ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
Հայ քերթողութեան հայրենաշունչ բանաստեղծութիւններու ժողովածուի մը կազմութիւնը փայփայուած երազ մըն էր, որ կը սպասէր իր մասնագէտին. անկէ անդին` հրատարակելու աշխատանքը կը մնար հաստատութեանս ընթացիկ գործերէն մին:
Ոտանաւորներու հաւաքը կարիք ունէր այդ գոհարները ընտրելու մասնագէտ «ոսկերիչին», որ հայ գրականութեան անդաստանի լաւագոյն պտուղները պիտի ընտրէր պատրաստելու համար մեր ժամանակաշրջանին յատուկ կոթող մը:
Համազգային մշակութային միութեան հրաւէրով հայրենի ասմունքի վարպետ Սիլվա Իւզպաշեանի Հալէպ կեցութեան տարին` 1997-ին, այս ծրագիրի գործնականացման ժամանակը հասած էր, ինծի կը մնար Սիլվային տրամադրութեան տակ դնել ժողովածուին հում նիւթերը` հեղինակներու հատորները:
Ժամանակակից` քսաներորդ դարու հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ, ոսկեղենիկով ստեղծագործող քսաներկու բանաստեղծներու գործերէն ընտրանի մը կազմուեցաւ շուրջ երեք հարիւր կտորներով, 320 էջերէ բաղկացած հատորի մը մէջ:
Սիլվա Իւզպաշեան գիրքի յառաջաբանին մէջ կ՛ըսէր. «Գրքում տեղ գտած բանաստեղծական կտորները ընտրելիս նկատի եմ ունեցել սփիւռքի այն պատանիներին ու պարմանուհիներին, որոնք հետաքրքրւում են ասմունքի արուեստով եւ տարբեր առիթներով արտասանում բեմերից, որոնք պաշտամունք ունեն «Եօթնապատիկ խոցուած», մեր հայրենիքի դարաւոր, ոսկեղենիկ հայերէնի հանդէպ, որոնք` իրենց ձայնով հայ բանաստեղծութեան «Ոսկի երակ»-ից կաթիլներ պիտի քամեն եւ հոսեցնեն ունկնդրի երակներն ի վար»:
«ՈՍԿԻ ԵՐԱԿ» հատորի առաջին տպագրութիւնը լոյս տեսաւ 1998-ին, գրահրատարակիչի նշանառութիւնս չէր վրիպած, հինգ տարի ետք` 2002-ին, ձեռնարկեցի Բ. տպագրութեան, իսկ եթէ Սուրիոյ պատերազմին պատճառով հայ գաղութի նօսրացում չարձանագրուէր, հաւանաբար գիրքը արժանանար այլ հրատարակութիւններու եւս:
Հեղինակներու տարիքներուն կարգով ընթացող շարքին առաջինը Յովհաննէս Թումանեանն էր, իսկ վերջինը` Ռազմիկ Դաւոյեանը: Հատորին մէջ նկատի առնուած քսաներկու գրողներէն այդ օրերուն չորս քերթողներ կ՛ապրէին` Գէորգ Էմինը, Սիլվա Կապուտիկեանը, Ժագ Յակոբեանը եւ Ռազմիկ Դաւոյեանը:
Հեղինակի մը գիրքին մակագրութիւնը հանդիսաւոր պահ է, ապա ստորագրուած գիրքը անփոխարինելի արժէք կը ստանայ: Այս պարագային «ՈՍԿԻ ԵՐԱԿ»-ը քառանկիւն ստորագրութիւններով պիտի ունենար թանգարանային արժէք:
Հատորի մը մէջ չորս հեղինակներու ստորագրութիւնները հաւաքելու ծրագիրին առաջին դժբախտութիւնը պատահեցաւ Գէորգ Էմինի մահով` 1998-ի ամրան: Սիլվա Կապուտիկեանի Հալէպ այցելութեան առիթով` 2001-ին, ունեցայ առաջին մակագրութիւնը շնորհակալական խօսքով մը` իր բաժինի սկզբնաւորութեան:
Ծերունազարդ բանաստեղծ Ժագ Յակոբեանը «Դիտակ» պարբերաթերթին հրաւէրով Ամերիկայէն եկած էր Պէյրութ, մեկնումէն ժամեր առաջ Անթիլիասի մայրավանքի բակին մէջ կարողացայ «խլել» նաեւ անոր ստորագրութիւնը:
Շատ շուտով գիրքի հեղինակներէն միակ ապրողը մնաց Ռազմիկ Դաւոյեանը:
Սուրիական տագնապին պատճառով հայրենիք այցելեցի Պէյրութ կեցութեանս տարին` 2013-ին, մինչ «ՈՍԿԻ ԵՐԱԿ»-ի ստորագրուած հատորը կը հանգչէր Հալէպ, տանս գրադարանին մէջ: Ի մտի ունէի առաջին առիթով որ մեկնիմ Հայաստան սիրելի ընկեր Ռազմիկին ստորագրութիւնն ալ ունենալ իր բաժինին մէջ …բայց «չստացուեց»… «ՈՍԿԻ ԵՐԱԿ»-ի քսաներկու աստղերու հոյլին վերջինն էր, որ գնաց իր տեղը գրաւելու Հայ գրականութեան անծայրածիր տիեզերքին մէջ:
* * *
Ռազմիկ Դաւոյեանի անունին ծանօթացած էի շուրջ կէս դար առաջ, ճեմարանական տարիներէս: Պարոյր Սեւակի աղէտալի մահէն ետք` 1971-ին. վաղամեռիկ բանաստեղծ դասընկերոջս` Կորիւն Շահինեանին հետ երբ մտահոգ եւ վրդոված կը զրուցէի, լաւատեսութեամբ յայտնեց, որ կու գան նորերը` օրինակ ունենալով Ռազմիկ Դաւոյեանը: Հայրենի «Գարուն» ամսագրին միջոցով եղաւ առաջին հանդիպումս, ազգայնաշունչ բանաստեղծը մեր հետաքրքրութեան առանցքն էր միշտ:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հարիւրամեակը` 1990 թուականի դեկտեմբերին, արտակարգ տօնակատարութեան արժանացաւ Հալէպի մէջ, բազմաթիւ հրաւիրեալներու շարքին էին Ռազմիկ Դաւոյեանն ու հայրենի արուեստաբան Հենրիկ Իգիդեանը:
Պատմական պահ էր հալէպահայութեան համար, «Ահարոնեան» սրահին մէջ, ժողովրդային խօսքով. «ասեղ ձգելիք տեղ չկար», դուրսն ալ երիտասարդները Հայկազեան վարժարանի բակին մէջ պաստառի վրայ կը հետեւէին: Հարիւրամեայ կուսակցութեան հայրենիք վերադարձը ներբողող ընկ. Ռազմիկ Դաւոյեան հանդէս եկաւ հայրենի հողին վրայ Դաշնակցութեան վերընձուղումը իր ստեղծագործ միտքով` «ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆԸ» բանաստեղծութեամբ:
ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆԸ
Հայոց Արծիւը թեւը չի ծալում,
Հայոց Մրրիկը կրկին ծաւալւում,
Հայոց բեկորներն առած իր թեւին,
Դէպի հայրենի տուն է սաւառնում:
Գալիս է, իր հետ մեր Յոյսն է բերում,
Որ բոցավառի հայոց եթերում,
Հայոց սիգապանծ Մասիսի վրայ,
Մարդու արարման թատերաբեմում:
Վանում, Ոստանում, Խնուսում հայոց,
Հայոց Սասունում, Կարսում, Կարինում.-
Ա՜խ, աշխարհասփիւռ մի հոգեհալոց
Քո վեհ գալստեան խինդն է արիւնում:
Վեր կացէք, քաջե՜ր, բարձրացէք հողից,
Ծնուէք շանթերից, ժայրերի կողից,
Եւ երկաթաքայլ ետ առէք կրկին
Մեր հայրենիքը մեր բիրտ զրկողից:
Ահա ելնում են, գալիս են նրանք`
Հայոց քաջերը` կարկուտ ու կրակ,
Հայոց քաջերը` ոգի ու ցասում,
Հայոց աշխարհի տէրերն հայկազուն:
Հայոց Արծիւը թեւը չի ծալում,
Հայոց Մրրիկը կրկին ծաւալւում,
Հայոց բեկորներն առած իր թեւին,
Դէպի հայրենի տուն է սաւառնում:
Հայրենիք վերադարձած Արծիւին թեւերը կտրելու փորձերը միշտ ապարդիւն եղած են` սկսելով համիտեան բռնակալութենէն, որուն յաջորդած էին ցարական իշխանութիւնները, ապա խորհրդային կարգերը` հասնելով «նարինջ չուտողներ»-ուն ու ներկայիս` անոնց ցնկնած առնէտներուն: Միշտ ուզած էին անթեւ արծիւ մը` իրենց ծառայող կրտուած ներքինիներու նման:
Բախտաւորութիւնը ունեցայ հայրենի հիւրերուն առաջնորդ ըլլալ, Ռազմիկին փափաքած այցելութիւններուն առաջնահերթութիւն էր` Յակոբ Օշականի շիրիմը եւ Անդրանիկ Ծառուկեանի ապրած որբանոցը:
Գերեզմանատուն այցելութիւնը տխուր չէր, Ռազմիկ փափաքեցաւ փունջ մը վարդերով այցելել հայ գրականութեան Մեհեանի սպասարկուին` հաստատելով, որ մեռելները կը զգան եւ անոնց հոգին կը խայտայ:
Հալէպի Շէյխ Մաքսուտի Ազգային գերեզմանատունը հաւանաբար սփիւռքի տարածքին մեծագոյն հայկական հողվայրքն է, յիսուն հազար մեթր տարածութեամբ, ուր Յակոբ Օշականի կողքին կը հանգչի մեծ մարդասէր եւ հայասէր դանիացի Քարէն Եփփէն: Այս երկու տապանները ուխտավայր են Սուրիա այցելող հայատրոփ սիրտերուն:
Հենրիկ Իգիդեանը փափաքեցաւ ծնրադիր աղօթել Քարէն Եփփէի շիրիմին դիմաց. «Այս է իսկական մարդը, որ ապրած է ուրիշներուն ցաւերը ամոքելու համար», հաստատեց ան:
Խորհրդային տարիներու վերջերն էին, հայրենիքի մէջ լոյս տեսած էր «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ»-ը` ութսունհինգ հազար տպաքանակով, ժողովուրդի կողմէ այսքան սիրուած Անդրանիկ Ծառուկեանի գործը, ամբողջութեամբ սպառած, բնականաբար հայրենի բանաստեղծին համար վաղուց ծանօթ` անոր աշխարհը ուխտավայր մը պիտի ըլլար: Հապա թեւը չծալած Նայիրեան երկրի «Հայոց Արծիւը» նամակաբեր աղաւնին չէ՞ր, որ հայրենի երդիքներուն տարած էր «Թուղթ առ Երեւան» պոէմը:
Այս հաստատումս` հայրենի ընթերցասէր ժողովուրդի մասին, յատկապէս Ցեղասպանութեան առնչուող գրականութեան յափշտակումը պահ մը մտածել կու տայ, որ մեր հայրենակիցները գիտակից են ցեղիս մեծագոյն աղէտի տարողութեան, բայց … ինչո՞ւ համար այսօր լուռ են այդ աղէտը ծախու հանած ստորին էակներու հանդէպ:
Հալէպի հին քաղաքի բարձունքին` Աքապէ թաղամասին մէջ, կը գտնուին այն արաբական բակերը, որոնք որպէս որբանոց ծառայած էին: Այդ օրերուն տակաւին կ՛ապրէր Ծառուկեանի սենեկակիցներէն` ուրֆացի Ներսէս Ներսէսեանը, որ յառաջացած տարիքին պատճառով չկարողացաւ ընկերակցիլ մեզի: Մտանք այն նկուղը, որ ծերունազարդ Ներսէսին հետ այլ առիթով այցելած էինք, եւ որ իրեն, Անդրանիկին եւ այլոց որպէս ննջարան յատկացուած էր, անոր պատերուն վրայ տակաւին կը մնային որբերու մատներով փորագրած իրենց անուններուն սկզբնատառերը:
Լուռ էինք բոլորս, ցեղիս նահատակներուն հոգեհանգիստի արարողութիւնն էր բազմաչարչար որբերու ապաստարանին մէջ, յիշեցի Ծառուկեանի յուշագրութեան մէջ նկարագրուած Երուանդ Օտեանի այցելութիւնը որբերուն, եւ … Զապէլը, բայց այստեղ երգող չկար:
Սիրելի՛ ընկեր Ռազմիկ,
Մահուանդ առիթով ժլատօրէն գրուեցաւ արժանիքներուդ եւ վաստակիդ մասին` որպէս գրագէտի եւ քաղաքական գործիչի: Արդի ապրող ու ստեղծագործող գագաթներէն մին էիր, սակայն արժանի չեղար արժանավայել անդրադարձի ու պետական «յարգանք»-ի, այդ ալ պատիւ մըն է, որովհետեւ դուն պատմութեան դատարանին առջեւ «կարապի երգ»-դ երգեցիր, վերջին հարցազրոյցիդ ընթացքին արդարօրէն բանաստեղծի գնահատականդ տալով, օրուան իշխանութիւններուն մասին:
Ժընեւ