Արարատ Լեռը բարձրանալու նախօրէին, Հինգշաբթի, 16 Յուլիս 2015-ի առաւօտեան, 13-ամեայ Ծովակ Քէօշկերեան այցելեց Սուրբ Էջմիածին, ստանալու Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Վեհափառի օրհնութիւնը: Ծովակին կ’ընկերակցէին Սրբազան Լեռը բարձրանալու առաքելութեան համադրող Գէորգ Գասպարեան եւ Հ.Կ.Բ.Մ.-ի Սահական Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի տնօրէն Նազօ Ճէրէճեանը:
Հանպիպումի ընթացքին, պատուիրակութիւնը Ամենայն Հայոցին ներկայացուց Սրբազան Լեռը բարձրանալու շարժառիթը եւ նպատակը: Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ապահով ուղեւորութիւն մաղթեց բոլորին, ինչպէս նաեւ իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց Ծովակին:
Պատուիրակութիւնը միաժամանակ այցելեց Կաթողիկոսարանի, Ալեք Մանուկեան, Ռուբէն Սեւակ թանգարանները եւ ծանօթացաւ հայ մշակոյթի հարստութիւններուն: