ԵՐԵՒԱՆ, ՊՈԼԻՍ, «Ազատութիւն», «Ժամանակ»․– Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիա Հայաստանի իւրաքանչիւր դրական քայլին համարժէք պատասխան պիտի տայ՝ Ատրպէյճանի հետ համակարգումով։ Արցախի պատերազմին յաջորդած իրավիճակի պայմաններուն մէջ, այս Անգարայի վերանորոգ պատգամն է՝ ուղղուած Երեւանին, որպէսզի տարածաշրջանին մէջ ձեւաւորուած նոր պայմաններուն զուգահեռ՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններն ալ նոր որակ մը ստանան։ Հայկական կողմը առայժմ թրքական կողմին այս պատգամներուն չէ արձագանգած։
Երեւանի այժմու իշխանութիւնները այնպիսի վիճակի մը մատնուած են, որ Անգարայի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման նման ճակատագրական հարցի մը մէջ դժուար թէ կարենան ամուր կեցուածք դրսեւորել։
Չաւուշօղլու այս յայտարարութիւնը կատարեց Անգարայի մէջ, Թիւրքմենիստանի եւ Ատրպէյճանի իր պաշտօնակիցներուն հետ հանդիպումին ընթացքին։
Միւս կողմէ, Չաւուշօղլու յայտնեց, թէ Թուրքիա կը փորձէ Վրաստանը համոզել, որ միանայ «3+3» հարթակին, ակնարկելով Անգարայի առաջադրած շրջանային համագործակցութեան՝ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի, Հայաստանի, Իրանի, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ: