ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Այսօր 101-րդ տարեդարձն էր Ուոլսընեան Իրաւարար Վճռի: Քաներորդ անգամ ըլլալով Ուիլսընեան այդ փաստաթուղթի մէջ ներկայացուող գլխաւոր զոհ եւ պահանջատէր Հայ ժողովուրդը իր «հայավարի, խաշավարի եւ յաւիտենապէս հարսանքաւորի ու «քեֆճիի» դէմքը ցոյց տուաւ իր անտարբերութեամբ:
Պիտի նեղուիք, զայրանաք գուցէ եւ խիստ վիրաւորուած հայհոյէք: Եթէ ձեր դէմը ելլեմ հաւանաբար բարձրայարկ ու լայնածիր կշտամբանքներ ուղղէք ինծի: Պատրաստ եմ: Այո՛, պատրաստ եմ, որովհետեւ շատո՜նց լաւ ճանչցած եմ «մեր քաղաքական եւ կուսակցական» վերնախաւը, եկեղեցին, իբրեւ թէ շատ բան գիտցող մտաւորականութիւնը, աննպատակ ու հարսանիք-յուղարկաւորութիւն-մահազդ-խնդակցութիւն ծանուցող մեր մամուլը, որուն ընթերցողներուն միջին տարիքը 61.5 է…: Այդ դուք էք որ իրականութենէն հեռացուցած էք մեր պարզ, աշխատասէր ու միամիտ ժողովուրդը:
Հայրենիքի մէկ փոքրիկ պատառիկին վրայ ստեղծուած Հայաստանի Հանրապետութիւն կոչուած «այսօր կայ, վաղը չկայ» պետութիւնը իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ ԱՄՆ-ի այս ՄԵԾ ՄԱՐԴԱՍԷՐ նախագահին…իր քար լռութեամբ, ասդին անդին յայտարարելով «այդ թուղթի կտորին» ժամանակավրէպութիւնը, անպէտքութիւնը եւ այլ տեսակի անօգտակարութիւնները: Կրնա՞ք ըսել թէ ի՞նչը, ո՞ր թուղթը, վճիռը, միջազգային որոշումը կրնաք դնել Ուիլսընի Իրավարարին քով: Ո՞վ եւ ի՞նչ հիման վրայ որոշեց թէ «մեռած» փաստաթուղթ մըն է այդ: Ընդունեցէք որ զոհը գացած էք այն քարոզչութեան որ իբր անիրագործելի, անպէտք ու անիրականանալի թուղթ մըն է անիկա: Պահ մը, մեղա՜յ, մեղա՜յ, ենթադրենք որ այդպէս է, գոնէ բարի եղէք յարգանքի երկու խօսք ըսել այդ մասին ԱՅՍ ՏԱՐԻ ԵՒ ԱՅՍ ՕՐԵՐՈՒՆ, երբ Պուտին-Ալիեւ-Էրդողան եռեակը դանակն ու մկրատը իրարմէ խլելով պատառ պատառ կ’ուզեն ընել ՀՀ-ն՝ «ազգընտիր» կոչուած յիմարացածներու եւ ուրուականներու ձեռքով:
Կ’ակնկալէի որ մենք վաղուց պէտք է պատրաստուէինք հոծ թիւերով ներկայանալ ԱՄՆ-ի պետական շէնքերու առջեւ եւ նախ՝
– շնորհակալութիւն յայտնէինք ԱՄՆ-ի մարդասէր նախագահին եւ հիւրընկալ պետութեան,
– անգլիատառ մամուլին մեջ մի քանի տոլար ծախսելով ծանուցումներ իջեցնէինք,
– զանգուածային թիւերով շնորհակալական եւ երախտագիտական նամակներ յղէինք ԱՄՆ-ի նախագահութեան (Սպիտակ տուն), հայամէտ գոնկրեսականներուն, մեզի աջակից քաղաքական գործիչներուն,
– յիշեցնէինք որ ԱՏԵՆՆ Է զբաղելու տակաւին իր թարմութիւնը չկորսնցուցած Ուիլսընեան իրաւարար վճիռով:
Բախտաւոր ենք, որ Ատրպէյճանի տրամադրութեան տակ չկայ այսպիսի փաստաթուղթ մը, այլապէս դուք ինձմէ լաւ գիտէք թէ ի՜նչ յաղթանակներ պիտի արձանագրէին անոնք՝ առանց ասոր անոր կաշառելու…
Որպէս Ազգային Ժողովրդական Բեւեռին (ԱԺԲ) կամովին աջակցող մը, մխիթարանք մը ունեցայ երբ հետեւեցայ Երեւանի մէջ հաստատուած ԱՄՆ-ի դեսպանատան առջեւ կայացած հաւաքին, ուր ԱԺԲ-ի ղեկավարները երախտագիտական ելոյթներ ունեցան եւ յանձնեցին օրուան խորհուրդին համապատասխանող յուշագիր մը:
Ստորեւ դիտեցէք այդ հաւաքին տեսերիզը:
Attachments area
Preview YouTube video ԱԺԲ-ի հավաքը ԱՄՆ դեսպանատան մոտ․ ՈՒՂԻՂ
ԱԺԲ-ի հավաքը ԱՄՆ դեսպանատան մոտ․ ՈՒՂԻՂ