Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ամերիկեան Նոր Պատժամիջոցներ` Լիբանանի Մէջ Գործող Երկու Ընկերութիւններու Դէմ

September 18, 2020
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Great time for long-term investors to put money into U.S.: Mnuchin

Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սթիվըն Մնուչին յայտարարեց, որ OFAC-ը` նախարարութեան պատկանող արտասահմանեան կալուածներու վերահսկողութեան գրասենեակը, պատժամիջոցներ սահմանած է Լիբանանի մէջ հիմնուած Arch Consulting եւ Meamar Construction ընկերութիւններու նկատմամբ` տրուած ըլլալով, որ անոնք կը պատկանին Հըզպալլայի կամ ենթակայ են անոր վերահսկողութեան: Սառեցուած են նաեւ սեփականութիւնները եւ շահերը գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ Սուլթան Խալիֆա Ասաատի, որ սերտ կապեր ունի երկու ընկերութիւններուն հետ: Մնուչին աւելցուց, որ` շահագործելով Լիբանանի տնտեսութիւնը եւ  խաբելով Լիբանանի փտած պատասխանատուները, Հըզպալլայի հետ կապ ունեցող ընկերութիւնները պետական պայմանագիրեր կը ստանան:

Մնուչին ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու է թիրախաւորելու Հըզպալլան եւ անոր հետեւորդները, որովհետեւ  անոնք փտած ձեւով կը շահագործեն լիբանանեան աղբիւրները, որպէսզի  հարստացնեն իրենց ղեկավարները, մինչ լիբանանցի ժողովուրդը կը տառապի ոչ բաւարար ծառայութիւններէ: Մնուչին յայտնեց, որ Հըզպալլայի գործունէութիւնը  վնաս կը  պատճառէ  Լիբանանի տնտեսութեան տարբեր կողմերուն, ներառեալ` շինարարութեան եւ ենթակառոյցի մարզերուն եւ կ՛օգտուի Arch եւ Meamar ընկերութիւններէն, որպէսզի վերջիններս դրամական փոխանցումները Հըզպալլայի սեփական հաշիւներուն կատարեն,հարստացնելով Հըզպալլայի ղեկավարները եւ լիբանանցի ժողովուրդը զրկելով իր դրամներէն:

Նախարար Մնուչին նշեց, որ Հըզպալլա դաւադրութիւն կը կազմակերպէ լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ, ներառեալ` հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան նախկին նախարար Եուսեֆ Ֆինեանուսի, միլիոնաւոր տոլարներու պետական պայմանագիրեր ուղղելով այդ ընկերութիւններուն, որոնք կը վերահսկուին Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդին կողմէ:

Մնուչին բացատրեց, որ Arch-ը եւ Meamar-ը  այն բազմաթիւ ընկերութիւններուն շարքին  եւն, որոնք Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդին կը պատկանին` նշելով, որ Հըզպալլա կ՛օգտագործէ այս ընկերութիւնները իր դրամական փոխանցումները ծածկելու եւ փախուստ տալու ամերիկեան պատժամիջոցներէն: «Հըզպալլա 2019-էն ի վեր գործակցած է Ֆինեանուսի հետ, որպէսզի Arch եւ Meamar ընկերութիւնները յաջողին միլիառաւոր տոլար արժող լիբանանեան պետական պայմանագիրեր ստանալ: Այս ընկերութիւնները, իրենց կարգին, այս պայմանագիրներէն ստացած իրենց շահերը ուղարկած են Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդին: Սուլթան Խալիֆէ Ասաատ արձանագրուած է Meamar ընկերութեան հիմնադիրը, եւ շարք մը անհատներ, որոնք արձանագրուած են այդ ընկերութեան փաստաթուղթերուն վրայ, ունին Հըզպալլայի հետ», նշեց Մնուչին:

Փոմփէոյի Արձագանգը

Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մայք Փոմփէօ արձագանգեց ամերիկեան ելեւմուտքի նախարարութեան կողմէ Arch Consulting եւ Meamar Construction ընկերութիւններուն նկատմամբ սահմանուած պատժամիջոցներուն:

Ան կատարեց թուիթըրեան հետեւեալ գրառումը. «Հըզպալլա կ՛որդեգրէ փտած ինքնահարստութիւնը, որպէսզի իր օրակարգերը յառաջ մղէ Լիբանանի մէջ: Մենք այսօր ապօրինի դասակարգեցինք Հըզպալլայի հետ կապ ունեցող երկու ընկերութիւններ եւ ծրագիրներ ունեցող պատասխանատու մը: Լիբանանի ժողովուրդը լաւագոյնին արժանի է եւ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակէ պայքարիլ փտածութեան դէմ»:

Previous Post

10 best exercises to lose weight

Next Post

Rapid 90-minute COVID-19 test shown to be highly accurate

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.