Չորեքշաբթի, 9 Մարտին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին երկրորդ Ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց ՀՅԴ նորընտիր Բիւրոյի անդամները` առաջնորդութեամբ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի:
Կուսակցութեան ներկայացուցիչները Վեհափառ Հայրապետին տեղեկութիւններ փոխանցեցին ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր ժողովի աշխատանքներուն եւ արձանագրած արդիւնքներուն վերաբերեալ, անդրադարձ կատարեցին ՀՅԴ հետագայ գործունէութեան առաջնահերթութիւններուն եւ յառաջիկայ կատարելիքներուն:
Այս առիթով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ներկաները շնորհաւորեց Բիւրոյի կազմին մէջ ընտրուելու առիթով` կարեւորելով հայրենիքին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները եւ առկայ ճգնաժամը յաղթահարելու, ազգային ոգին բարձրացնելու , Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք կապերը զօրացնելու ուղղուած ջանքերը:
Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամները քննարկեցին հայրենական կեանքն ու աշխարհասփիւռ ժողովրդին յուզող հիմնախնդիրները, ընդգծեցին համազգային միասնականութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը: Առկայ խնդիրներու դիմագրաւման աշխատանքներուն մէջ շեշտուեցաւ Հայոց Եկեղեցւոյ ազգաշահ առաքելութիւնը: