիսանդամալուծեց բնականոն կեանքը: Թէեւ բնականոն հասկացողութիւնը Լիբանանի մէջ շատ համեմատական է: Չարձանագրուեցան միջադէպեր, ցուցարարներ-իրաւապահ մարմիններ բախումներ, չեղան քանդումի դէպքեր, յարձակումներ կամ չարձանագրուեցան խուլիգանական երեւոյթներ:

Ցուցական աքթերու երրորդ ուղղութիւնն էր, որ կ՛արձանագրուէր երկրին մէջ: Առաջինը, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու կոչերով, քաղաքացիական շարժումի անուան տակ փողոց դուրս եկած մարդոցմով ժողովրդային շարժումն էր, որ որոշ փուլի վերափոխուեցաւ բռնարարքային եւ յարձակողական գործողութիւններու շղթայի: Եթէ առաջինի պարագային համերգներն ու ժամանցի երեւոյթները տարածականութիւն ապահոված էին, ապա երկրորդը քաղաքացիական անհնազանդութեան բռնարարքով յատկանշուած դէպքերու գիշերային շղթայ էր:

Հիմա երրորդն է, որ դասական է եւ աւանդական` որոշ առումով: Սենտիքայական թուլցած համակարգի վերյիշեցումն է: Իսկ սենտիքաներ կը նշանակեն աշխատաւորներու իրաւունքներու պաշտպանութիւն, գործադիր իշխանութեան հակակշիռ աշխատաւորական շարժում:

Եռօրեայ ժամանակահատուածն ալ աւանդական եղանակի վերյիշում է: Նուիրականացած հասկացողութիւն էր, որ եռօրեայ գործադուլը կ՛ենթադրէ կառավարութեան հրաժարում: Թէեւ այս պարագային, նման պահանջ չէ հրապարակուած: Գոնէ մինչ այժմ:

Զուգահեռ` ի՞նչ կը կատարուի Լիբանանի մէջ: Լիբանանեան դրամանիշի արժեւորման միտումներ, առանց սակագնային իրավիճակի վրայ որեւէ ազդեցութիւն ունենալու: Հակառակ ուղղութեամբ արձանագրուած ոստումներուն առընթեր կայծակնային արագութեամբ գիներու բազմապատկում կը գրանցուէր: Հիմա, բարձրացած գիներու կայունութիւն է, հակառակ ազգային դրամանիշի համեմատական արժեւորման:

Մարդիկ համոզուած են, որ լիբանանեան դրամանիշի արժեւորումը ֆինանսական ժամանակաւոր քաղաքականութեան արդիւնք է եւ դրամական համակարգի յենասիւներու բացակայութեան` թաւալգլոր վերարժեզրկումը անխուսափելի է:

Այս մթնոլորտին մէջ է, որ ընտրարշաւներու մեկնարկային փուլեր կ՛արձանագրուին: Միջազգային ընտանիքը կը պահանջէ անխախտ պահել խորհրդարանական ընտրութիւններու թուականը: Լիբանանցի քաղաքացիներուն անուղղակի յուշումներ կը կատարուին, որ ընկերային-տնտեսական իրավիճակի փոփոխութեան համար անհրաժեշտ է համակարգային փոփոխութիւնը:

Եւ ահա ձեւ ու մարմին կը ստանայ առաջադրուած օրակարգը: Փոխել խորհրդարանը, որպէսզի փոխուի լիբանանցիներուն կենսակերպը: Այդ օրակարգի ծաւալումն ու զանգուածայնացումը պատուիրողներուն համար ժամանակավրէպ կը թուի սենտիքայական շարժումը, որ դասական է, որ գրաւիչ չէ իր կարգախօսներով, իր արհեստագիտութեամբ:

Լիբանանեան հասարակութիւնը զանգուածային տարողութիւն ապահովեց «մայրիներու յեղափոխութեան», որ ունեցաւ քաղաքական շրջադարձային հետեւանքներ: Միջազգային բռունցքի խորհրդանիշը օգտագործող «յեղափոխութիւն»-ը յայտարարեց համակարգաքանդ իր նպատակները: Սենտիքայականը կը թուի, որ կը մնայ անհաղորդ ժողովուրդին:

Կը վերականգնի պետութիւնը, կը վերագործարկեն պետական հաստատութիւնները այն ատեն, երբ քաղաքացիները կարենան զանազանել ազգայինը արտալիբանանեանէն եւ քաղաքական ներմուծուած օրակարգին սատարելը` համալիբանանեան շահեր առաջադրող, տեղական արտադրութիւն նկատուող ծրագիրներէն:

Previous Post

Միջկուսակցական Հանդիպում

Next Post

Հակադաշնակցական Հնամաշ Արշաւ` Նոր Ու Ձախող Մունետիկներով

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.