ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Հալք» դրամատունը, որուն մեծամասնական բաժնետէրը Թուրքիոյ կառավարութիւնն է, 31 Մարտ 2020ին,Նիւ Եորքի մէջ ինքզինք մեղաւոր չհամարեց քրէական այն մեղադրանքներով, ըստ որոնց, դրամատունը օգնած է Իրանին՝ տասնեակ միլիառաւոր տոլարներ եւ ոսկի ապօրինաբար փոխանցելու, կը գրեն Այքան Էրտեմիր եւ Ֆիլիփ Քովալսքի յօդուածի մը մէջ, որ հրապարակուած է 3 Ապրիլին, Ուաշինկթընի մէջ գործող Ժողովրդավարութեան պաշտպանութեան քաղաքականութեան հիմնարկին կողմէ։
15 Հոկտեմբեր 2019ին, Նիւ Եորքի Հարաւային շրջանի դաշնակցային դատարանը «Հալք» դրամատունը մեղադրեց «խարդախութեան, դրամի լուացման եւ պատժամիջոցներու խախտումներու յանցանքով՝ պնդելով, որ «Հալք» դրամատունը եւ անոր ղեկավարները օժանդակած են ոսկիի վաճառքով զբաղող թուրք-իրանցի Ռեզա Զառապի՝ հնարքով «բազմամիլիառ տոլարներ» շրջանցելու Իրանի դէմ Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցները»։
«Սկիզբը «Հալք» դրամատունը հրաժարեցաւ ներկայանալ դատարան՝ պնդելով, որ քրէական մեղադրանքները դուրս են Միացեալ Նահանգներու դատարանի իրաւասութենէն», կը գրեն Էրտեմիր ու Քովալսքի՝ աւելցնելով. «Սակայն, երբ դատախազները առաջարկեցին դատարանին նկատմամբ արհամարհական վերաբերումին համար աւելցնել տուգանքը, որ ութ շաբաթ ետք կրնար 1․8 միլիառ տոլար ըլլալ, դրամատունը համաձայնեցաւ պատասխանել դատական հայցերուն»:
Նախ թուրք եւ իրանցի պաշտօնեաները մշակած էին հնարք մը՝ կազը ոսկիով փոխանակելու, Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցները շրջանցելու նպատակով՝ պնդելով, որ ոսկին կ՛ուղղուի ոչ թէ իրանեան պետական կառավարման մարմիններուն, այլեւ Իրանի «մասնաւոր հատուածին»:
«Վերջապէս, այդ հնարքը իրանեան վարչակարգին բերաւ մօտաւորապէս 13 միլիառ տոլարի թրքական ոսկի, 2012-2013 թուականներու ընթացքին: Երբ 2013ին Միացեալ Նահանգները փակեց «ոսկիի սողանցքը», Իրան օգտագործեց թրքական կեղծ ընկերութիւնները՝ ներկայացնելով հաշիւներ ուտելիքի եւ դեղամիջոցներու կեղծ գործարքներու վերաբերեալ, որոնք իբրեւ մարդասիրական օգնութիւն դուրս կը մնային Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներէն։ Գերհաշուարկի մէկ այլ տխրահռչակ գործով, Թուրքիոյ մէջ տեղակայուած շքեղ զբօսանաւերու ընկերութիւնը օգտագործած է «Հալք» դրամատունը՝ մօտաւորապէս 5․2 թոն շագանակագոյն շաքար վաճառելու համար Իրանի «Փասարկատ» դրամատան՝ մօտաւորապէս 240 տոլար մէկ ֆունտի (0․45 քլկ.) դիմաց», կը պատմեն Էրտեմիր եւ Քովալսքի ։
Այս հնարքը առաջին անգամ Դեկտեմբեր 2013ին բացայայտեցին թուրք քննիչները, որոնք ամբաստանած էին այդ օրերու վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը, անոր շարք մը նախարարները եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, որոնց շարքին՝ «Հալք» դրամատան կառավարիչները։ Էրտողան փակեց քննութիւնը՝ հեռացնելով ոստիկանութեան պաշտօնեաները, դատախազները եւ դատաւորները․․․
Գայթակղութիւնը կրկնուեցաւ Մարտ 2016ին, երբ թուրք-իրանցի պարագլուխ Ռեզա Զառապ ձերբակալուեցաւ Մայամիի մէջ. ան ընտանիքին հետ մեկնած էր Ֆլորիտա՝ Տիզնիի աշխարհը այցելելու։
Մարտ 2017ին, Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները ձերբակալեցին «Հալք» դրամատան գործադիր փոխտնօրէն Մեհմեթ Հաքան Աթիլլան՝ հազիւ Նիւ Եորք ժամանած։ Զառապ ինքզինք մեղաւոր դաւանեցաւ եւ համաձայնեցաւ դատարանին մէջ ցուցմունք տալ Աթիլլայի դէմ։ Զառապ խոստովանեցաւ, որ կաշառք տուած է Թուրքիոյ բարձրաստիճան նախարարներու եւ «Հալք» դրամատան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու: Ան նոյնիսկ Էրտողանը ներառեց կաշառակերութեան հնարքին մէջ՝ յայտարարելով, որ Էրտողան անձամբ հաստատած է ապօրինի գործողութիւնները։
«Մայիս 2018ին, Աթիլլա դատապարտուեցաւ 32 ամսուան բանտարկութեան, բան մը, որ զգալիօրէն աւելի կարճ էր, քան այն, որ նախապէս պահանջած էին դատախազները», կը գրեն Էրտեմիր եւ Քովալսքի՝ աւելցնելով. «Աթիլլայի՝ Թուրքիա վերադարնալէն ետք, Էրտողան պատժամիջոցները խախտողին պարգեւատրեց՝ զայն նշանակելով Պոլսոյ հիմնադրամային սակարանի գործադիր տնօրէն՝ հետեւելով նախագահին հաստատած ձեւին՝ հատուցելով Զառապի այլ աւագ յանցակիցները շահաւէտ նշանակումներով»։
Էրտողան անձամբ դիմեց նախագահ Թրամփին եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու՝ արգելափակելու համար «Հալք» դրամատան դէմ դատական գործը՝ պնդելով, որ Միացեալ Նահանգներու դատարանները իրաւունք չունին դատելու Թուրքիոյ քաղաքացիները:
«Զառապի կեղծ ընկերութիւններէն մէկը՝ Royal Holding A.S.ը, իբրեւ հասցէ նշած է Պոլսոյ մէջ Թրամփի աշտարակներուն 35րդ յարկաբաժինը։ Նախքան դրամներու լուացման, պատժամիջոցներու շրջանցման եւ կաշառակերութեան համար մեղաւոր յայտարարուիլը, Զառապ վարձած էր Թրամփի անձնական փաստաբան Ռուտի Ճուլիանին՝ ստուերային դիւանագիտութեան քարոզարշաւը ղեկավարելու համար, ինչ որ կրկնուեցաւ Ուքրանիոյ մէջ։ Երթեւեկելով Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի եւ Սպիտակ տան միջեւ, Ճուլիանի տեսակցեցաւ Էրտողանի, Թրամփի, նախկին արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի եւ Ամերիկայի այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու ու Թուրքիոյ պաշտօնատար անջերու հետ՝ փորձելով բանակցիլ բանտարկեալներու փոխանակման շուրջ: «Նիւ Եորք Թայմզ»ը հաղորդեց, որ Թիլըրսըն դիմադրած է գործարքին համար Սպիտակ տան ճնշումին, բան մը, որ փաստացիօրէն պիտի յանգեցնէր Զառապի դատական գործի կրճատման», յայտնեց Courthouse-ի լրատուական ծառայութիւնը ։
Էրտողանի եւ Ճուլիանիի ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղաւ դատական քննութիւնը կասեցնել գրեթէ երկու տարի, սակայն, վերջապէս ձախողեցաւ, երբ անցեալ տարուան Հոկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու դատախազութիւնը Նիւ Եորքի Հարաւային շրջանին մէջ մեղադրանքներ առաջադրեց։
Ծերակոյտի ֆինանսական հարցերու յանձնախումբի դեմոկրատ ծերակուտական Ռոն Ուայտըն հետեւեալը ըսաւ Courthouseի լրատուական ծառայութեան․ «Ըստ ամենայնի, Տանըլտ Թրամփ կը կատարէր Էրտողանի եւ Ճուլիանիի հրամանը. իսկապէս հարցեր կային այն մասին, թէ արդեօք ասիկա «Հալք» դրամատունը փրկելու համա՞ր էր, թէեւ կային մեղադրանքներ այն մասին, որ անոնք ղեկավարած էին պատժամիջոցներէ խուսափելու պատմութեան մէջ ամէնէն մեծ հնարքը»:
2020ի սկիզբը, Ծերակոյտին մէջ նախագահ Թրամփի պաշտօնազրկման գործընթացի ժամանակամիջոցին, ծերակուտականներ Ուայտըն, Ռապըրթ Մենենտեզ եւ Շերըտ Պրաուն միացեալ հարցում մը ուղղեցին, զոր Ծերակոյտին մէջ բարձրաձայն ընթերցեց գլխաւոր դատաւոր Ճան Ռապըրց․ «Արդեօք նախագահը դրսեւորա՞ծ է այսպիսի վարքագիծ, որով իր անձնական եւ քաղաքական շահերը վեր դասած է Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան շահերէն»։
Ուայտըն Courthouse- լրատուական ծառայութեան յայտնեց նաեւ հետեւեալը․ «Տանըլտ Թրամփ զգալիօրէն ֆինանսական հետաքրքրութիւններ ունի Թուրքիոյ մէջ (նկատի ունենալով Պոլսոյ մէջ գտնուող Թրամփի աշտարակները): Մենք պարբերաբար կը կարդանք, որ անոր ընտանիքը անձնական յարաբերութիւններ հաստատած է թուրք կարեւոր պաշտօնեաներու հետ: Եւ այսպէս, դուք պէտք է հարցնէք, թէ ո՞րն է մեր հետաքննութեան մասը՝ արդեօք Թրամփի քաղաքականութիւնը Թուրքիոյ նկատմամբ նշանակալի ձեւով երանգաւորուած է իր անձնական եւ քաղաքական շահերով եւ ոչ թէ երկրի ազգային անվտանգութեամբ»:
Եթէ «Հալք» դրամատունը մեղաւոր նկատուի Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցները խախտելուն մէջ, դատարանը կրնայ մեծ տուգանք սահմանել անոր՝ անկախ նախագահ Թրամփի ցանկութիւններէն:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ