Ընթացիկ տարուան ամրան, Հայաստան պիտի դառնայ հաւատքի եւ ուխտի կեդրոն՝ աշխարհի զանազան կողմերէ հաւաքուող եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիները ու միութիւնները ներկայացնող առաւել քան 150 երիտասարդներու եւ առաջնորդներու համար: Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան հարիւրամեակին առիթով կազմակերպուած սոյն՝ Հայ աւետարանական երիտասարդական համաժողովը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 12-16-ի միջեւ:
Աւելի քան 15 երկիրներ ներկայացնող այս երիտասարդները պիտի հաւաքուին հայրենիք, ոմանք՝ առաջին անգամ ըլլալով, իրարու հետ հաղորդակցելու իրենց մշակոյթով, ժառանգութեամբ եւ հայ քրիստոնեայ երիտասարդ ըլլալու ինքնագիտակցութեամբ: Անոնք պիտի այցելեն Երեւանի մէջ շարք մը տեսարժան վայրեր եւ պիտի ծանօթանան Աւետարանչականի կողմէ հայրենիքի մէջ ծաւալող կրթական ու բարեսիրական գործունէութիւններուն: Նաեւ, առիթը պիտի ունենան այցելելու Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին:
Խումբը ապա պիտի մասնակցի Աւետարանչականի «Շին-Շողիկ» ճամբարին մէջ կայանալիք չորսօրեայ համաժողովին, ուր պիտի ձգտին ծանօթանալ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ 172-ամեայ ժառանգութեան՝ գնահատելու եկեղեցւոյ ներկայ իրավիճակը եւ զարգացնելու իրենց միտքերը յառաջիկայ տասնամեակներու տեսլականով:
Վերջին հանգրուանով, համաժողովի մասնակիցները պիտի բաժնուին փոքրաթիւ խումբերու եւ մեկնին Հայաստանի մէջ քսան տարբեր ուղղութիւններով, ուր անոնք պիտի մասնակցին այլեւայլ ծառայական ծրագիրներու: Ոմանք պիտի ծառայեն մանուկներու հետ առնչուող ծրագիրներու, ուրիշներ պիտի կատարեն վերանորոգութեան եւ մաքրութեան աշխատանքներ, պիտի այցելեն դժուարութիւններ եւ կորուստներ դիմագրաւող ընտանքիներու՝ խրախուսելու համար զանոնք: Այս բոլորը՝ Քրիստոսի անաղարտ սիրոյ օրինակով եւ հայրենի մեր եղբայրները ու քոյրերը քաջալերելու նպատակով:
Մասնակցող երիտասարդները արդէն ոգեւորուած են հայրենիքը ճանչնալու այս փորձառութեամբ եւ հայրենիքին ի նպաստ իրենց համեստ մասնակցութիւնը բերելու: Անկասկա՛ծ, իրենց այս ջանքերով անոնք պիտի վերադառնան իրենց տուները եւ եկեղեցիները՝ ոգեշնչուած իրենց քրիստոնէական հաւատքով եւ աւելի խարսխուած իրենց ազգային ինքնութեան մէջ:
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը հիմնադրուած է 1918-ին, Միացեալ Նահանգներու Մեսեչուսեց նահանգի Ուսթըր քաղաքը։ Անիկա երկնուեցաւ հայ ժողովուրդին ապրած ամենադժուար օրերուն, օգնելու համար մեր հայրենակիցներուն վերականգնելու իրենց կեանքը Ցեղասպանութեան եւ տեղահանութեան յաջորդող օրերուն: Աւետարանչականը դարձաւ համաշխարհային քրիստոնէական կազմակերպութիւն՝ թիկունք կանգ-նելով Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ գործունէութիւններուն, սատարելով հայրենիքի եւ Սփիւռքի հայութեան հոգեւոր ու ֆիզիքական վերելքին, ինչպէս նաեւ այլոց, որոնք յատուկ կարիքներ ունին:
(Թղթակցութիւնը՝ Ամերիկայի
Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութենէն)