Նուարդ Մատոյեան – Տարագճեան
Ո՞վ չի տագնապիր հայ ժողովուրդի ճակատագիրով:
Բախտորոշ ու ծանր այս օրերուն, որ յղի է անկանխատեսելի հետեւանքներով:
Փառատենչութեան մոլուցքը խաթարած է մարդոց ազգային գիտակցութիւնը:
Հայրենիքի փրկութեան կոչերով հայրենիքը կը հարուածենք, առանց գիտակցելու հայութեան սպառնացող վտանգին ահաւորութիւնը:
Հայրենի պետութիւնը կը վտանգենք ու կը նուաստացնենք,քաղաքակիրթ ազգերուն ոչ յարիր արարքներով:
Հայրենիքը պաշտպանողը իր զէնքերը կ՜ուղղէ թշնամիին դէմ, ոչ թէ սեփական ազգին դէմ:
Նպատակն ու պայքարը ազնիւ է, երբ կը բխի երկրի շահերէն:
Ճգնաժանային այս դրութեան մէջ թոյլ չտանք հանրութիւնը ներսէն պառակտելու, երկպառակութիւններ ստեղծելու:
Ազգին շահը վեր դասենք մեր անձնական շահերէն:
Որպէսզի Ես-ը իր տեղը զիջի Մենք-ին:
Երբ պիտի կարենանք հայ հոգիներէն վանել ատելութիւնը, որպէսզի կարենանք զիրար հասկնալ :
Որպէսզի բարութեամբ իրար նայինք, միանման մտածենք յանուն մեր ազգային
շահերուն:
Յանուն Հայոց պետականութեան կայունութեան:
Ողջմտութիւն կը թելադրեն ներկայ օրերը:
Հայրենիքը ամէն բանէ վեր…: