ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռիչըրտ Միլզ Հինգշաբթի, 5 Յուլիսին, լրագրողներու յայտնեց, որ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ հանդիպման ընթացքին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ խոստացած էր Հայաստանին՝ աջակցիլ «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» ծրագիրի իրականացման ուղղութեամբ:
«Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» ծրագիրները իրականացնելու ատեն անհրաժեշտ է, որ երկիրը համապատասխանէ կաշառակերութեան դէմ պայքարի, քաղաքական եւ քաղաքացիական ազատութիւններու հետ առընչուող որոշ չափանիշներու: Մենք կ՛աշխատինք ձեր կառավարութեան հետ, որպէզի աջակցինք անոր», ընդգծեց դեսպան Միլզ:
Եզրափակելով իր խօսքը, ան նշեց, որ այդ փոփոխութիւնները անհրաժեշտ են Հայաստանին եւ համահունչ են ժողովուրդի եւ կառավարութեան փափաքներուն: