Ճիշդ է, որ վերջին շրջանին ցուցարարներ ամէնօրեայ դրութեամբ կ՛ուղղուին փողոց, եւ բողոքի ցոյցերով, ժամանակաւոր կերպով ճամբաներ փակելով, անիւ հրկիզելով, նոյնիսկ ապահովութեան ուժեր քարկոծելով` կը մերժեն երկրին մէջ տիրող տնտեսական տագնապն ու ապրուստի ահռելի պայմանները, սակայն Համրայի մէջ արձանագրուած երէկուան զարգացումը իր տեսակին մէջ բաւական վայրագ էր:
Համրայի մէջ գործող Լիբանանեան- զուիցերիական դրամատունը երէկ թիրախ դարձաւ յարձակումի մը, որուն ընթացքին դրամատան պաշտօնէութիւնը խոշտանգուեցաւ, իսկ տնօրէնները ճնշումի տակ ստիպուեցան դէպի Թուրքիա նիւթական փոխանցումներ կատարել:
Լիբանանեան-զուիցերիական դրամատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ դրամատունը, յանձնառու մնալով Կեդրոնական դրամատան թիւ 137 շրջաբերականին եւ Հաշուեքննութեան յատուկ խորհուրդի թիւ 20 շրջաբերականին, փակած է «Պենին» միութեան դրամատնային հաշիւը:
«Այս որոշումին լոյսին տակ միութիւնը բողոքած է դատական ատեանին մօտ, իսկ դատախազը մերժած է միութեան բողոքը: Այդ որոշումին պատճառով ալ միութեան հետեւորդները դատախազին հասցէին լուտանքներ թափած են:
«Պենին» միութեան շուրջ հարիւր հետեւորդներ ներխուժած են Լիբանանեան- զուիցերիական դրամատան ընդհանուր տնօրէնութեան շէնքը եւ գրաւած են զայն` խոշտանգելով պաշտօնեաները, որոնցմէ երեքը կոտրուածքներով հիւանդանոց փոխադրուած են, իսկ դրամատան տնօրէնները խոշտանգումի ճնշումին եւ բռնի ուժին տակ ստիպուած եղած են դէպի Թուրքիա նիւթական փոխանցումներ կատարել:
Այս արարքին պատճառով որոշած ենք դրամատունը ամբողջութեամբ փակել, սկսեալ այսօրուընէ` երեքշաբթի, 29 յունիս 2021, մինչեւ որ կարելի ըլլայ պաշտօնեաներուն համար աշխատանքային ապահով միջավայր ապահովել: Կոչ կ՛ուղղենք նաեւ Դրամատուներու պաշտօնեաներու սենտիքային իր դերակատարութիւնը ունենալու դրամատուներու պաշտօնեաներուն ապահովութեան ի խնդիր», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Աւելի ուշ Դրամատուներու միութիւնը հրապարակեց նաեւ այլ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Դրամատուներու միութիւնը խստիւ կը դատապարտէ Լիբանանեան- զուիցերիական դրամատան մէջ գործուած բռնարարքը եւ առ ի զօրակցութիւն` Լիբանանեան-զուիցերիական դրամատան ու անոր պաշտօնեաներուն, այսօր բոլոր դրամատուները իրենց դռները կը պահեն փակ` ամբողջ Լիբանանի տարածքին:
Ի տես երկրին մէջ արձանագրուող ապահովական խախտումներուն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի այսօր` երեքշաբթի, 29 յունիս 2021-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Պաապտայի մէջ:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ կէսօրին հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմիի ու ապահովական կառոյցներու պատասխանատուներուն հետ եւ անոնցմէ խնդրեց օժանդակել համապատասխան վարչութիւններուն` արգիլելու վառելանիւթի ամբարումը եւ զայն քաղաքացիներուն տրամադրութեան տակ զետեղելու:
Նշենք, որ ուժանիւթի նախարարութիւնը յայտարարեց, որ այսօր պիտի հրապարակէ վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, լիբանանեան դրամանիշով վճարուելիք գումարը պիտի որոշուի ամերիկեան տոլարի 3900 սակին համաձայն:
Վառելանիւթ ներածող ընկերութիւններու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Ժորժ Ֆայեատ յայտնեց, որ սկզբունքով վառելանիւթին արձանագրելիք սղաճը պիտի տարուբերի 15-20 հազար լ. ոսկիի միջեւ, «բայց եւ այնպէս պենզինի թիթեղին վերջնական սակը կախեալ պիտի ըլլայ ամերիկեան տոլարէն», ըսաւ ան:
Իր կարգին, Հանրախանութներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Նեպիլ Ֆահըտ յայտնեց, որ ամերիկեան տոլարի սակին, ինչպէս նաեւ վառելանիւթի սակին բարձրացումը պատճառ պիտի դառնայ յաւելեալ սղաճի` ընդգծելով, որ հանրախանութներուն մէջ այսօրուընէ սկսեալ իւրաքանչիւր ապրանքատեսակ 25-30 առ հարիւրով պիտի սղի:
Նշենք նաեւ, որ երէկ «Զայրոյթի երկուշաբթի» օրուան առիթով լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ կէս գիշեր արձանագրուեցան բողոքի ցոյցեր, որոնց ընթացքին ցուցարարները հրկիզուող անիւներով փակեցին մայրուղիներ եւ փողոցներ` պատճառելով երթեւեկի ահաւոր խճողում:
Ճամբաներու փակում գործադրուեցաւ հետեւեալ շրջաններուն մէջ. Պէյրութի Քասքաս շրջան, Թրիփոլիի Ապտել Համիտ Քարամէ հրապարակ, Սայտա, Ժնահ, Ժալ էլ Տիպ, Տորա, Նաամէի մայրուղի, Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբայ, Փալմայի մայրուղի, Սայտայի Նահատակաց հրապարակ, Հարաւային արուարձաններու Հատի Նասրալլա մայրուղի, Քոռնիշ Մազրաա, Քարանթինայի մայրուղի, Սելիմ Սլամ կամուրջ, Ժտիթա, Թաալպայա, Քապ Էլիաս, Նապաթիէ, Սուր, Ապպասիէ, Սին Էլ Ֆիլ, «Միրնա Շալուհի» կեդրոն, Ժիէի մայրուղի, Ալէյ, Պաալշմայ, Մազպուտ, Իքլիմ Խարրուպ եւ Շեքքայի մայրուղի:
Գիշերուան ժամը 11:00-ին, ցուցարարներ քարկոծեցին Թրիփոլիի սերայը եւ հրկիզեցին անիւներ` ներկայութեամբ Ներքին ապահովութեան ուժերու եւ լիբանանեան բանակի մեծ թիւով ոստիկաններու եւ զինուորներու:
Միաժամանակ, Թալ շրջանին մէջ ցուցարարներ քարկոծեցին Թալի ոստիկանատունը եւ փակեցին Ապու Ալի հրապարակը:
Կէս գիշերին ցուցարարները Թրիփոլիի ներքին շուկայի փողոցներուն մէջ կատարեցին երթ մը, որուն ընթացքին պահանջեցին ներկայ իշխանութեան հրաժարականը` կոչ ուղղելով կազմելու անկախ նախարարներէ բաղկացած նոր կառավարութիւն մը:
Ցուցարարները փակեցին նաեւ Մինայի մայրուղին:
Պէտք է աւելցնել, որ երկուշաբթիէն երեքշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին Կեդրոնական Պէյրութի մէջ բողոքի ցոյցի մը ընթացքին արձանագրուած էին կրակոցներ, ինչպէս նաեւ հրկիզուած էր ինքնաշարժ մը, իսկ խումբ մը ցուցարարներ ներխուժած էին ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան կեդրոն: