Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու շաբաթ օր յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհրդատուին հետ համաձայնութիւն գոյացուցած է քիւրտ զինեալներուն զէնքի մատակարարման դադրեցման շուրջ:
«Ուաշինկթըն պէտք է շօշափելի քայլեր որդեգրէ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն աջակցութիւնը դադրեցնելու ու անմիջապէս հեռանալու սուրիական Մընպեժէն եւ ոչ թէ խօսքով բաւարարուի»,- ըսած է թրքական դիւանագիտութեան պետը:
Թուրքիոյ նախագահութիւնը իր կարգին յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներ, հեռաձայնային բարձրաստիճան հաղորդակցութեան մը ընթացքին, Թուրքիոյ վստահեցուցած են, որ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն զէնք պիտի չմատակարարեն:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնած է. «Ահաբեկչական ՔԱԿ կազմակերպութեան դէմ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը պիտի ներառէ Մընպեժ քաղաքը, եւ ահաբեկիչները շատ սուղ գին պիտի վճարեն թրքական սահմաններուն դէմ իրենց յարձակումներուն համար»:
«Թրքական պետութիւնը խիստ է անիրաւներուն նկատմամբ եւ գթառատ անիրաւուածներուն նկատմամբ», նշած է ան:
Էրտողան նաեւ յայտնած է, թէ Թուրքիա աշխատանք կը տանի ազատելու «ահաբեկիչներուն» կողմէ գերեվարուած թուրք զինուոր մը` զինք փոխանակելով թրքական ուժերուն կողմէ գերեվարուած «ահաբեկիչներու» հետ: