Սեպտեմբեր 18-ին, ժ.17:00-ին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ համաժողովի ծիրէն ներս Ազգային պատկերասրահին մէջ պիտի բացուի ամերիկահայ նկարիչ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանի անհատական ցուցահանդէսը` «Խաղաղութեան արուեստ» www.PeaceofArt.org (Peace of Art) խորագիրով` նուիրուած Հայաստանի անկախութեան 23-րդ տարեդարձին եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս պիտի գայ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, պիտի մասնակցին Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավարներ եւ ներկայացուցիչներ, Հայաստանէն հասարակական եւ քաղաքական գործիչներ, արուեստագէտներ:
Ելոյթ պիտի ունենայ Հայաստանի նկարիչներու միութեան նախագահ Կարէն Աղամեան:
Նկարիչի արուեստի եւ ներկայացուած ստեղծագործութիւններու մասին պիտի խօսի արուեստագէտ Շահէն Խաչատրեան:
Պետական պատկերասրահի 3 սրահներուն մէջ պիտի ցուցադրուի 61 կտաւ, որոնցմէ 40-ը գծանկարչական աշխատանքներ են, իսկ 21-ը` գեղանկարներ: Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած «Խաղաղութեան արուեստ» հաւաքածուի կտաւներէն մէկը կը կոչուի «Դարու ոճիրը», միւսը` «Ցեղասպանութենէն` անկախութիւն»: Այն կը ներկայացնէ նախորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, յաջորդող ոճիրները, մարդկային անգթութիւնն ու անհանդուրժողականութիւնը:
Ցուցահանդէսի բացումէն անմիջապէս ետք Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ համաժողովի մասնակից Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավարները եւ ներկայացուցիչները պիտի այցելեն Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր եւ ծաղիկներ պիտի դնեն անմեղ զոհերու յուշակոթողին, ինչպէս նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի տարածքին մէջ ծառ պիտի տնկեն: