Ղանա – Ուրուկուէյ 0 – 2
«Ժունուպ» մարզադաշտին մէջ, 43.443 մարզասէրներու ներկայութեան, ուրուկուէյցիները առաջին կիսախաղին երկու անպատասխան կոլ նշանակեցին Ղանայի բերդին մէջ: Արազքայեթա դարձաւ զոյգ կոլերուն հեղինակը: Բ. կիսախաղին մրցումին արդիւնքը մնաց անփոփոխ: Ուրուկուէյ կ՛ակնկալէր, որ յաղթանակը բաւարար պիտի ըլլար, որպէսզի հասնէր փլէյ օֆերուն, սակայն պատահեցաւ անսպասելին…
Հարաւային Քորէա – Փորթուգալ 2 -1
Մրցումը տեղի ունեցաւ «Էճուքէյշըն» մարզադաշտին մէջ, 44.097 մարզասէրներու ներկայութեան: Մրցումի 5- րդ վայրկեանին Ռիքարտօ Հորթա գրաւեց Հարաւային Քորէայի բերդը: 27-րդ վայրկեանին քորէացիները հաւասարեցուցին հաշիւը:
Ա. կիսախաղը վերջ գտաւ 1-1 հաւասարութեամբ: Սակայն մրցումին յաւելեալ վայրկեաններուն Հարաւային Քորէա նշանակեց կոլ մը եւ 2-1 յաղթանակով հեռացաւ դաշտէն: Շնորհիւ այս յաղթանակին եւ նշանակած կոլերու առաւելութեան պատճառով քորէացիները անցան փլէյ օֆերուն: Ուրուկուէյ դուրս մնաց:
Ստորեւ` Ը. Խմբակի վերջնական դասաւորումը.
1- Փորթուգալ 3 մրցում 6 կէտ
2- Հարաւային Քորէա 3 մրցում 4 կէտ
3- Ուրուկուէյ 3 մրցում 4 կէտ
4- Ղանա 3 մրցում 3 կէտ
Գերմանիա Դուրս Մնաց-
Սպանիա Եւ Ճափոն` Յաջորդ Փուլ
Մոնտիալ 2022-ի Ե. խմբակի երրորդ օրուան մրցումներուն Գերմանիոյ հաւաքականին յաղթանակ անհրաժեշտ էր` յաջորդ փուլ անցնելու համար, զուգահեռաբար եթէ Ճափոն չյաղթէր Սպանիոյ:
Գերմանացիները «Պէյթ» մարզադաշտին մէջ, 67.054 մարզասէրներու ներկայութեան ` 4-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին Քոսթա Ռիքան (կիսախաղ` 1-0 ), սակայն յաղթանակը ոչինչ բերաւ գերմանացիներուն, որովհետեւ Ճափոն-Սպանիա ճակատումը այլ «սենարիօ» մը պատրաստած էր Գերմանիոյ համար:
Ե. խմբակի երկրորդ հանդիպումը Ճափոնի եւ Սպանիոյ միջեւ տեղի ունեցաւ «Խալիֆա Ինթըրնեշընըլ» մարզադաշտին մէջ, 44.851 մարզասէրներուն ներկայութեան: Սպանիա նախապէս ապահոված ըլլալով փլէյ օֆի ուղեգիրը, գրեթէ անճանաչելի դարձած էր մարզադաշտին մէջ: Այսուհանդերձ, Ա. կիսախաղի 11-րդ վայրկեանին, Ալվարօ Մորաթա յառաջ մղեց սպանացիները: Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ Սպանիոյ առաւելութեամբ` 1-0:
Բ. կիսախաղը սկսաւ Ճափոնի յարձակումներով: Անոնք երեք վայրկեաններու ընթացքին, 48-րդ եւ 51-րդ վայրկեաններուն երկու կոլ նշանակեցին Սպանիոյ բերդին մէջ: Ի դէպ, յայտնենք, թէ երկրորդ եւ յաղթանակի կոլը բաւական վիճելի կոլ մըն էր: Կեդրոնական իրաւարարը չնկատեց, որ գնդակը դաշտէն դուրս ելլելէ ետք փոխանցուած էր կոլ նշանակող մարզիկին: Կոլը հաստատուեցաւ: Սպանիա պարտուեցաւ: Գերմանիա դուրս մնաց Մոնտիալէն:
1/8-րդ փուլին Ճափոնի հաւաքականը պիտի մրցի Խրուաթիոյ դէմ, Սպանիա` Մարոքի:
Շաբաթավերջին Մոնտիալի
Մրցումներուն Յայտագիրը – 1/8-րդ Փուլ
ՇԱԲԱԹ, 3 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2022 |
|
Հոլանտա ընդդէմ Միացեալ Նահանգներ` |
ժամը 17:00 |
Արժանթին ընդդէմ Աւստրալիա` |
ժամը 21:00 |
ԿԻՐԱԿԻ, 4 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2022 |
|
Ֆրանսա ընդդէմ Լեհաստան` |
ժամը 17:00 |
Անգլիա ընդդէմ Սենեկալ` |
ժամը 21:00 |