Մեր ազգի մեծագոյն զաւակներէն մէկուն` Յովհ. Թումանեանի ծննդեան 145-ամեակին նուիրուած էր փետրուար 19-ին Գիւմրիի «Օյունջեան» դպրոց-վարժարանին մէջ կազմակերպուած յոբելեանական ցերեկոյթը: 5-րդ «Ա» դասարանի աշակերտներն իրենց ուսուցչուհի Ն. Վարդանեանի հետ դասասենեակը վերածած էին հեքիաթային փոքրիկ աշխարհի. խայտաբղետ գորգեր, գրասեղան, պաստառներ, բանաստեղծի եւ անոր ընտանիքի լուսանկարներ, Լոռիի չքնաղ բնապատկերներ:
Աշակերտները իրենց արտայայտիչ ասմունքով, դերասանական վարպետութեամբ ներկաներուն տեղափոխեցին անմահ լոռեցիի վառ ու գունեղ աշխարհը, ուր հաւաքուած էին անոր բոլոր հեքաթներու հերոսները: Շնորհիւ հմուտ ուսուցչուհիին` բեմադրութիւնը ծաղկաքաղ կը յիշեցնէր, որն աշակերտներու գեղեցիկ կատարումով կը դառնար ամբողջութիւն մը:
Ձեռնարկին աւարտին, չխախտելով օրուան խորհուրդը, աշակերտները գիրքեր նուիրեցին իրարու:
Դասարանը կը թնդար թումանեանական հանճարի հզօր շունչով: Մեծ գրողի ոգին երեխաներուն մէջ էր, եւ անոնք սիրահարուած էին գիւղական պարզ խօսքին ու «մանուկ» Թումանեանին:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Մեր մեծերը» ծրագիրի ծիրէն ներս` իբրեւ արձագանք նախարարութեան կոչին: