Թրքական կառավարութեան մօտիկ աղբիւրներ սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին յայտնած են. «Թուրքիոյ վարչապետարանը Անգարայի` Դամասկոսի հետ մերձեցման թղթածրարը տեղեկատուական քաշքշուքներէն հեռացնելու նպատակով իր պաշտօնատարներուն հրամայած է զգուշանալ Սուրիոյ հետ հաշտութեան ընթացքին ու զարգացումներուն վերաբերեալ յայտարարութիւններ կատարելէ, եւ ծայրայեղ անհրաժեշտութեան պարագային իրեն դիմելու»:
Աղբիւրները նշած են, որ ցուցմունքին պատճառը այս նիւթին հասարակական կարծիքին վրայ ազդելու կարողութիւնն է, «եթէ ատոր մէջ չարձանագրուի իսկական յառաջխաղացք մը, որ ի շահ երկու երկիրներուն է եւ կը ծառայէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ներքին օրակարգին, ինչ կը վերաբերի քուէներ շահելուն ի վնաս ընդդիմութեան, որ տնտեսական կացութեան վատթարացումն ու սուրիացի գաղթականներու խնդիրը անոր դէմ իբրեւ ընտրական յաղթաթուղթ կ՛օգտագործէ յունիս 2023-ին նախատեսուած ընտրութիւններուն»: