Տոքթ.Արմենակ Եղիայեան
«Պայքար»-ը մեր այն շաբաթաթերթերէն է, որ կը հաւատայ հրապարակագրութեան կարեւորութեան, առաքելութիւն մը կը նկատէ զայն, որ ընդհանրապէս արտատպում չի կատարեր եւ յօդուածները աշխատակիցներու օրը-օրին գրածներն են. որուն ամէն թիւը օժտուած է տպաւորիչ խմբագրականով մը, որ բնաւ բռնազբօսիկ չէ, այլ կը բխի այժմէականութիւն ունեցող հարցէ մը,– առհասարակ ազգային բնոյթի,– որուն մասին ունի իր յստակ տեսակէտը եւ առաջարկները: Իր այս յատկութիւններով ան շատ կը յիշեցնէ հայրենի «Ազգ»-ը: Սակայն այս վերջինէն կը տարբերի լեզուական կարգ մը թերացումներովն ու արատներովը, որոնց պիտի ակնարկեմ ստորեւ՝ ակնկալելով, որ կարելի ըլլայ սրբագրել կամ գէթ նուազագոյնի իջեցնել զանոնք:
Կը հիմնուիմ 2 սեպտեմբեր 2019-ի թիւին վրայ:
* *
*
***յետագայ եւ հետագայ
—Խմբագրականին մէջ գործածուած են այս երկուքը հաւասարաապէս, իսկ այլ յօդուածներու մէջ կը գտնենք միայն յետագայ:
Հայերէնը յետագայ չունի. եթէ նման բառ մը ունենայինք,– եթէ՜՜՜ ունենայինք,– ապա ան պիտի նշանակէր «ետեւ եկող», ինչպէս յեդադարձ կը նշանակէ ետեւ դարձած, յետամնաց կը նշանակէ ետեւ մնացած, յետընթաց կը նշանակէ ետեւ ընթացող եւ այլն:
Ուրեմն յանձնարարելի է, որ այլեւս վերջ տանք յետագայ կոչուած մտացածին յերիւրանքին եւ կիրարկենք ճիշդ ու հայեցի հետագայ բառը:
***ոյժական քարտուղարուհի մը
—ոյժ կը հնչիւնափոխուի ու կու տայ ուժական, այսինքն՝ ոյժ>ուժ:
Ճիշդ ինչպէս՝ յոյս…յուսալի, կոյս…կուսական, յոյն…յունաստան եւ այլն:
Թելադրելի է, որ որեւէ դիրքի վրայ ոյժ չգրուի այլեւս, այլ միայն ուժ, նաեւ՝ անուշ, նմուշ:
Ասոնք բառեր են, որոնք 1000 տարիէ ի վեր ու-ով կ’արտասանուին:
***Ռուս-թրքական գործակցութեան արդիւնքով…եղաւ աղիտաբեր (էջ 4):
Որուն արդիւնքով Թրամփ պիտի արգիլէր… (էջ 4):
—Այս արդիւնքով կոչուած կոտոշաւոր ռուսաբանութիւնը պէտք է թօթափել այլեւս, պարզապէս ամօթ է մեր լեզուն եւ թերթերը աղարտել ասով:
Համբիկ Մարտիրոսեան չի յաջողիր անդրադառնալ այսքանին. քանիցս յանձնած եմ զայն իր ուշադրութեան՝ առանց արդիւնքի: Կը մնայ, որ խմբագրութիւնը ի՛նք աւելի աչալուրջ ըլլայ իր աշխատակիցներու լեզուական յոռի բարքերուն:
Պէտք է ըսել՝ պատճառով, հետեւանքով…նաեւ՝ շնորհիւ, բերումով:
Միւս կողմէ՝ արդի հայը չի գործածեր աղիտաբեր ծեքծեքուն ձեւը, այլ կ’ըսէ աղէտաբեր. այս վերջինը կը գտնենք նոյնիսկ Ե. դարու մեր մատենագիրներուն քով, ալ ո՛ւր մնաց 21-րդ դարու գրողի գրիչին տակ, ուր աղիտաբեր-ը պարզապէս…ծիծաղելի կը հնչէ:
***Փոխ յարաբերութիւններ (էջ 4), փոխ-նախարար (էջ 6)
—Երկուքն ալ սխալ են. փոխ ածանցը բառէն անկախ կամ գծիկով միացած չի՛ գրուիր, այլ ուղղակի կը կցուի բառին. օրինակ՝ փոխյարաբերութիւն, փոխատենապետ, փոխարքայ, փոխտնօրէն եւ այլն: Հայերէնը բառէն անջատ գրուող ածանց չունի՜՜՜:
Ձեր աշխատակիցներուն ապիկարութեան զոհ մի՛ դարձնէք մեր լեզուն:
***Սփիւռքը, վերաբերուեցաւ անձնական մօտեցումներով (էջ 5):
—Վերաբերիլ բայը չէզոք է եւ կրաւորական չունի, թող որ լեզուն այդ կրաւորականին կարիքն ալ չունի: Ուրեմն պէտք է ըսել վերաբերեցաւ:
Միւս կողմէ՝ «սփիւռքը» ենթակային քով դրուած ստորակէտը աւելորդ ու սխալ է. ենթական ստորոգիչէն ստորակէտով չի՛ տրոհուիր, սա ըլլալիք բան չէ՜: Հարց է, թէ մեր գրողները ո՞ւր կը սորվին այս չքնաղ քերականութիւնն ու կէտադրութիւնը:
Նոյն տեղը կը գտնենք զբօսաշրջիկային ածականը՝ «զբօսաշրջիկային տարածք մը»:
Զբօսաշրջիկ բառը կու տայ զբօսաշրջային, զբօսաշրջական, զբօսաշրջութիւն եւ այլն:
Այսինքն՝ զբօս արմատով կը կազմենք նոր բառերը եւ ո՛չ թէ զբօսաշրջիկ-ով:
Թերթին այս թիւին մէջ բազմիցս գործուած է այս անթոյլատրելի սխալը:
***«Հոն կը պակսէր, նախարարութեան «քատր»-ային կազմի բացակայութիւնը» (էջ 5):
—Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ մարդ ինչպէ՞ս կը զգայ բացակայութեան մը,– որ կը նշանակէ չգոյութեան մը,– պակսիլը…եւ ինչպէ՞ս այսպիսի բան մը կը գրուի սեւով ճերմակի վրայ ու կը հրամցուի ընթերցողներու:
Այս ի՞նչ մտածողութիւն է, ի՞նչ լեզու է, ինչ բանականութի՜՜՜ւն է:
Պէ՞տք է մինչեւ այստեղերը իջնէ հայ գրողը ու իր հետ իջեցնէ հայերէնն ալ:
Բացակայութիւն մը՝ կը զգացուի, կը նկատուի, կը շեշտուի եւ այլն:
Օրինակ՝ «Հետզհետէ կը շեշտուի արեւմտահայերէնը ճիշդ գործածողներու բացակայութիւնը»:
Միւս կողմէ՝ հո՛ս եւս ստորակէտով տրոհուած են բացակայութիւնը ենթական եւ կը պակսէր ստորոգիչը:
***Նշանակեալ սփիւռքի յանձնակատարը…(էջ 5):
Սփիւռքը չէ որ նշանակեալ է, այլ յանձնակատա՛րը, որ Հրանուշ Յակոբեանն է այս պարագային:
Ուրեմն՝ «Սփիւռքի նշանակեալ յանձնակատարը…»:
***Փաշինեանը կը սիրեմ, սակայն Հայաստանը աւելի՛» խորագրեալ յօդուածին մէջ (էջ 6), Վարդգէս Գուրուեան կը գրէ. «Կրնա՞ք ինծի եւ դուք ձեզ վստահեցնել»:
—Վստահեցնել ներգործական բային տրուած է երկու անհամասեռ խնդիր,– ինծի՝ տրական հոլով, եւ ձեզ՝ հայցական հոլով: Պէտք է առաջինն ալ ըլլայ զիս՝ հայցական:
Նոյնին գրիչին տակ կը գտնենք՝ «կարելի պիտի չ’ըլլայ»,– որ սխալ է. պէտք է գրել՝ «պիտի չըլլայ»՝ առանց ապաթարցի:
Աւելի անդին՝ նոյն սխալը. «Արդէն հայ կամ Հայաստան մնացած պիտի չ’ըլլայ» (էջ 15):
Եւ տակաւին՝ «բնակչութիւնը…պիտի չէզոքանան»: Չեղա՜ւ…բնակչութիւնը հաւաքական եւ քերականօրէն եզակի գոյական է, ուրեմն՝ «բնակչութիւնը…պիտի չէզոքանայ»:
Այլեւ՝ «մասնագէտներու տեղեկագիրը նկատի առնուա՞ծ են»,– ուր նկատի առնուողը մասնագէտները չեն, այլ տեղեկագիրը՝ եզակի. ուրեմն «տեղեկագիրը նկատի առնուա՞ծ է»:
—Սարգել (էջ 15 ) չունինք, այլ սարքել:
—«Չեն տեսներ ու քայլեր առնէր»,– պէտք է ըլլայ առներ:
Կը մնայ Գուրուեանին թելադրել, որ շարունակէ սիրել Հայաստանը, սակայն սիրէ հայերէ՛նը եւս… ճի՛շդ գրելով զայն: Մէկը առանց միւսին անկատար պիտի մնայ:
***Զաւէն քհնյ Արզումանեան կը գրէ թէ՛ յետ եղեռնեան, թէ՛ յետ-պատերազմեան (էջ 12):
—Երկուքն ալ սխալ են. յետ նախածանցը պէտք է կապել բառին, այսպէս՝ յետեղեռնեան եւ յետպատերազմեան: Նոյն պէս ալ փոխ ածանցը, որուն ակնարկեցինք վերը:
Հայերէնը բացարձակապէս չունի որեւէ ածանց, որ բառէն անջատ գրուի կամ գծիկով կապուի անոր: Այս կանոնը չեն հասկնար «Հասկ»-ը, «Ժամանակ»-ը եւ «Պայքար»-ը:
—Նոյն քահանան կը գրէ հայ եկեղեցի եւ Հայ Եկեղեցի. երկուքն ալ սխալ են. պէտք է գրել «Հայ եկեղեցի» ու վե՛րջ:
—Անմիօրինակութեանց անհեթեթ շարքին մէջ կը գտնենք՝ Կաթողիկոսները, Պատրիարքները եւ եպիսկոպոսները: Այս վերջիններուն մեղքը ի՞նչ է, որ գլխագրումի չեն արժանացած առաջին երկուքին պէս: Ասոնք ալ Աստուծոյ սպասաւորները չե՞ն, ինչո՞ւ այս շիլ աչառութիւնը: Պայմա՞ն է, որ մարդ կաթողիկոս կամ պատրիարք ըլլայ՝ գլխագրուելու համար: Հապա ինչո՞ւ յօդուածագիրը փութաջանօրէն գլխագրած է իր կարգը, որ շատ հեռու է ասոնցմէ:
Իրողութիւնը այն է, որ ասոնցմէ ոչ մէկը գլխագրելի է, բացարձակաապէս ոչ մէկը, վասնզի յատուկ անունը թելադրող ոչ մէկ յատկանիշ կը ներկայացնեն անոնք. մանաւանդ որ…բոլորն ալ յոգնակի են, այլ խօսքով՝ մէկհատիկութեան գաղափարը բացարձակապէս չեն թելադրեր: Այսքա՜ն կաթողիկոս ունեցած ենք…էլի՛ կ’ունենանք, այսքա՜ն պատրիարք ունեցած ենք…էլի՛ կ’ունենանք, չհաշուած միւսները եւ քահանաները, որոնց թիւը յայտնի ալ չէ: