Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ակնարկ. Քառօրեայ Այցելութեան Ընթացքին Փոխանցուած Ուղերձները

December 23, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Կանխարգիլել Թուրանական Կամուրջի Կառուցումը*

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին քառօրեայ այցելութիւնը աւարտած է արդէն: Նման ծանր պայմաններու մէջ միջազգային ընտանիքի բարձրագոյն պատասխանատուին տուած այցելութիւնը բնականաբար հանրային ուշադրութիւն կը կեդրոնացնէ միջազգային օժանդակութիւններու նոր հոսքի հաւանականութեան վրայ: Մանաւանդ որ ՄԱԿ-ը` իբրեւ միջազգային կառոյց եւ հաստատութիւն, առաւելաբար խաղաղապահութեամբ եւ տարբեր բնոյթի օժանդակութիւններով կը յատկանշէ իր ընդհանուր գործունէութեան հիմնական առանցքները:

Լիբանանի հետ յարաբերակցաբար ՄԱԿ-ը ունի աշխատանքային գերակայ ուղղութիւններ: Առաջինը Լիբանան հաստատուած պաղեստինցի ազգաբնակչութեան նկատմամբ իրականացուցած տարբեր բնոյթի ծրագիրներն են. երկրորդը` սուրիական պատերազմէն ետք Լիբանան հաստատուած գաղթական զանգուածին ուղղուած օժանդակութիւնները, իսկ երրորդը` հարաւային Լիբանանի մէջ խաղաղապահ առաքելութիւնն է: Աւելցած է 4-րդ գործառոյթը` ծովային սահմանազատումը, ուժանիւթի շահարկման նպատակով:

Այս հիմնական ուղղութիւններուն առաջին երկուքը մարդասիրական բնոյթ ունին. յաջորդ երկուքը` միջնորդական-խաղաղարարական, եւ ըստ էութեան կ՛առնչուին Իսրայէլ-Լիբանան խզուած յարաբերութիւններուն:

Ընդհանուր քարտուղարին ուղերձները կ՛ամփոփուին իր կատարած յայտարարութիւններուն հետեւեալ կէտերուն մէջ.

Ա.- Միջազգային ընտանիքը բաւականաչափ օժանդակութիւն չէ տրամադրած Լիբանանին, ինչպէս` Յորդանանի եւ այլ երկիրներու, որոնք իրենց դռները բացին Սուրիոյ տագնապէն ճողոպրած տեղահանուածներուն: Մինչդեռ Լիբանանի պարագային նոյն երկիրները փակած են իրենց դռները:

Բ.- Լիբանան շատ դժուար պայմաններ կը դիմագրաւէ. միջազգային ընտանիքը պէտք է ամրապնդէ իր զօրակցութիւնը:

Գ.- ՄԱԿ կը զօրակցի լիբանանցիներուն:

Դ.- Յառաջիկայ տարուան ընթացքին Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւնները անկիւնադարձային պիտի ըլլան, իսկ լիբանանցիները պէտք է վճռականութեամբ մասնակցին անոնց` կատարելու համար երկրին զարգացումն ու բարգաւաճումը ապահովող ընտրանքը:

Ե.- Լիբանանեան բանակին եւ ապահովական այլ կառոյցներուն տրամադրուած միջազգային օժանդակութիւնները պիտի շարունակուին, որովհետեւ անոնք հիմնական են երկրին ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու:

Առաջին եւ չորրորդ կէտերը իրարու հետ կապ ունին: Միջազգային ընտանիքի ոչ բաւարար օժանդակելու եւ ապա դռները փակելու նուրբ քննադատութեան բացատրութիւնը խօսքին 4-րդ բաժինին մէջ տեղաւորուած է: Յառաջիկայ ընտրութիւններուն եթէ լիբանանցիները ճիշդ ընտրանք կատարեն, ապա դռները կը սկսին բացուիլ: Բնականաբար հարցը չէ սահմանափակուած միայն սուրիացի գաղթականներուն ուղղուելիք օժանդակութիւններուն մէջ: Աւելի համընդհանուր հասկացողութիւն ունի:

Երկրորդ կէտը կոչի սահմաններէն անդին չ՛անցնիր եւ բնականաբար որեւէ բեկումնային իրավիճակ չի ստեղծեր, մանաւանդ անոր հետեւող չորրորդ կէտի բացատրականով, չըսելու համար նախապայմանով:

Երրորդ կէտին յատկանշական բառը «լիբանանցիներ»-ն են: Օժանդակութիւնը պիտի շարունակուի ՄԱԿ-ի հովանաւորութիւնը կրող հասարակական կազմակերպութիւններու ճամբով ուղղակի ժողովուրդին: Պատահական չէ, որ օգտագործուած չեն «պետութիւն» կամ «կառավարութիւն» բառերը: Ուղղակի ժողովուրդին. կարելի է ընկալել` ընտրազանգուածին:

5-րդ կէտը կ՛առնչուի երրորդին եւ կը բացատրէ, որ պետական ո՛ր առանձնաշնորհեալ հաստատութիւնն է, որ կը շարունակէ վայելել միջազգային ընտանիքին վստահութիւնը: Նաւահանգիստի պայթումէն անմիջապէս ետք բոլորին համար համոզում էր, որ լիբանանեան բանակը այն վստահելի եզակի հաստատութիւնն է, որուն հետ կը գերադասէ աշխատիլ միջազգային ընտանիքը:

ՄԱԿ-ին Լիբանանի նկատմամբ կիրարկած քաղաքականութեան գերակայ ուղղութեան ծովային սահմանազատման բաղադրիչը յայտնաբար կ՛աղերսուի Կութիերեսի ակնարկած թէական զարգացումին եւ բարգաւաճումին, որ փոխկապակցուած է երեսփոխանական ընտրութիւններուն ճիշդ ընտրանք կատարելու յորդորին հետ: Առաջադրուած, նոր ձեւաւորուելիք խորհրդարանն ու կառավարութիւնը հեզասահ պէտք է կատարեն ծովային սահմանազատման համար իրենցմէ ակնկալուած զիջումները եւ շահարկեն իրենց վերապահուած ուժանիւթի բաժինը:

ՄԱԿ-ը վաղուց վերածուած էր բանաձեւերու, կոչերու որդեգրման միջազգային միջավայրի: Ի պահանջել հարկին` գերտէրութեան մը գործողութեան օրինականութիւնը ապահովող միջազգային հաստատութեան: Իսկ ընդհանուր քարտուղարը` գերտէրութիւններուն ուղերձները մարդասիրական եւ խաղաղապահական հռետորաբանութեամբ հանգամանօրէն փոխանցողի:

Previous Post

Կառավարութեան Նիստերու Բացակայութեան. Հրատապ Հարցերը Կը Քննարկուին Զանոնք «Փոխարինող Այլընտրանքներով»

Next Post

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.