ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ-Խորագիրը ի սկզբանէ պէտք չէ առաջնորդէ եզրակացութեան կամ ուղղորդէ ընթերցողին դատողութիւնը` թէ դաւադրական տեսութեան առանցքով կը վերլուծուի հարցականներ ստեղծած համաճարակը: Թէեւ` որոշ նախադրեալներ կը նպաստեն այդ ուղղութեամբ մտածողութիւն զարգացնելու: Ընկերային ցանցերու վրայ շրջանառուող 1981-ի հրատարակութիւնը կը խօսի 2020-ին Չինաստանի Ուահան քաղաքէն ծայր առած եւ շնչառական համակարգը ախտահարող վարակի մը մասին, որ պիտի ստանայ համաճարակի բնոյթ:
Վարակին քաղաքական որակումը այստեղ անպայման ծրագրաւորուած ախտահարումներու կամ կենսաբանական զէնքի գործածութեան մասին չէ, որքան` վարակի յայտնաբերումին առիթով կատարուող քաղաքական շահարկումներուն:
Շահարկումներ կատարելու համար անշուշտ նախ պէտք է խուճապային մթնոլորտ ստեղծել: Տարբեր խնդիր է կանխարգելիչ միջոցներու իրազեկումն ու այդ ուղղութեամբ մարդկութիւնը նախապատրաստելը, տարբեր օրակարգ` կանխածրագրուած խուճապային քաղաքականութիւնը:
Քաղաքական շահարկումները կը կատարուին հիմնական երկու մակարդակներու վրայ. նախ, անշուշտ, վարակի յայտնուած երկրին մէջ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն աւանդական եւ դասական մօտեցումները կը գերլարուին եւ հակազդեցութեան, կանխարգիլման, բուժման երեւոյթները մանրադիտակի տակ կու գան` վերագրումներ կատարելու, մեղադրելու եւ անկառավարելիութեան համոզումներ տարածելու համար:
Պարզ տրամաբանութիւնը կը յուշէ հետեւիլ վիճակագրութիւններուն նկատելու համար, որ ընթացիկ պատուաստային կանխարգիլում ունեցող վարակներու ախտահարման պատճառով աւելի մարդ կը մահանայ, քան` նոր յայտնաբերուած եւ հակավարակի պատուաստին պատրաստութեան սպասող ժահրին:
Առողջապահութեան նախարարութիւններ եւ անոնց ետին կանգնած կառավարութիւններ իրենց քաղաքացիներուն առողջական պայմաններու հետամուտ ըլլալու ճիգին մէջ կը ներկայացնեն իրենց մօտեցումները. ջանք կը թափեն ամէն գնով համոզելու, որ իրենք կը գործեն շատ արագ` անմիջապէս մեկուսացնելով վարակուած անհատը, եւ յատուկ դարմանումներ կը կիրարկեն: Այս ուղղութեամբ կը ծաւալին բանավէճեր` առողջապահական ոլորտին մէջ ընդդիմադիր տեսակէտներն ու կառավարական միջոցառումները ներկայացնող: Պատկերասփիւռի եւ լրատուամիջոցներու հաղորդումներու լսարաններու թիւերը նոր ոստումներ կ՛արձանագրեն, բնականաբար, այդ պահերուն ծանուցողական գնողական սակերուն նոր մագլցումներ արձանագրելով:
Առանց մտնելու հարցի շուկայականացման միտումներուն եւ տիրոյթներուն մէջ, անցում կատարենք ներքինէն արտաքին ուղղութիւններու եւ նկատել տանք, որ, վարակուած անհատի մեկուսացումներու նմանողութեամբ, հետզհետէ կը մեկուսացուին երկիրներ: Ներկայիս ամէնէն աւելի մեկուսացուուղները Չինաստանն ու Իրանն են: Կը փակուին սահմաններ` օդային, ցամաքային, ծովային: Կը հարուածուին տնտեսութիւններ, կը կասեցուին ապրանքաշրջանառութիւններ: Կոչեր` տուեալ վարակավայրերը չայցելելու եւ տարհանման գործողութիւններու նախապատրաստութիւններ: Արդիւնքը` կը հարուածուի համաշխարհային մակարդակով տնտեսական բեւեռի վերածուած չինական համակարգը, եւ յաւելեալ մեկուսացումի կ՛ենթարկուի Իրանը:
Հիմա դիտարկումները կը կատարուին տարածաշրջանային տեսանկիւններէ: Տուեալ պարագային ո՞ր երկիրներն են, որոնք փակած են Իրանի հետ սահմանը, եւ որո՞նք են, որ կը շարունակեն բաց պահել զայն: Ի տարբերութիւն Թուրքիոյ, Ազրպէյճան կը շարունակէ բաց պահել սահմանը: Մինչ Հայաստան ժամանակաւոր փակումով կ՛արտօնէ բեռնատարներու ճամբով ապրանքաշրջանառութիւնը եւ իր քաղաքացիներու ետդարձը: Փակել-չփակելը քաղաքական մեկնաբանութիւններու դուռ կը բանան. ժամանակաւորը հաւանաբար կը փորձէ հաւասարակշռուած դիրք ապահովել վարակուելու-չվարակուելու կամ աւելի ճիշդը` մեկուսացնելու-չմեկուսացնելու գործընթացներուն մէջ:
Մոռնալով 1981-ի «մարգարէութիւնը» կամ անոր յարող դաւադրական տեսութիւնը, քաղաքականօրէն չի բացառուիր նման հաւանականութիւն մը: Եթէ «Քորոնա»-ի շահարկումը յաջողի աւելի ազդեցիկ գործօնի դեր ունենալ Իրանի մեկուսացման ուղղութեամբ յայտարարուած քաղաքականութեան իրականացման մէջ, ապա ինչո՛ւ չմտածել կենսաբանական զէնքի օգտագործման մասին: Մէկ յաւելումով սակայն. հարուածուողը ի՛նք եւս նման զէնքի դիմելու կը մղուի: Տարբեր տեղեր ընթացող հիփրիթային պատերազմը կը համալրուի նոր զինատեսակով, որ հիմնական տարբերութիւն կը բերէ գործադրուող ոճին: Փրոքսի, սահմանափակ, սողացող եւ վերահսկելի ռազմական գործողութիւնները կենսաբանականին պարագային «Քորոնա»-ի նման կը թռչին երկրէ երկիր: