Յարութիւն Իսկահատեան-Պէյրութ – ՊԱՅՔԱՐ 254
Նախորդ քանի մը տասնամեակներուն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին յուշագրութիւններն ու հրատարակութիւնները զգալի դարձան: Մինչեւ անցեալ դարու յիսունական թուականները Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողը տակաւին յետցնցումի (trauma) արհաւիրքն ու սարսափը կ՛ապրէր եւ այդ պատճառով չէր ուզեր իր յիշողութիւնը բաժնել հանրութեան, այլ միայն իր ընտանիքի անդամներուն հետ ու շատեր ատկէ ալ կը խուսափէին: Երբ տակաւ առ տակաւ Հայասպանութեան արհաւիրքի յետցնցումային ազդեցութիւնը տկարացաւ, վերապրողներ սկսան պատմել իրենց Մեծ Եղեռնի դառն յուշերը եւ գրի առնել զանոնք: Այսպիսով սկսան հրատարակուիլ բազմաթիւ յուշագիրքեր զանազան ոճերով, ներառեալ վիպականացմամբ: Այս ծիրին մէջ գրագէտ եւ պատմաբան Յակոբ Խաչիկեան (1931-2015), քանատացի վիպագիր Ժան-Իվ Սուսիի (1945-2017) հետ գործակցաբար մշակած եւ վիպկանացուցած է վերապրող Վարդան Պալեանի յուշերը ֆրանսերէնով՝ Un Ete Sans Aube խորագրով, որ հայերէն լոյս տեսած է «Ամառ Առանց Այգաբացի» վերնագրով (ֆրանսերենէ թարգմանեց Ամալիա Շահումեան, Հայ Գրողներու Միութեան հրատարակութիւն, Երեւան, 2005, 762 էջ, վէպ):
Գիրքին նախաբանին մէջ հեղինակները պատմական ակնարկ մը կը նետեն Օսմանեան Պետութեան պատմութեան վրայ, ապա կը ներկայացնեն Գոնիայի մէջ հայոց դէմ կատարուած խժդժութիւնները եւ Կ. Պոլսոյ Ա.Մ.Ն.-ի դեսպան Մորկընթաուի տեսակցութիւնը Թալաաթի հետ, յայտնելու համար իր վրդովմունքը հայոց դէմ կատարուած վայրագութիւններուն եւ անարդարութիւններուն նկատմամբ:
Գրող-պատմաբան Յակոբ Խաչիկեան եւ վիպագիր Ժան-Իվ Սուսի կը նկարագրեն Սեբաստիա քաղաքը, որուն արուարձաններէն մէկուն մէջ բանող զինուորական հիւանդանոցին մէջ Վարդան Պալեանը բժիշկ սպայ էր: 1915-ի ամրան սկիզբը Սեբաստիոյ հայոց բռնագաղթի հրամանը եկած էր: Օսմանեան բանակին մէջ Վարդանի ծառայութեան պատճառով, անոր ընտանիքը պէտք է զերծ մնար տեղահանուելէ: Այդուհանդերձ, 38 տարեկան Վարդանը միշտ զգոյշ էր այս հարցին նկատմամբ:
Վարդանի հայրը՝ Թովմաս Պալեան ափիոնի արտեր ունէր Սեբաստիոյ մէջ եւ դէպի Եւրոպա ու Ամերիկա ափիոն կ՛արտածէր, բժշկական նպատակներով գործածուելու համար:
Վարդան Պալեանի հոգեբանութեան վրայ մեծապէս ազդած էին 1894-1896-ի հայոց ջարդերը եւ քաղաքականութիւնը դարձուցած իր նախասիրութիւնը: Երիտասարդ տարիքին ան քաղաքական վերլուծութիւններ կ՛ընէր ու թերթերու մէջ կը հրատարակէր: Հայրը Թովմաս կը փափաքէր որ Վարդան քիմիագէտ դեղագործ դառնար, օգտակար ըլլալու համար իրենց ափիոնի գործին: Սակայն վերջինս կ՛ուզէր պատմագիտութեան հետեւիլ: Բուռն վիճաբանութիւններէ ետք Վարդան ստիպուած կ՛ենթարկուի հօրը կամքին եւ Պոլսոյ հայկական Կեդրոնական վարժարանը աւարտելէ ետք Ռոպերթ Գոլէճ կը մտնէ դեղագործութեան հետեւելու:
Վարդան Պալեան Կ. Պոլսոյ մէջ իր մօրեղբօր՝ Մեսրոպ Մեսրոպեանի տունը կը մնար: Մեսրոպի աւագ որդին՝ Պարգեւը Նիւ Եորք կ՛ապրէր եւ Պալեաններու ափիոնի տեղւոյն գրասենեակը կը ղեկավարէր: Կրտսեր որդին՝ Տիրանը Վարդանի հետ շատ մտերմացած էր եւ անոր նման քաղաքական հակումներ ունէր, այն տարբերութեամբ որ Տիրան զինեալ պայքարի ջատագով էր, իսկ Վարդան սահմանադրական բարեփոխումներու կը հաւատար, որ քսան տարեկան երիտասարդ էր երբ իր յօդուածները սկսած էին հրատարակուիլ արտասահմանի մէջ: Ան վերլուծական գիրք մը կը հրատարակէ՝ «Ազգերու Կայսրութիւն» խորագիրով: Երիտթուրքերը կասկածով կը նայէին անոր ու Վարդան կը ստիպուի մէկ տարի իր ընկերներուն մօտ թաքնուած կեանք մը ապրիլ, յաճախ փոխելով հասցէն:
Վարդան Պալեան Կ. Պոլսոյ մէջ թրքական բանակ կը մտնէ որպէս բժիշկ-դեղագործ: Անոր քաղաքական հայեացքներուն հակառակ երեւոյթներ շատ կը վրդովեցնեն զայն, ինչպէս Էնվերի եւ Թալաաթի մեծ ազդեցութիւնը կառավարութեան վրայ: Ընտանեկան պատճառներով ան Սեբաստիա կը վերադառնայ իր կնոջ՝ Մարոյի եւ զաւկին՝ Թովմասի մօտ:
Թուրքերուն եւ քիւրտերուն ձեռքով Սեբաստիոյ մէջ կատարուող անօրէնութիւններուն պատճառով Մարօ սաստիկ մտահոգ էր: Երբ ան իր մտատանջութիւնը ամուսնոյն կը յայտնէ, վերջինս կը հանդարտեցնէ զայն ըսելով թէ տեղահանութեան որոշումը չի կիրարկուիր զինուորականներուն եւ անոնց ընտանիքներուն նկատմամբ:
Քաղաքին երեւելիները Սուրբ Մինաս եկեղեցին կը հաւաքուին քննելու համար կացութիւնը եւ տեղահանութեան սպառնալիքը: Ներկաներէն յեղափոխական Շիրակ Թեւոնեանը կողմնակից էր զինեալ պայքարի գաղափարին, սակայն ժողովականներուն մեծամասնութիւնը հակառակ էր: Երբ ժողովը վերջ կը գտնէ եւ պատարագը կը սկսի, ետեւի շարքերէն ազգային մը կը նկատէ, թէ թուրք ոստիկանները կը շրջապատեն եկեղեցին: Ոստիկանութիւնը իմացած էր, թէ զինեալներ կը գտնուէին եկեղեցիին մէջ: Իսկոյն ժողովուրդին մէջ իրարանցում տեղի կ՛ունենայ: Եկեղեցին գտնուողները արագ քայլերով դուրս կու գան: Ոստիկանութիւնը 15 հայ երիտասարդներ կը ձերբակալէ: Շիրակի մարդոց եւ ոստիկանութեան միջեւ հրացանաձգութիւն կը սկսի: Թուրքերը եկեղեցին կրակի կու տան եւ հայ դիմադրողները ստիպուած դուրս կու գան ու կը յանձնուին: Շիրակ Թեւոնեան վիրաւոր վիճակի մէջ կը ձերբակալուի: Տէր Խորէն քահանան եւ ուրիշ եկեղեցականներ եւս կը ձերբակալուին: Այս միջոցին Վարդան Պալեան աշխատանքով հիւանդանոց կը գտնուէր: Երբ ան դուս կու գայ, իր ձին պահող թուրքը ատելութեամբ եւ խեղաթիւրումներով կը պատմէ անոր պատահածները: Վարդան դէպի տուն կ՛ուղղուի անցնելով թրքական թաղերէն, որու գրգռուած եւ ատելավառ ոգիով ամբոխը փողոց իջած էր:
Վարդան Պալեանի որդւոյն՝ Թովմասի կնքահայր Արմէնն ու տիկինը՝ Արաքսին տունը կ՛ըլլան երբ ան ներս կը մտնէ: Պալեանները կ՛որոշեն այդ գիշեր իսկ հեռանալ Սեբաստիայէն: Արմէնի եւ Արաքսիի մեկնումէն ետք, անոնք մեկնումի պատրաստութիւն կը տեսնեն: Վարդան յանկարծ պտուհանէն կը տեսնէ թէ հրապարակը լուսաւորուած է եւ իրարանցում մը կայ: Ան կը գիտակցի որ թուրքերը հայոց վրայ յարձակում մը պիտի գործեն: Ան ձին կը նստի եւ կը փութայ հրապարակ, ուր նահանջող զինուորներու կը հանդիպի: Օգտուելով իր սպայի հանգամանքէն, զինուորներուն կը հրամայէ խուժանը կանգնեցնել եւ կը յաջողի: Սակայն իրեն մօտիկ բարեկամ կարծուած գնդապետ Իպրահիմ Ալիզատէն հեծեալներով կը հասնի դէպքին վայրը եւ Վարդանը ձերբակալելով ոստիկանատուն կը տանի: Ոստիկանապետ Մուսթաֆա Հիլմի Վարդանի ձեռքերը կապել կու տայ եւ զայն բանտ կը նետէ, ուր ան կը հարցաքննուի:
Մարոն եւ կնքահայրը՝ Արմէն, Թովմասը զուիցերիական որբանոց կը դնեն: Մարոն իր մօր Ազնիւի, Արմէնի եւ Արաքսիի հետ կը տեղահանուի: Անոնք կը յաջողին Թովմասը իրենց հետ առնել: Բռնագաղթի ճամբուն վրայ Արմէնն ու Արաքսին կը նահատակուին: Ընթացքին թուրքերը հայ գաղթականները քարայրի մը մէջ կը թխմեն: Մարոյի մայրը Ազնիւ շատ հիւանդ էր: Մարօ ոստիկանապետին դիմելու գաղափարը կը յղանայ: Ան կը տեսակցի Ռիզա պէյի հետ, որ Վարդանը կը ճանչնար եւ աչք ունէր Մարոյի վրայ: Քարանձաւին մէջ Ազնիւ կը մահանայ: Ռիզա պէյ Մարոն եւ Թովմասը իր պաշտպանութեան տակ կ՛առնէ:
Վարդան Պալեան բարեկամ զինուորականներու միջնորդութեամբ կախաղանէ կ՛ազատի եւ բանտէն կ՛արձակուի: Երկար փնտռտուքներէ ետք ան Մարոն եւ Թովմասը կը գտնէ ու անոնք զինադադարէն ետք Ա.Մ.Ն. կը մեկնին, նոր կեանք մը սկսելով:
Հեղինակները իրական կեանքէ առնուած արժէքաւոր վկայութիւն մը վիպգրած են, որ գրուած է յստակ ու հաղորդական ոճով եւ միեւնոյն ժամանակ մեզի կը հայթայթէ պատմավաւերագրական հազուագիւտ ու մանրամասն տուեալներ: Հոն կը գտնենք սէր, ատելութիւն, վրէժ, զինեալ պայքար, նահատակութիւն, պատերազմ, խաղաղութիւն եւ վերջապէս վերապրում ու կեանք: Արժէքաւոր գործ մեն է այս գիրքը: