Երեւանի քաղաքապետութեան մամլոյ խօսնակ Յակոբ Կարապետեան յայտարարեց, թէ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ ամանորեայ տօնածառ եւ զարդարանք պիտի չտեղադրուի այս տարեվերջին:
Երեւանի աւագանին որոշած է ամանորեայ միջոցառումներուն համար նախատեսուած 100 միլիոն դրամ գումարը յատկացնել Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցող վերաշինութեան ծրագիրներուն: