Լիբանանը հարուածող «Քորոնա» համաճարակի 4-րդ ալիքին լոյսին տակ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ տոքթ. Էլի Թաշճեան այցելեցին առողջապահութեան նախարար Համատ Հասանի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարին վերաբերող շարք մը հարցեր, որոնց լոյսին տակ որոշուեցաւ Մեթնի պարագային Տահըր Պաշեք հիւանդանոցի «Քորոնա»-ի բաժանմունքը վերաբանալ, Պուրճ Համուտի մէջ «Քորոնա» ժահրի ախտաճանաչման «Փի. Սի. Ար.»-ի յաւելեալ քննութիւններ կատարել, այդ իմաստով դեղորայքի կարիքները գոհացնել` կարելիութեան սահմաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ այլ հիւանդանոցներու հետ գործակցութեան պարագային ստեղծուած հարցերը հարթել: