Պաշտօնական Անգարան կը յայտարարէ` Իսրայէլ, ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը, պիտի վնասէ ինքն իրեն եւ կասկածի տակ պիտի դնէ Հոլոքոսթի յատուկ կարգավիճակը:
«Մենք կը կարծենք, որ Իսրայէլ, 1915 թուականի իրադարձութիւնները հաւասարեցնելով Հոլոքոսթին, առաջին հերթին կը վնասէ ինքն իրեն»,- ըստ «Ազատութեան»-՝ ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Համի Աքսոյը, արձագանգելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին բանաձեւի նախագիծը Իսրայէլի Քնեսէթի օրակարգին մէջ ընդգրկելու որոշումին:
Իսրայէլցի պատգամաւորները Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին հերթական անգամ կը խօսին թուրք-իսրայէլական նոր դիւանագիտական ճգնաժամի պատճառով: