Նուարդ Տարագճեան- Մատոյեան
Ճանչնալ Արցախի Անկախութիւնը `
Յանուն Ժողովուրդի Փրկութեան
Ո’չ Հայոց Նոր Ցեղասպանութեան։
Այսօր, Արցախը կանգնած է ցեղասպանութեան սպառնալիքի
լուրջ վտանգի առաջ։
Արցախի ժողովուրդին դէմ ահաւոր վայրագութեամբ կը գործադրուին
դաժան յանցագործութիւններ, անտեսելով միջազգային օրէնքներն ու
բարոյական չափանիշերը։
Հրոյ ճարակ դարձան Ստեփանակերտն ու ու Շուշին,
Հադրութն ու Մարտակերտը։ Քար ու քանդ եղան հայոց եկեղեցիները,
մշակոյթի կեդրոններնն ու բնակելի շէնքերը։ Տարածաշրջան մը ամբողջ
վերածուեցաւ աւերակներու կոյտի։
Արիւնաքամ ժողովուրդի հառաչանքն է, որ կը բարձրանայ հեծեծագին։
Ճշմարտութիւնն է, որ բարձրաձայն կ’աղաղակէ։
Թուրք բռնակալին ցեղային ռազմամոլ բնազդն է արթնցեր,
հուրով ու սուրով հաւատարիմ մնալու իր ցեղասպան
նախնիներու ուղեգիծին։
Բարբարոսական բռնարարքներով ստրկացնելու
ազգեր ու ժողովուրդներ։
Մինչեւ ե՞րբ քար լռութիւն պիտի պահէք աշխարհի տիրակալներ։
Մինչեւ երբ պիտի սնուցանէք ահաբեկչութիւնն ու ցեղապաշտութիւնը։
Քաղաքագիտութիւն թէ՞ դիւանագիտութիւն կը պակսի տեսնելու
ահաւոր վտանգը, հասկնալու թուրքին կեղծիքի քաղաքականութիւնը։
Խոստովանելու, թէ տարածաշրջանի հակամարտութիւն չէ։
Այլ` իր հայրենի հողին վրայ ծուարած խաղաղասէր ժողովուրդի մը
բնաջնջումն է, որ տեղի կ’ունենայ։
Որպէսզի երկդիմի կեցուածքներով խաղաղութեան
կոչեր չյղէք այլեւս։ Որպէսզի ճանչնաք անհերքելի ճշմարտութիւնը`
ո՞վ է ահաբեկիչը , ով է դահիճը եւ ով է զոհը։
Այսօր համայն մարդկութեան հրատապ պահանջն է`
ճանչնալ Արցախի Անկախութիւնը,
յանուն մարդկային արդար իրաւունքներու,
յանուն Արցախի արիւնաքամ
ժողովուրդի փրկութեան։
Եւ յանուն աղաղակող Ճշմարտութեան…։