Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ակնարկ. Վիեննայէն Պէյրութ. Պատժամիջոցներ Եւ Բարեկարգումներ

April 9, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Ակնարկ. Լիբանանը Դէպի Նոր Ճամբաբաժան

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Վիեննայի հանդիպումները` Ուաշինկթըն-Թեհրան բանակցութիւններու վերսկսումը նախապատրաստելու առումով, տակաւին բեկումնային փուլ նկատուելէ հեռու են: Ուաշինկթըն առաջին անգամը չէ որ իր կողմէ պատժամիջոցներու ենթարկուող Իրանին կ՛առաջարկէ վերադառնալ բանակցային սեղան:

Խնդիրը այն է, որ բանակցային սեղան նստելու առաջարկը կը կատարուի պատժամիջոցային քաղաքականութեան կիրարկման ընթացքին: Հետեւաբար այստեղ տրամաբանօրէն աւելի պարզ կը դառնայ Թեհրանի նախապայմանը` պատժամիջոցները նախ պէտք է վերացնել, ապա նստիլ բանակցային սեղան:

Առաջադրուած բանակցային գործընթացի մեկնարկը կրնայ իր շօշափելի ազդեցութիւնը ունենալ փուլային կշռոյթներով աշխարհագրական տարբեր միջավայրերու մէջ: Արաբական ծոցէն Իրաք, Սուրիա եւ Լիբանան, հասնելու համար մինչեւ Հարաւային Կովկաս:

Տակաւին կանխահաս է ազդեցութիւններու առարկայացում նկատելը: Բայց այժմ կեդրոնանանք լիբանանեան քաղաքական դաշտին վրայ, այնտեղ նկատելու համար հանգուցալուծման առումով որոշ շարժիչ գործօններ:

Ֆրանսական միջնորդութեան վերաշխուժացումը վերստին սպառնական ոճի օգտագործումով յառաջիկայ օրերուն կիրարկելի պատժամիջոցներու մասին կը խօսի բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք կ՛արգելակեն կառավարութեան շուտափոյթ կազմութիւնը եւ բարեկարգումներու մեկնարկը: Ֆրանսականին նախորդած էին ամերիկեան զգուշացման պատժամիջոցները լիբանանեան պետական կարգ մը դէմքերու նկատմամբ` փոխանցելով այն ուղերձը, որ անոնք յայտարարուելիք անուանացանկի մը առաջին անուններն են:

Այս բոլորին զուգահեռ կը սաստկանան դրամատնային համակարգը իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու պահանջները:

Բարեկարգումներ, դրամանիշի գահավիժման ընթացքի կասեցում, իրաւական հաշուեքննութիւն, ապօրինի հարստացման դէմ օրինագիծերու վաւերացում: Այս բոլոր առաջադրանքներուն մէջ հասարակաց գիծը ֆինանսականն է: Պարզ է քաղաքական տրամաբանութիւնը: Տասնամեակներ շարունակ Լիբանանի կառավարութիւնը ֆինանսաւորող, մեծագումար յատկացումներ փոխանցող պետութիւնները, որոնք վերահասու էին այդ գումարներու իւրացման լիբանանեան եղանակներուն, բայց կը շարունակէին իրենց նուիրատուի քաղաքականութիւնը, քանի մը տարի առաջ միայն նկատած են, որ համակարգը արմատական բարեկարգումներու հրամայականին առջեւ է:

Թէ երկիրը իրաւամբ վարչակառավարման առումով պէտք ունի արմատական, համակարգային փոփոխութեան, անվիճարկելի է: Խնդիրը այդ բոլորին քաղաքականացումն է եւ արտաքին պահանջներու համար պարարտ ենթահողի առաւելագոյն օգտագործումն է:

Ի վերջոյ բոլորը համոզուած են, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը արտաքին կեդրոններու, պետութիւններու համաձայնութիւնը կ՛ենթադրէ: Բարեկարգումներ պահանջող պետութիւնները ըստ էութեան կ՛արգելակեն բարեկարգումներ իրականացնելու առաջադրանքով մասնագիտական կառավարութեան կազմութիւնը:

Հանգոյցը էապէս եւ բացառապէս քաղաքական է: Ահա թէ ինչո՛ւ Վիեննայի հանդիպումները կրնան հեռակայ ազդեցութեան կարգով նպաստել արտաքին կանաչ լոյսերու վառման: Այս պարունակին մէջ ալ պէտք է դիտարկել կառավարութեան կազմութեան համար մագոգային հանդիպումներու վերագործարկման երեւոյթները:

Previous Post

Coronavirus death toll reaches 33,201 as daily cases hit 55,941

Next Post

‘Istanbul’s Bosphorus under risk due to global climate change’

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.