Շնորհակալ եմ Տէր իմ
Բարակ թելիդ հրաշքին
Որ պորտ–պորտի կապելով
Տուաւ աշխարհը ինծի:
Երախտապարտ եմ սրտանց
Բարակ թելիդ նարօտին
Որ զոյգ գոյնով սրբացած
Գունաւորեց կեանքը իմ,
Եւ օրերուն որ տուիր
Հատիկ–հատիկ գեղեցիկ
Ինչպէս խաղողը հատ–հատ
Բարակ թելէն ողկոյզի:
Հիմա աշնան այս օրիս
Տէր ամրացուր կապը դուն
Բարակ թելին համրիչիս
Ձմրան փուքին չփրթի:
Եւ աղօթքովս ո՜վ Տէր
Բարակ թելովդ կապէ
Սիրտս սրտին մարդկութեան
Չգժտուիմ ոչ մէկէ
Քէն–քէն չերթամ աշխարհէն:
Գրող՝ ճարտարագէտ Թադէոս Եսայեան
Պատկերի ձեւաւորում՝ Շաքէ Մանկասարեան