ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու»․- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հակադարձեց Չեխիոյ Հանրապետութեան Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւի ընդունման:
«Չեխիոյ խորհրդարանի Ծերակոյտին մէջ ընդունուած որոշումը ցոյց կու տայ, որ 2017-ին պետութիւններու յարաբերութիւններուն վնաս հասցուցած խեղաթիւրուած մտածելակերպը կը շարունակէ գործել Չեխիոյ Հանրապետութեան մէջ», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ՝ քննադատելով «այդ երկրին մէջ նենգ մտածելակերպի առկայութիւնը»:
Յիշեցնենք, որ Չեխիոյ խորհրդարանը 2017-ին հաստատած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ մը: