Լռեր է երկինք … Շիկներ է արեւ,
Հայոց աշխարհէն ուրու մ’է անցեր …
Ու աւե՜ր … աւեր …
Լացէ՛ք ծաղիկներ,
Լացէ՜ք թերթատուած Սպիտակը ձեր,
Ու ցօղ ու դողով թերթերուն բեկբեկ՝
«Ջո՜ւր-ջուր» աղերսող շրթներուն անմեղ՝
Հայոց մայրերու արցունքը տարէք …
Տարէ՜ք ախ տարէ՜ք ճերմակները ձեր՝
Թերթածածկելու աւերը ահեղ,
Ու աղեղուին թող ցօղունները լերկ՝
Աղաղակելու Աստուածամօր դէմ՝
Թէ հանդերձելով Յիսուսը իր մերկ
Մեր Սպիտակի ճերմակով շքեղ՝
Մնացինք մենք մերկ, անտուն, անարեւ …
Բայց լսէ թող ի՛նք Աստուածը անեղ՝
Թէ նոյնիսկ երկինք անձրեւէ քարեր՝
Թէ կարկառն ի վեր ու ժայռերէն վեր
Պիտի Հայը վէս բարձրանար այնպէ՜ս՝
Որ կարծես ընձի՜ւղ մ’ըլլար սրբազան,
Ու նոյնիսկ ոստին՝ երկու վարդ միայն՝
Պիտի ան բուրէ՜ր հազարի նման …
Գրող՝ ճարտարագէտ Թադէոս Եսայեան
Պատկերի ձեւաւորում՝ Շաքէ Մանկասարեան
ԾԽ.Գրող ճարտարագէտ՝ Թադէոս Եսայեան կը գրէ.-
Այս բանաստեղծութիւնը գրած եմ 1988-ի Դեկտեմբերին հեռուստակայանէն տեսնելով այն աւերիչ ու հսկայական կորուստներու ենթարկուած ՍՊԻՏԱԿ քաղաքը :
Այս բանաստեղծութիւնը գրած եմ տասը վայրկեանի մէջ: Պէտք է ըսեմ, որ
արցունքներս այտերէս կը հոսէր .. ու բարկացած էի Աստուծմէս. բանաստեղծութիւնը գրած պահուս: