Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Անգարայի միջնորդութիւնը եւ Հարաւային Կովկասի գոյավիճակի շարունակումը

March 30, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Կանխարգիլել Թուրանական Կամուրջի Կառուցումը*

 ՇԱՀԱՆ  ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Անգարայի ինքնաառաջադրումը իբրեւ միջնորդ` ռուս-ուքրանական հակամարտութեան, իր առաջին գործնական դրսեւորումները ունեցաւ: Անթալիոյ մէջ պատերազմող կողմերու ներկայացուցիչներուն հանդիպումը հրադադարի չյանգեցաւ, այնուամենայնիւ նախնական արդիւնքներ արձանագրեց: Ասիկա Անգարայի դերակատարութեան եւ տարածաշրջանային գործօն դառնալու երաշխիքի նախադրեալ է: Նախնական արդիւնքները ուքրանական որոշ ռազմավարական տարածքներու ուղղութեամբ ռուսական զինուորական գործողութիւններու կրճատումի մասին են: Սկսած է խօսուիլ արդէն ռուսական զօրքերու Քիեւէն հեռանալու մասին: Կանուխ է նման նահանջային տեղաշարժ հաստատելը, այդուհանդերձ ընդհանուր միտումները տեսանելի են:

Անգարան մէկ կողմէ դատապարտեց Ռուսիոյ ներխուժումը, միւս կողմէ չմիացաւ Արեւմուտքի որդեգրած համընդհանուր ճնշամիջոցային քաղաքականութեան. այլ խօսքով` պատժամիջոցներուն: Թէ՛ Արեւմուտքի եւ թէ՛ Ռուսիոյ ուղղութեամբ արձակուած ուղերձները հող կը պատրաստէին պատերազմի դադրեցման համար միջնորդի կարգավիճակ ստանձնելու փորձերուն:

Անգարան իր առնչութիւնը հիմնաւորեց նաեւ անով, որ խաղաղութեան հաստատումը կը շահագրգռէ Սեւծովեան բոլոր երկիրները: Պատերազմական գործողութիւններու ընդարձակման հաւանականութիւնը նուազեցնելու մղումը ակներեւ էր այստեղ: Մինչ Քիեւը կը յայտարարէր ՕԹԱՆ-ին չանդամակցելու, չէզոքութիւն որդեգրելու եւ Մոսկուայի հետ բանակցութիւններ սկսելու պատրաստակամութեան մասին:

Աշխարհագրական այս միջավայրին մէջ Անգարան Մոսկուայի հետ կը փորձէ համակարգել իր գործողութիւնները: Հարաւային Կովկասի մէջ գոյավիճակի փոփոխութեան նկրտումները զուտ ազրպէյճանական ներշնչանքներ չունէին անշուշտ: Փառուխն ու Քարագլուխը Անգարայի առնուազն համաձայնութեամբ, եթէ ոչ պատուէրով իրականացած գործողութիւններ են: Փոխանցելու` սահմանազատման եւ սահմանագծման օրակարգի անցնելու հրամայականը:

Սահմանափակ գործողութիւններ են, եթէ ընդունինք, որ մեծ հաշուով առկայ է տակաւին ռուս-թրքական համաձայնութիւնը կամ ռազմավարական մերձեցումը: Նոյն մղումներէն թելադրուած տրամաբանութեամբ պէտք է դիտել նաեւ կազատարի փակում-վերանորոգումը:

Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն դէպի Արցախ ռազմական ոտնձգութիւններու տեղափոխումը քաղաքական այլ առիթ կը ստեղծէ հայկական կողմին համար: Եթէ կ՛առարկուէր, որ ԵԱՀԿ-ը լիազօրուած է արցախեան հակամարտութեան հանգուցալուծման միջնորդական առաքելութիւն իրականացնելու, հետեւաբար իրաւասութիւն չունի Հայաստան – Ազրպէյճան սահմաններուն վրայ արձանագրուող միջադէպերը զսպելու, ապա հիմա ԵԱՀԿ-ի տիրոյթ վերադարձած են դէպքերը թէ՛ մարդասիրական եւ թէ՛ ռազմական առումներով:

Այս առումով ալ պէտք է ընկալել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու իրար լրացնող եւ քայլ մը դէպի հասցէականութիւն գացող յայտարարութիւնները: Թէ՛ Մոսկուան, թէ՛ Ուաշինկթընը եւ թէ՛ Փարիզը աւելի ուղղակի կը խօսին իրենց մտահոգութեան մասին` մատնացոյց ընելով ազրպէյճանական զօրքերը: Երանգային տարբերութիւններ կան անշուշտ երեք երկիրներու պաշտօնական յայտարարութիւններուն մէջ: Այդուհանդերձ դրական առումով խախտած է համահաւասարութեան կանոնի օրէնքը:

ԵԱՀԿ-ի վերագործարկումը չի բխիր անշուշտ Անգարայի շահերէն: Ուաշինկթընն ու Փարիզը` հակակշռելու համար Մոսկուա – Անգարա համաձայնութեամբ կայացած գոյավիճակը, հիմա կրնան աշխուժութեան փաստեր հրամցնել: Միւս կողմէ, Արցախի մէջ կայունութեան խախտումը ռուսական խաղաղապահ դերակատարութեան ձախողութիւն է: Հետեւաբար աւելի համոզիչ կրնայ դառնալ գործողութիւններու սահմանափակուած ըլլալը իբրեւ ճնշամիջոց` սահմանազատումն ու սահմանագծումը արագացնելու: Այլապէս, աւելի՛ն` չի բխիր իրողական երկու միջնորդներու շահերէն:

Անգարայի միջնորդութեան առաջին դրսեւորումները ռուս-ուքրանական պատերազմող կողմերուն միջեւ կը յուշեն, որ տարածաշրջանին մէջ տակաւին ի զօրու է Մոսկուա – Անգարա ռազմավարական գործընկերութեամբ նոր գոյավիճակներ ստեղծելու իրողութիւնը:

Previous Post

Պու Հապիպ. «Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին Լիբանան վերադարձին մասին տեղեակ չենք, սակայն Քուէյթի դեսպանը պիտի վերադառնայ»

Next Post

«Խորհրդարան հասած եմ մեր քուէներով, ոչ ոքի պարտական ենք» շեշտեց Յ. Բագրատունի

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.