Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ամերիկեան Քոնկրեսի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Կը Դրուատէ Պիթարի Պարկեշտութիւնը

October 4, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Beirut blast probe faces derailment for second time

Ամերիկեան Քոնկրեսի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ յանձնախումբը դրուատիքով անդրադարձաւ Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատախազ Թարեք Պիթարի պարկեշտութեան:

Ամերիկացի կարգ մը քոնկրեսականներ կոչ ուղղեցին Լիբանանի կառավարութեան` պահպանելու դատական իշխանութեան առողջ գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ  Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատախազներուն ապահովութիւնը:

Հաղորդագրութիւնը լուսարձակի տակ կ՛առնէ նաեւ նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը առկախելու իմաստով Հըզպալլայի դերակատարութիւնը:

Ամերիկացի քոնկրեսականները հաստատեցին, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է հսկէ հետաքննութեան պատասխանատու դատախազներուն ապահովութեան, որպէսզի անոնք կարենան շուտով աւարտել հետաքննութիւնը:

Ֆատլալլա Կը Դատապարտէ Նաւահանգիստի Պայթումին
Հետաքննութեան Ամերիկեան Միջամտութիւնը

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա խստիւ դատապարտեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան մէջ ամերիկեան միջամտութիւնը` ընդգծելով, որ անիկա լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւն է, ինչպէս նաեւ այդ դէպքին հետաքննութեան բացայայտ միջամտութիւն, որուն նպատակն է դատական վճիռներ պարտադրել:

Ֆատլալլա հաստատեց, որ ամերիկեան միջամտութեան դէմ կարիքը կայ լիբանանեան պետական յստակ կեցուածքի մը, որ կը պաշտպանէ երկրին գերիշխանութիւնը եւ կը մերժէ արտաքին ճնշումներն ու պարտադրանքները:

Ազգային Ազատ Հոսանքը Կը Զգուշացնէ
Պայթումի Հետաքննութիւնը Արգելակելու Փորձերէն

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը շաբաթավերջի իր նիստին ընթացքին զգուշացուց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութիւնը արգելակելու փորձերէն, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ ոեւէ քաղաքական ուժի կողմէ պատասխանատուութիւնները կորսնցնելու ճիգերը մերժելի են:

Խորհուրդը հաստատեց նաեւ, որ պէտք չէ անձեռնմխելիութիւնները պատրուակել` ճշմարտութիւնը բացայայտելու քայլերուն դէմ:

«Պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատախազը պաշտօնէ արձակելու կամ զայն հրաժարականի մղելու ճնշումները յետին նպատակներու ցուցանիշներ են, ինչպէս նաեւ կը բացայայտեն հետաքննութիւնը սառեցնելու եւ արդարութիւնը խափանելու միտումներու գոյութիւնը: Մինչդեռ հետաքննութեան պարտականութիւնն է բացայայտել դրդապատճառները, ինչպէս նաեւ քողազերծել ամոնիում նայթրէյթի սեփականատէրերը եւ այդ նիւթը ներածողները, յատկապէս նկատի ունենալով այն տուեալը, թէ քիմիական նոյն նիւթը բացայայտուած էր նաեւ Պեքաայի մէջ», հաստատեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը:

ՆՇԵՆՔ, որ այսօր երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն հարազատները բողոքի ցոյց մը պիտի կատարեն նաւահանգիստի թիւ 3 դարպասին դիմաց` պահանջելու համար շարունակել հետաքննութիւնը եւ բացայայտել այդ պայթումին դրդապատճառները:

Previous Post

The Post-Merkel Era German Conservatives Need to Take a Step Back

Next Post

What the Yahoo! Assange Report Got Wrong

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.