Այսօր` չորեքշաբթի, 17 յուլիս 2019-ին, Պէյրութի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Կիլիկիա` Առիւծներու երկիրը» ժապաւէնին նախագծային հատուածներու անդրանիկ ցուցադրութիւնը:
Փաստավաւերագրական այս կարճամեթրաժ ժապաւէնը ցոյց կու տայ հայոց պատմութեան մեծագոյն էջերէն մէկը, Փոքր Ասիոյ մէջ հիմնուած Կիլիկիոյ թագաւորութիւնը` իր երեք դարերու գոյութեան ընթացքին (1080-1375), երբ հայերը դիմադրեցին ամէն տեսակ թշնամիներու, պայքարեցան ազատութեան համար, ստեղծեցին իշխանութիւն, ապա` հզօր թագաւորութիւն: Ժապաւէնը բաղկացած է երեք մասերէ:
Կարճամեթրաժ Ժապաւէնը պատրաստուած է Խաչատուրեան ընտանիքին եւ ԳՈՀԱՐ-ի նախաձեռնութեամբ: