Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ամերիկահայ Բեմադրիչը Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերող Շարժապատկեր Պիտի Նկարահանէ Հայաստանի ՄԷջ

July 17, 2018
in Newsletter, Մշակութային
0
Ամերիկահայ Բեմադրիչը Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերող Շարժապատկեր Պիտի Նկարահանէ Հայաստանի ՄԷջ

Ամերիկահայ բեմադրիչ Ռոպերթ Տէրանեան մտադիր է 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան մասին ֆիլմ նկարահանել Հայաստանի մէջ: Ան կը ցանկայ ժապաւէնին մէջ ներգրաւել ինչպէս արտասահմանցի, այնպէս ալ հայ դերասաններ:

Այս եւ «Ոսկէ ծիրան» ֆիլմի փառատօնին մասնակցութեան մասին «Արմէնփրես»-ի թղթակիցը զրուցած է Տէրանեանի հետ:

«Կը ձգտիմ պատմական-վաւերագրական կողմէ ներկայացնել Հայոց ցեղասպանութիւնը: Շարժանկարը հիմնուած պիտի ըլլայ յուշագրութեան մը վրայ:  Հետս Հայաստան պիտի բերեմ ստեղծագործող եւ նկարահանող անձնակազմը, բայց կը ցանկամ ֆիլմին մէջ ընդգրկել նաեւ հայ դերասաններ»,-ըսաւ ան:

Բեմադրիչին խօսքով` պիտի ստեղծեն գիւղի պատկեր, ուր տեղի ունեցող գործողութիւնները ցոյց պիտի տան, թէ ինչ  կատարուած է 1915-ին: Կ՛ուզեմ` մարդոց լայն շրջանակն իմանայ այդ պատմական իրողութեան մասին»,-ընդգծեց ան:

Անդրադառնալով այս տարի «Ոսկէ ծիրան» փառատօնին մասնակցութեան` Տէրանեան ըսաւ, որ առաջին անգամ փառատօնի մաս կը կազմէ, բայց  նախապէս բազմիցս այցելած է Հայաստան:

«Այն ֆիլմը` «Տաբուն»-, որ այս տարի ներկայացուցած եմ փառատօնի հայկական համայնապատկեր բաժինին մէջ, շատ նման է Ռոմէոյի եւ Ջուլիետի պատմութեան: Թեման Հայաստանն ու Թուրքիան են: Փորձած եմ աւելի թարմ եւ երկու տեսանկիւնէ ներկայացնել 1915-ին կատարուած իրադարձութիւնները, ատոնց ազդեցութիւնը ներկայիս սերունդին վրայ: Ժապաւէնին մէջ ամերիկահայ ուսանողը կը սիրահարուի թուրք ուսանողուհիի: Աղջիկը,  ի տարբերութիւն տղուն, աղօտ պատկերացում ունի կատարուած դէպքերուն մասին»,-ներկայացուց Տէրանեան:

Բեմադրիչը նշեց, որ շարժանկարը ցուցադրուած է Քալիֆորնիոյ եւ Ֆլորիտայի մէջ: «Չեմ կրնար ըսել հանդիսատեսի շարքերուն մէջ եղա՞ծ են թուրքեր, թէ ոչ, բայց հայ արուեստասէրներն շատ  հաւնած են զայն:

Այս պատմութեան մէջ չի ժխտուիր Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Խնդիրը հետեւեալն է. այնպէս ըսել ու պատմել ատոր մասին, որ դիմացինը կարենայ ընկալել ատիկա: Ֆիլմին մէջ  չեմ ըսեր թուրք աղջիկը ի վերջոյ պիտի հասկնա՞յ ինչ  կատարուած է, թէ ոչ:

Կը կարծեմ, որ արդար եւ ազատամիտ թուրքերն ի վերջոյ պիտի ընդունին եղելութիւնը»,-եզրափակեց բեմադրիչը:

Ռոպերթ Տէրանեան ֆիլմի արուեստ կը դասաւանդէ Գայզէր համալսարանի Ֆլագշիփ ուսանողական աւանին մէջ: Որպէս սենարի հեղինակ,բեմադրիչ եւ արտադրող նշանակալի փորձ ունի թէ՛ գեղարուեստական, թէ՛ վաւերագրական ֆիլմի մէջ (կարճամեթրաժ, լիամեթրաժ, միացեալ): Գիտական աստիճան ունի «Արհեստական միտքը եւ պլազմային բնագիտութիւնը» մասնագիտացմամբ: Ի սպաս դնելով գիտութեան եւ ճարտարագիտութեան ասպարէզներու իր գիտելիքները`  կը նկարահանէ ֆիլմեր, որոնք թէ՛ լուսաբանող են, թէ՛ ժամանցային: Տէրանեան նաեւ արտադրող է, ինչպէս եւ շատ այլ դերեր  ստանձնած նկարահանման հրապարակին վրայ եւ ատկէ  դուրս, ներառեալ պիւտճէի, ծրագրաւորման, նկարահանման տարածքի կազմակերպման, նկարչական ձեւաւորման ոլորտներուն մէջ` արտայայտելով ֆիլմ ստեղծելու իր եռանդն ու կիրքը:

Անոր ֆիլմերն են` «Եզակիութեան սկզբունքը», «Երաժշտութիւն առ խենթութիւն. Կոմիտասի պատմութիւնը», «Երկրորդ օրէնքը»:

Previous Post

Nuclear material stolen a year ago still missing, police give up search – report

Next Post

‘MSM wants us to cast Russia as an enemy & it’s wrong’ – Ron Paul to RT

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.