Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան
Մեսրոպի հաւատարիմ ու սրտցաւ սպասաւոր մը կը հարցնէ, թէ ինչո՛ւ ամառ-ը կը գրենք ռ-ով, իսկ ամարանոցը՝ ր-ով. «Ինչպէ՞ս բացատրեմ այս կացութիւնը աշակերներուս»,– շուարած հարց կու տայ հէգ նամակագիրը՝ առանց յիշելու, որ կայ աւելի խայտառակն ալ, որ ահաւասիկ.
ամառ-ամրան-ամառուան-ամարանոց-ամառնային
Ուղղագրութի՞ւն է այս, թէ՞ աճպարարութիւն…
* * *
Ուրեմն սկսցուք, ուստի արժան է սկսանել:
Ամարանոց՝ ր-ով ձեւը կը հիմնուի նախահայերէնեան հեռաւոր աւանդոյթի մը վրայ, ուր տակաւին մեր բառին սկզբնաձեւն էր ամարան, որ տուած է ամարան+ոց, ճիշդ ինչպէս գերեզման կու տայ գերեզման+ոց:
Ե՞րբ է, որ մեր նախնիները ըսած են ամարան,– ճիշդ չենք գիտեր, Մեսրոպէն շատ ու շատ դարեր առաջ՝ հազա՞ր, երկո՞ւ հազար, երե՞ք, չո՞րս…մինչ Մեսրոպի օրով ան դարձած էր ամառն:
Ահա թէ լեզուական-հնչիւնաբանական ի՜նչ ոլորաններէ անցնելով:
Նախամեսրոպեան հայերէնը ունեցած է բառերու բաւական ստուար խումբ մը, որոնց ուղղականն ու սեռականը նոյնն էին. այդպիսին էր ամարան-ը, որ թէ՛ ուղղական (+հայց) էր, թէ՛ սեռական (+տրական) էր:
Արդի հայուն համար սա անըմբռնելի կացութիւն մըն է, քանի արդի հայը շատ յստակ կը զանազանէ ուղղականն ու սեռականը՝ քաղաք-քաղաքի, եւ մենք չենք կրնար խօսիլ առանց այս զանազանումի գիտակցութեան:
Հապա ինչպէ՞ս կրնային խօսիլ մեր այդ նախնիները՝ առանց զանազանելու ուղղականն ու սեռականը, որ կը նշանակէ նաեւ հայցականն ու տրականը:
Կը խօսէին, որովհետեւ անոնք ունէին հոլով կազմելու ուրիշ միջոց մը, որ շեշտ ըսուածն էր. արդարեւ, անոնք կը հնչէին՝
***ամա՛րան, որ իրենց ուղղականն էր, այսինքն՝ ամառ,
***ամարա՛ն, որ իրենց սեռականն էր, այսինքն՝ ամռան:
Արդի հայուն համար անըմբռնելի զանազանութիւն մըն է այս, քանի մենք կորսնցուցած ենք շեշտի մշակոյթը, որուն, սակայն, գերազանցօրէն կը տիրապետէին մեր այդ հեռաւոր նախնիները, որոնք գիր-գրականութիւն ալ չունէին: Անոր կը տիրապետէր տարեցն ու մանուկը հաւասարապէս, ճի՛շդ ինչպէս այսօր տարեցն ու մանուկը հաւասարապէս կը զանազանեն արդի լեզուի ուղղականն ու սեռականը:
Ուղղականն ու սեռականը շեշտէն կը զանազանէին նաեւ՝ աստեղ, ատաման, աւուր, եզեր, կայսեր, կողմն, ձուկան, ուսուման, տարեր եւ ուրիշներ, որոնք իրենց կարգին ամփոփուելով տուած են աստղ, ատամն, աւր (օր), եզր, կայսր, կողմն, ձուկն, ուսումն, տարր ուղղականները:
Իսկ ինչպէ՞ս յառաջացան ամառն ու ամրան ձեւերը…
* * *
Լեզուներու մէջ կայ հնչիւնաբանական օրէնք մը, որ անդուլ կը գործէ մեր կամքէն անկախ. ըստ այդ օրէնքին՝ անշեշտ մնացած ձայնաւորները մաշումի կ’ենթարկուին եւ օր մըն ալ կ’անհետանան. ճիշդ ա՛յս օրէնքի ներգործութեամբ՝
ա) ամա՛րան ուղղականը կորսնցուցած է իր վերջին ա անշեշտ ձայնաւորը եւ դարձած է ամա՛ռն (ր>ռ հնչիւնափոխութիւնը ն բաղաձայնին հետեւանքն է):
բ) ամարա՛ն սեռականը կորսնցուցած է իր վերջընթեր ա անշեշտ ձայնաւորը եւ դարձած է ամրա՛ն:
Մեր գրաբարը ահա ասոնց անմիջական ժառանգորդն է:
Եզրակացնենք
Ամարան > ամարան+ոց եւ ամառն-ամրան:
* * *
Վերը ըսուածները կը վերաբերին հին հայերէնին, որու կանոններուն անմիջական ժառանգորդը գրաբարն էր. անոնք ոչ մէկ առնչութիւն ունին աշխարհաբարի հետ, որ ո՛չ ամարան+ոց կը ճանչնայ եւ ո՛չ ալ ամառն-ամրան: Աշխարհաբարը կը ճանչնայ ամառ սկզբնաձեւը, որ կու տայ ամառ+անոց եւ ամռան:
Ուր ռ>ր հնչիւնափոխութեան ոչ մէկ օրէնք կը գործէ՝ գէթ այս ծիրէն ներս. օրինակ՝ բեռ-բեռան, բուռ-բռին, թոռ-թոռան, ծոռ-ծոռան, նուռ-նռան, փուռ-փռան եւ այլն:
Բանիւ նովին ունինք նաեւ՝ դուռ-դռան, լեռ-լեռան, ձմեռ-ձմռան, մատուռ-մատռան կամ աւելի բարեհունչը՝ մատուռին:
Մեր դասագիրքերը եւ բառարանները գրուած են գրաբարի ու աշխարհաբարի կիսկատար իմացութեան խաժամուժին մէջ, եւ «արդիւնքը» եղած է բաբելոնեան խառնակութիւն մը, որ ո՛չ գրաբար է, ո՛չ աշխարհաբար:
Այս բոլորը պէտք է քննուէին ու կանոնակարգուէին մեր կրթական վերին մարմինններուն կողմէ, որոնք սակայն ոչ մէկ ատեն հետաքրքուած են նման հարցերով, եւ անոնք մնացած են ինչ-որ Թորոսներու, ինչ-որ Մարկոսներու եւ ինչ-որ Կիրակոսներու դատողութեան ու տնօրինումի առարկան:
Մեզ…հայ են ասում:
Մինչ արեւելահայ իրականութեան մէջ վաղո՜՜՜ւց լուծուած հարցեր են ասոնք:
Ի յուշ
Տարիներ առաջ արուեստաբան Եուրի Խաչատրեան, որ Լիբանան կը գտնուէր, գրեց յօդուած մը, որուն մէջ գործածած էր լեռան՝ ռ-ով եւ ուրիշ բաներ:
Պօղոս Սնապեան, որ այն ատեն «Ազդակ գրական»-ի խմբագիրն էր,– աւելի ճիշդը՝ տէրն ու տիրակալը,– եւ առիթ կը փնտռէր կախուելու Եուրիին հետ, գրեց քննադատական յօդուած մը, յորում կ’ակնարկէր լեռան ձեւին՝ ըսելու համար, որ աբեղեանական ուղղագրութիւն կը կիրարկէ Եուրին, «մինչ,– կը շեշտէր ինք,– բառիս մեսրոպեան դասական (դասակա՜՜՜ն…կ’իմանա՞ք) հանրածանօ՜թ ձեւը լերան է»:
Մինչդեռ զտարիւն արեւմտահայ Յովհաննէս վ. Զոհրապեանը 19-րդ դարու սկիզբը, զտարիւն արեւմտահայ Արսէն Բագրատունին 1852-ին եւ զտարիւն արեմտահայ Արսէն վ. Այտընեանը 1866-ին, երեքն ալ բնիկ պոլսահայ, Աբեղեանի ծնունդէն առաջ, արդէն կը գրէին…լեռ-լեռան՝ ռ-ով:
Իսկ լեռ, աւելի ճիշդը լեառն գոյականին մեսրոպեան դասական սեռականը լերին է՝ ր-ով:
Ուրեմն լերան ձեւը ոչ՛ գրաբար է, ո՛չ աշխարհաբար:
Ան պարզապէս հայերէն չէ՜՜՜…
Բայց…ա՛յս է ուսուցուած ձեւը մեր դպրոցներուն մէջ:
Որովհետեւ մեզ…(արեւմտա)հայ են ասում: