ԱՂՈՒԷՍ ԹՈՒՐՔԻԱՆ (361)
Յակոբ Միքայէլեան
Հիմա է ճիշդ ժամանակը ընդգծելու եւ ցցուն տառերով գրելու « Պղտոր ջուրի մէջ, ձուկ որսալ» ասոյթը, որուն հերոսը Թուրքիան է եւ անշուշտ անոր նախագահը: Ուզենք, թէ չուզենք, պիտի ընդունինք իրականութիւնը՝ Թուրքիան դարձեր է այս տարածաշրջանին,- որ կ՛երկարի Արեւմտեան Եւրոպայէն մինչեռ Ուսիոյ դռներն ու Կովկաս, եւ Պալթեան երկիրներէն մինչեւ Արաբական ծոց եւ Ափրիկէ, ամենէն հեղինակաւոր պետութիւնը, որ ամենայն վստահութեամբ եւ իր ուժին գիտակցութեամբ կրնայ ոտնակոխել ՄԱԿ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի օրէնքները, կրնայ թշնամանալ որեւէ մեծ երկրի հետ, ապա վերականգնել յարաբերութիւնները ամենայն ճարպիկութեամբ եւ իր քաղաքական խաղերով, ոչ միայն զերծ մնալ թշնամանքէ ու պատիժներէ, այլ՝ չէզոքութիւն պահելով կրնայ հակամարտ պետութիւններու միջեւ միջնորդ հաշտարարի դեր ստանձնել:
ԱՄՆ-ի, Ռուսիոյ, ՄԱԿ-ի, ՆԱԹՕ-ի, Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող պետութեանց, Յունաստանի, Իսրայէլի, Սէուտական Արաբիոյ, Իրաքի, Սուրիոյ, Լիպիայի, Կիպրոսի, Հայաստանի, ու չեմ գիտեր դեռ քանի պետութիւններու հետ հարցեր ունեցաւ, որոնք թշնամանքի հասան, սակայն շատ չանցած ձեւը գտաւ հաշտուելու, աւելի ճիշդ՝ դիմացինները ուզեցին հաշտուիլ, նկատի առնելով իր ունացած կարեւորութիւնն ու կարողականութիւնը տարածաշրջանին մէջ եւ նաեւ համաշխարհային հարթակին վրայ. հիմա ալ հերթը Հայաստանինն է:
Տարիներէ ի վեր երազած էր Սուրիա ներխուժել, նոյնիսկ վերականգնել Օսմանեան շրջանի «Հալէպի Վիլայէթը», Հալէպն ալ գրաւելով: Հոն չհասաւ, թոյլ չտուին որ հասնի, շատ մեծ արկածախնդրութիւն էր, շատ վտանգաւոր հետեւանքներով, սակայն թոյլ տուին որ արժամապէս մնայ սահմանային գօտիին մէջ: Մնաց ու թրքացուց զայն, իսկ այս օրերուս ալ, երբ զինք այդ գրաւեալ շրջաններէն հեռացնելու մասին յայտարարութիւններ կ՛ընեն թէ՛ Սուրիո՛, թյ Ռուսիոյ նախագահները, , Էրտողանը նոր հրահանգ արձակեց եւ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ հիւսիսային սուրիոյ սահմանի երկայնքին ու սուրիական հողերէն ներս 30 քմ լայնքով «ապահովական գօտի» պիտի ստեղծէ, իբր թէ վերջ տալու համար սուրիական ՄԻնպիճ քաղաքին մէջ տեղակայուած Քրտական PPK-ի ոտնձգութիւններուն:
Անշուշտ Սուրիան բողոքեց, Ռուսիան, հակառակ մինչեւ մէջքը թաղուած ըլլալուն Ուքրանիոյ պատերազմին մէջ, դէմ արտայայտուեցաւ, միայն այդքան, դեռ պէտք ունէր Թուրքիային պատերազմի այս օրերուն: Ներխուժում, գրաւում, թրքացում, թալանում, անդին՝ բողոք, դատապարտում եւ… վերջ:
Ինչքան ալ պատմաբաններ, քաղաքագէտներ, մտաւորականներ Թուրքերու չարանենգ նկարագրին մասին արտայայտուին, ինչքան ալ իր հասցէին քննադատութիւններ ըլլան, կարծես բնաւ հոգը չէ, ինք իր գիտցածէն սանթիմ մը իսկ չի շեղիր, անտարբեր կը մնայ եւ գիտցածէն ետ չի մնար: Ամբողջ աշխարհը տարուած է Ռուս-ուքրաինական պատերազմով, պղտոր է մթնոլորտը, իսկ Թուրքիոյ համար ոսկի առիթ քիչ մը աւելի ձեռքերն ու ոտքերը տարածելու. իսկ վերջերս ալ յայտարարեց, որ իր բանակին իրաւունք տուած է Թուրքիոյ սահմաններէ դուրս զինեալ գործողութիւններ կատարելու:
Արդէն այդ մէկը տարիներէ ի վեր կը կիրառէր Սուրիա մտնելով, Գաթարի մէջ զինուորական հենակէտ հաստատելով, Լիպիա բանակ ուղարկելով, Ատրպէյճան-Հայաստան պատերազմին մասնակցելով եւ այլն, սակայն հիմա արդէն պաշտօնականացուց: Թէ ի՞նչ նոր ծրագիրներ ունի, յայտնի չէ, սակայն այս որոշումը յումպէտս չէ առնուած:
Վերջին իրադարձութիւնները շատ խօսուն են, կապուած Ռուս-Ուքրաինա պատերազմին, ուր յաջողեցաւ ձեւով մը չէզոք մնալ եւ նոյնիսկ հաշտարարի դեր խաղալ, հրաւիրեց երկու կողմերը, որ Թուրքիայ գան եւ բանակցին:
Գիտցաւ օգտուիլ նաեւ Ռուսիոյ դէմ առնուած տնտեսական պատիժներէն, մասնաւորաբար ռուսական նաֆթին հոսքին կապակցութեամբ, սկսաւ ծրագիրներ մշակել իր տարածքէն անցընել թէ ռուսական եւ թէ ուքրաինական արգիլեալ սննդամթերքները:
Էրտողանին նման ճարպիկ լարախաղաց աշխարհը չէ տեսած: Շատ լաւ գիտէ պղտոր ջուրին մէջ ձուկ որսալ. ոչ միայն սովորական ձուկ, այլ նոյնիսկ կէտ ձուկ:
(ԱԶԳ,17-6-2022)