ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՈՂԼԵԱՆ
Երեքշաբի 17 Օգոստոսին, մահուան 15-րդ տարելիցն էր երախտաշատ ուսուցիչ, հմուտ երաժշտագէտ-խմբավար եւ հանրային ու կուսակցական գործիչ՝ Գէորգ Գանտահարեանի, որու յիշատակին նուիրուած Լիբանանի Վանայ ձայն հայկական ռատիոկայանի յայտագրին մասնակից դարձայ հեռակայ վկայութեամբ մը, զոր կը տեղադրեմ էջիս, որպէսզի ֆէյսպուքի ճամբով եւս ներկայացուի կրթական մշակին ուրուագիծը եւ անդրադարձ մը կատարուած ըլլայ անոր վաստակին:
Նախ ըսեմ, որ անձս աշակերտած է Գէորգ Գանտահարեանին, աւելի հարազատ՝ «մեր պարոնին», դպրեվանքի մէջ, ուր ներքին տեսուչ էր ան, այսինքն՝ նաեւ հսկիչ: Այնպէս որ, իմ վկայութիւնը ապրուած կեանքի վկայութիւն է եւ ոչ թէ քաղուած այլոց գրութիւններէն կամ վկայութիւններէն:
Այս կը նշանակէ, թէ վկայութիւնս առարկայական պիտի չըլլայ: Թերեւս: Արդէն ես ալ չեմ ուզեր առարկայական ըլլալ, երբ խօսքը կը վերաբերի անձնաւորութեան մը, որ դասատու ըլլալէ առաջ ու ետք , անձին օրինակով կողմնացոյց մըն էր իրեն աշակերտողներուն համար եւ մեզ կ’առաջնորդէր դէպի այն արժէքները, որոնք մարդը առաւել «կը մարդացնեն» եւ հայը աւելիով «կը հայացնեն»: Բայց տուրք մը տալու համար առարկայականին, փաստական գէթ մէկ իրողութիւն, որ կապուած պիտի մնայ իր անունին :
1950-ականի կէսերուն եկեղեցական տխուր վէճեր պղտորեցին հայ կեանքը: Այդ վէճերուն հետեւանքով հոգեւոր դասէն նկատառելի թիւ մը հեռացաւ Անթիլիասի մայրավանքէն, մինչ նորանոր թեմեր կը միանային Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան: Առաջնորդներու, ի հոգեւորս ծառայողներու սուր պահանջք կար գաղութներէն, բայց տրամադրելի միաբաններ չկային: Ահա այդ խառնաշփոթ ու դժուար օրերուն Գէորգ Գանտահարեան, ինքն ալ դպրեվանքէն շրջանաւարտ, կը վերադառնայ հոն եւ կը ստանձնէ անոր ներքին տեսուչի պաշտօնը: Իր գլուխը վեղարով չի զարդարուիր , բայց այդ օրէն մինչեւ իր կեանքին վերջը բառին բուն ու ամբողջական իմաստով, իբրեւ անվեղար վարդապետ, այսինքն իբրեւ ուսուցանող ու դաստիարակ, դպրեվանքի յաջորդական սերունդներուն ցոյց տուաւ ան ծառայութեան ճանապարհը եւ նորանոր հունձքերով ամրապնդուեցաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը:
Անշուշտ մինակը չէր ինք: Երախտաշատ այդ գործին լծուած էին ուրիշներ ալ: Յաջորդական տեսուչներու, մտաւորական ուսուցիչներու շունչն ալ կար եւ կաթողիկոսներու հովանին: Բայց անոնց ներկայութիւնը ժամանակաւոր էր, յաճախ պարբերական , իրը՝ մնայուն, ուսանողներուն հետ, միշտ պատնէշին վրայ, գործին առանցքը՝ իբրեւ կրթող, դաստիարակ , ուսուցանող: Տարիներ շարունակ ապրեցաւ ուսանողներուն հետ ու անոնց պէս: Առտու կ’արթննար անոնց հետ, բաժնեկից էր միեւնոյն ճաշին ու ճաշասեղանին: Բնակութեան համար իրեն յատկացուած փոքր սենեակը թէ’ իր ննջարանն էր, թէ’ աշխատասենեակը՝ սովորական պարզ աթոռով մը: Պահարանն ու մահճակալը ճիշդ նոյնը, մերինէն: Այս մանրամասնութիւնները կ’ըսեմ, շեշտելու համար, որ ուսուցչութինը մեր պարոնին համար պարզ ասպարէզ մը չէր, այլ, իրմէ յաճախ լսուած բառով՝ «անձնդիր» առաքելութիւն էր՝ ազնիւ ու հաստատ նկարագրով սերունդ հասցնելու մղումով:
Գէորգ Գանտահարեանի գործունէութիւնը ընդհանրապէս սահմանափակուեցաւ Սուրիա-Լիբանան: Բայց եւ այնպէս փաստ է, որ իր շունչը տարածուած է հայաշխարհի մէջ: Ըսեմ, որ չգիտցողները գիտնան, թէ Արամ Ա. կաթղ.ը, Կիլիկեան թեմերու ԱՆԽՏԻՐ բոլոր առաջնորդները, տասնեակներով հոգեւոր ծառայողներ,(քահանայ, վարդապետ, եպիսկոպոս-արքեպիսկոպոս), ուսուցիչ-տնօրէններ, խմբավարներ, հանրային թէ կուսակցական գործիչներ աշակերտած են իրեն, իր շունչով դաստիարակուած եւ այդ շունչը հասցուցած բոլոր թեմերէն ներս՝ Սուրիա, Լիբանան, Կիպրոս եւ Յունաստան, Քուէյթ ու Պարսկաստան եւ Ծոցի երկիրներ, Միացեալ Նահանգներ ու Գանատա եւ մինչեւ Վենեզուելլա: Անոնցմէ ամէն մէկը իր դիրքէն ու պաշտօնին մէջ կը ծառայէ ազգին ու եկեղեցիին եւ հայակրթութեան:
Պատահած է, որ երբեմն մտովի ինքզինքիս հարց տուած ըլլամ, թէ Գէորգ Գանտահարեանը ուսուցիչ-դաստիարակ եթէ եղած չըլլար, ի՞նչ պաշտօնի մէջ պիտի պատկերացնէի զինք եւ յանգած եմ մէկ ու միակ եզրակացութեան. ոչ այլ ինչ, միա’յն ուսուցիչ-դաստիարակ եւ …երգչախումբի խմբավար, ինչ որ այլ մարզի մէջ նոյնպէս դաստիարակի գործ է…:
Կը յիշեմ, իր մահէն քանի մը տարի առաջ էր: Արամ Ա. կաթղ.ին նախաձեռնութեամբն ու հովանաւորութեամբ համասփիւռքեան համագումարի մը կը քննարկուէին կրթական խնդիրներ : Երէցներու վերապահութեան դիմաց , խօսք կը ծաւալէր , որ internet-ի լիարժէք օգտագործումով գրեթէ ձեւական կամ լրացուցիչ դեր կը վիճակուի ուսուցչին: Կը փաստարկուէր, թէ բաւ է որ մատդ համակարգչի մէկ կոճակին կոխես , որպէս զի աչքիդ առջեւ բացուի փնտռած գիտութիւնդ, ուսուցչին տալիքներէն շատ աւելին , նոյնիսկ անոր չգիտցածը : Internet-ի հանդէպ զեղումը կը չափազանցուէր…
Հոն էր, որ անգամի մը համար իր պարզութենէն եւ ժողովականի հանգամանքէն դուրս գալով միջամտեց պարոնը , պոռթկալով.– « Ինչե՞ր կ՛ըսէք, կրթութիւնը կ՛առաջարկէք յանձնել անհոգի մեքենաներո՞ւ: Հապա ո՞ւր կը մնայ մարդը , ո՞վ պիտի մշակէ մարդը՝ աշակերտին մէջ: Չէ՞ որ մարդն է, որ գործէ զերկիր» …
Դէմքին մշտակայ ժպիտը չկար : Այդ պահուն , ժողովական Գանտահարեանը չէր, յայտնօրէն կը պոռթկար իր մեծութիւնը , աննման ԴԱՍՏԻԱՐԱԿԸ, ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿԸ, որուն համար ինչ ալ ըլլար հարցումը , պատասխանը միանշանակ ու անշեղօրէն նոյնն էր՝ ՄԱՐԴԸ , գլխագիր տառերով :
Գիտէ՞ք, մանկավարժութիւնն ու մանկավարժներ կրթական գոդծը արդիւնաւորելու, դաստիարակուողին թերութիւնները , շեղումներն ու անկարգութիւնները դիմագրաւելու եւ զանոնք ուղղելու համար առհասարակ կ’առաջարկեն վերաբերումի տարբեր-տարբեր եղանակներ,– թելադրանք , յանդիմանութիւն, զսպիչ միջոցառումներ, նաեւ՝ թեթեւ ու ծանր սա կամ նա պատիժի ձեւ եւ այլն…:
Ընդունուած այս «օրէնքին» բացառութիւնը կը գտնուէր յոբելեարին՝ մեր պարոնին քով , որ խորապէս կը հաւատար , թէ մեծ ու փոքր ամէն մէկ մարդ էակի հոգիին մէկ անկիւնը անպայման կայ պարկեշտութեան, ազնուութեան գիծ մը : Անուշ լեզուով ու քաղցր ժպիտով կը փնտռէր ու կը գտնէր այդ գիծը եւ կը ձեռնարկէր անոր մշակումին: Թերութիւններէն աւելի աշակերտին մէջ տեսնել պարկեշտութեան գիծը եւ անիկա մշակել : Եւ ուշադրութիւն. այն տարիներուն, երբ հայկական մանկավարժութեան միջավայրի մէջ «կը վեհապետէին» գաւազանն ու ծեծը…
Վստահ եմ, այս սկզբունքն էր աշակերտները հմայելու , իրեն կապելու մեր պարոնին կախարդական գաղտնիքը, ինչպէս նաեւ իր զուարթամտութիւնն էր (հիւմըրը) եւ դէմքէն ցոլացող մշտակայ ու քաջալերող անոր աննման ժպիտը:
Ըսի արդէն, որ մեր պարոնը վարպետ ու ինքնատիպ խմբավար էր միաժամանակ: Եկեղեցական երաժշտութեան եւ հայերգի հմուտ մը: Կ’արժէր տեսնել զինք խմբավարի իր դիրքին ու երգչախումբը ղեկավարելու արուեստին մէջ: Եկեղեցական երաժշտութեան ամէն մէկ խազը ու հայերգի իւրաքանչիւր նօթան կ’ապրէր իր էութեան յետին բջիջներովը եւ այդ ապրումը թեւի ու մարմնի, աչքի ու յօնքի, դէմքի ու շրթունքի ձիգ ու պիրկ շարժումներու տեսքով կը տարածէր երգչախումբին վրայ եւ կը ստեղծէր ներդաշնակ ձայներու այնպիսի համերգ, որու ալիքները կը յափշտակէին թէ երգողները եւ թէ ունկնդիրները:
Բուն իմաստով պարզակեաց մըն էր ու բնաւորութեամբ համեստ՝ բոլոր դիրքերու մէջ: Առաքինութիւններ, որոնք մեր պարոնը կը դարձնէին այնքան հաղորդական ու մտերիմ ու հաւասար խօսակից : Թերեւս նաեւ իր այդ առաքինութիւններուն շնորհիւն էր , որ յաջողած էր երգչախումբեր կազմել ու անդամները իրեն կապել , հայերգը սիրցնել շատ շատերու , շնորհալիները քաջալերել որ երգիչ դառնան : Խրախուսել Տաղանդաւորներուն , որպէս զի իրենց կարգին դառնան երգչախումբի ղեկավարներ : Կիլիկիոյ Կաթղ.եան միաբաններէն քանիներ գիտեմ, որոնք շնորհալի խմբավարներ դարձած են եւ որոնք բացայայտօրէն կը կրեն ազդեցութիւնը խմբավարման Գէորգ Գանտահարեանի իւրայատուկ «դպրոցին»:
Այս վկայութեանս իբրեւ վերջաբան եզրակացնեմ.
Մահէն տասնըհինգ տարի վերջ, այսօր, Գանտահարեան Գէորգ՝ մեր սիրեցեալ պարոնը մեզի կը ներկայանայ յաւիտենականութեան յանձնուած պատկերով եւ երախտաշատ ծառայութեամբ զարդարուած՝ հայերգի , հայակրթութեան , մարդակերտութեան , եկեղեցական-հոգեւոր երաժշտութեան ու շարականագիտութեան , հայկական մշակոյթի, ազգային ու կուսակցական եւ միութենական բազմաբնոյթ ու բազմամակարդակ բնագաւառներու մէջ երկարամեայ իր գործունէութեան հարուստ վաստատով: : Բայց ափսո՜ս մեզի համար, որ սիրեցեալը իր երաժշտական հմտութենէն եւ իմացական պաշարէն նշանակալի ժառանգ չթողուց, քանի՝ յոբելեարը շա՜տ, շա՜տ ժլատ եղաւ ինքզինքին հանդէպ եւ գրաւոր արտադրութեան մէջ…:
Չափազանցած չեմ ըլլար , եթէ ըսեմ, որ Սրտի ու մտքի յարաբերակցութեանց մէջ եւ իբրեւ ուսուցիչ, Գանտահարեան Գէորգ կարծէք սիրտով կը մտածէր ու միտքով կը զգար:
Ահա թէ ինչու սրտով գործեց եւ գրաւեց սրտերը շրջապատի մարդոց :
Միտքն ու սիրտը լայնօրէն բաշխեց իր աշակերտներուն եւ անհունօրէն սիրուեցաւ անոնցմէ : Եւ յաւիտենականութեան յանձնուեցաւ ՝ ԶԻՆՔ բնորոշող, պարզագոյն, արժանաւոր, այլեւ ամէնէն հարազատ կոչումով «ԱՄԷՆՈՒՆ ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ» : Յիշատակը անթառամ…: