Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս
Ս. Սոֆիա – Այա Սոֆիա – տաճարի խնդիրը եւ անոր կրկնակի ու եռակի անգամ զաւթումն ու սրբապղծումը թուրք ցեղերու եւ յետագային թրքացուած Փոքր ասիացիներու կողմէ, հայութեան զգացումները յուզող հարց մըն է: Նախ պէտք է առանց բառերը խնայելու ըսենք թէ Եւրոպայի թագաւորները, իշխաններն ու հսկայածաւալ Սրբազան Հռոմէական Կայսրութիւնը (Holy Roman Empire) փոխանակ քրիստոնէութեան մէջ աղանդներ ու «հեռետիկոսներ» փնտռելու մոլուցքով տարուելու՝ ատենին գրեթէ ջանք չթափեցին Բիւզանդական կայսրութիւնը փրկելու ուղղութեամբ:
ԺԱ-ԺԳ դարերու Եւրոպայի տարածքին սկսած «սուրբ հողերը ազատագրելու» լոզունգները եւ անոր հետեւանքով Խաչակրաց արշաւանքը պարզապէս խղճուկ փորձեր եղան եւ նպատակէն շեղելով վերածուեցան Մերձաւոր Արեւելքը գաղութացնելու նոր արշաւանքի մը, որմէ ոչ պակաս վնասուեցան նաեւ քրիստոնեաները:
Պատմական փաստ է որ Բիւզանդական կայսրութեան վերնախաւը ինք իր գերեզմանը փորելէ ետք չդիմացաւ Սուլթան Մէհմետ Բ.ի յամառ հարուածներուն: Այսպիսով, մէկ կողմէն բուն Եւրոպայի անհեռատեսութիւնն ու անփութութիւնը, միւս կողմէն կայսրութեան արեւելքը գտնուող յարաբերաբար կայուն եւ «թրքադիմացկուն» հայկական պետութիւնը տկարացնելով պայմաններ ստեղծեցին Կոստանդնուպոլսոյ անկումին եւ անոր հրաշալի խորհրդանշան Ս. Սոֆիա տաճարին անկման, խեղաթիւրման ու կրօնական դիմագծի փոփոխութեան:
(Ի՞նչ պիտի զգայինք այսօր, եթէ ականատես ըլլայիք Փարիզի Ս. Աստուածամօր տաճարի եւ կամ Քէօլնի տաճարի վրայ մինարէթներու երեւումին…: Այս ընթացքով հեռու չեն երեւար այդ օրերը):
Այս փառաւոր տաճարը Բիւզանդական կայսրութեան Յուստինիանոս Ա.ի հրաշակերտն էր՝ 532–537 թուականներուն: Փառաւոր այս կառոյցը կ’իշխէ ամբողջ Պոսֆորի նեղուցին վրայ՝ իբրեւ Աստուծոյ պահապան հրեշտակ: Ս. Իմաստութեան տաճարի (սոֆիա= իմաստութիւն, յունարէն) ամէնէն աչքի զարնող հատուածը անոր հսկայական գմբէթն է: Ըստ բիւզանդական եւ հայկական աղբիւրներու, անոր կառուցման մէջ ներդրուած են նաեւ հայկական ճարտարապետութեան ատենի յայտնի քարգործ վարպետներու հնարքները:
Հայութիւնը պէտք է արդար պարծանքը ունենայ, իսկ քրիստոնեայ աշխարհքն ալ ազնուութիւն ու պարկեշտութիւն ցոյց տայ նշելու թէ ներկայիս գմբէթը Տրդատ հայ ճարտարապետի գործն է: Վերջինս Անիի Բագրատունեաց թագաւորութեան գլխաւոր ճարտարապետն էր, որուն կը պատկանին Շիրակի մէջ տակաւին կանգուն մնացած տասնեակ մը կառոյցներ, ինչպիսիք են Անիի Կաթողիկէ Մայր տաճարը, Մարմաշէնի եկեղեցին եւ այլ հոգեւոր ու աշխարհիկ շինութիւններ:
Այա Սոֆիա տաճարը լուրջ վնասուածք ստացած էր 10-րդ դարուն պատահած ահաւոր երկրաշարժի մը հետեւանքով՝ գրեթէ քանդուելու վիճակին հասցնելով գմբէթը: Կ.Պոլսոյ մէջ գտնուող հայազգի գիտնականներ եւ ազնուական ընտանիքներու հետնորդներ ու զինուորականներ խորհուրդ տուած էին կայսրին Հայաստանէն հրաւիրել գլխաւոր ճարտարապետ Տրդատը, որ 989-992 թուականներով հանճարեղ լուծումներով վերականգնեց գմբէթը: 1038 տարիէ ի վեր կանգուն է անիկա եւ պատկառանք կ’ազդէ ամբողջ շրջապատին վրայ:
Քրիստոնէական այս հպարտ կառոյցը խորհրդանշանականօրէն մզկիթի վերածուելէ ետք, 1935-ին դարձաւ թանգարան: Իսթանպուլ այցելող ամէն զբօսաշրջիկի առաջին ցանկութիւնը կ’ըլլայ այցելել այս կոթողը՝ մահմետականները ներքին հրճուանքով, քրիստոնեաները ներքին թախիծով, իսկ հայերս մելամաղձոտ հպարտութեամբ: Ոչ մէկ տեղ կը յիշուի տաճարի իւրայատուկ գմբէթի ճարտարապետին անունը, բայց կը յիշուի Մէյմար (շինարար) Սինանի անունը, որ սուլթանի հրամանով աւելցուց չորս մինարէթները: Ճարտարապետ Սինան հայազգի է, այդ մասին կան յստակ տուեալներ, բայց թրքական միջավայրը եւ համապատասխան մարմինները այդ մասին լուր կը մնան, նոյնիսկ կը փորձեն ժխտել Սինանի հայ ըլլալը: Թրքական սովորական կկու թռչունի բնազդ: Կկուն ուրիշի հիւսած բոյնին մէջ կ’ածէ իր ձուերը եւ կը տիրանայ անոր…:
Արժանապատուութենէ զրկուած, աւելի ճիշդ՝ իր վարկը հողին հաւասարցուցած Եւրոպայէն ու մնացեալ քրիստոնեայ աշխարհէն ոչ մէկ լուրջ բողոք լսուեցաւ սուլթան Էրտողանի յանդուգն քայլէն ետք:
Յիշեցնեմ թէ Օսմանեան թուրքերու գրաւումներէն ետք երեք Ս. Սոֆիա եկեղեցիներ մզկիթի վերածուեցան՝ մէկը Իսթանպուլի մէջ, միւսը Տարսոնի մէջ (Կիլիկիա*) եւ երրորդը Կիպրոսի Նիկոսիա մայրաքաղաքի թրքական գրաւեալ մասին մէջ…
Արդեօք Մարգարէն գոհ պիտի մնա՞ր այս կերպարանափոխութիւններէն…
(*)Սա այն տաճարն է, ուր թագաւոր օծուեցաւ Լեւոն Բ. Իշխան՝ դառնալով Լեւոն Ա. Թագաւոր: