Երկուշաբթի, 19 սեպտեմբերին, Մ. Նահանգներու նախաձեռնութեամբ Միրզոյեան-Պլինքըն-Պայրամով եռակողմ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի մէջ:
Հանդիպումէն ետք, Պետական քարտուղար Անթոնի Պլինքըն, մինչեւ սեպտեմբերի աւարտը դարձեալ հանդիպելու կոչ ուղղեց Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի իր պաշտօնակիցներուն: