Ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան երէկ ներկայ գտնուեցաւ Այնճարի հիմնադրութեան 82-ամեակին եւ Մուսա լերան հերոսամարտի 106-ամեակին տօնակատարութիւնները եզրափակող Ս. պատարագին, որ մատուցուեցաւ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի:
Ս. պատարագին ներկայ էին նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեան, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Այնճարի եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետներ Վարդգէս Խօշեան եւ Մարտիկ Պօղոսեան:
Ս. պատարագէն ետք, Ճ. Պուչիքեան շեշտեց այն դրական յատկանիշները, որոնք նոր կառավարութեան կազմութեան զուգահեռ կ՛ընթանան:
«Ներկայ փուլին պէտք է դրական մթնոլորտ տարածել եւ ջանքերը միասնականացնել` Լիբանան հայրենիքին եւ լիբանանցի քաղաքացիին շահերուն ի խնդիր», ըսաւ Ճ. Պուչիքեան:
Ան հաստատեց, որ լիբանանցի ժողովուրդը բաւարարուած է զինք հարուածած փորձանքներով:
Իր կարգին, Վ. Օհանեան-Գէորգեան ողջունեց Ճ. Պուչիքեանի ճարտարարուեստի նախարար նշանակումը` հաստատելով, որ ան ծանօթ է իր տնտեսական ճիգերով եւ պարկեշտութեամբ:
Նշենք, որ Վ. Օհանեան-Գէորգեան թուիթըրեան գրառումով մը հաստատած էր, որ Ճորճ Պուչիքեանի ճարտարարուեստի նախարար նշանակումը ճիշդ մարդը ճիշդ պաշտօնին նշանակում է: «Ճ. Պուչիքեան փորձառու է ճարտարարուեստի մարզին մէջ, ինչպէս նաեւ պարկեշտ է եւ յարգալիր անձնաւորութիւն: Կը շնորհաւորեմ քեզ, սիրելի՛ բարեկամս, եւ յաջողութիւն կը մաղթեմ այնպիսի պարտականութեան մը համար, որուն դժուարութեան քաջ գիտակից եմ, ինչպէս նաեւ վստահ եմ, որ քու կարողութիւններովդ կը յաջողիս ստանձնած պարտականութեանդ մէջ», շեշտեց Վ. Օհանեան-Գէորգեան: